Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 87

Պատանի Յիսուս տաճարին մէջ

Պատանի Յիսուս տաճարին մէջ

ՆԱՅԵՑԷՔ այս ծերերուն հետ խօսող պատանիին։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ տաճարին ուսուցիչներն են, իսկ տղան՝ Յիսուսն է։ Ան բաւական մեծցած է եւ հիմա 12 տարեկան է։

Ուսուցիչները շատ կը զարմանան թէ Յիսուս այսքան բան գիտէ Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մէջ գրուած բաներուն մասին։ Բայց ինչո՞ւ Յովսէփն ու Մարիամը հոս չեն։ Ո՞ւր են անոնք։ Տեսնենք.

Ամէն տարի Յովսէփ իր ընտանիքը Երուսաղէմ կը բերէ Պասէք կոչուած մասնայատուկ տօնակատարութեան համար։ Ասիկա Նազարէթէն Երուսաղէմ երկար ճամբորդութիւն մըն է։ Ոչ մէկը ինքնաշարժ ունի, ոչ ալ շոգեկառքեր կան։ Այն ատեն մարդիկ ինքնաշարժ եւ շոգեկառքեր չունէին։ Մարդոց շատերը կը քալեն եւ մօտաւորապէս երեք օր կ’առնէ մինչեւ Երուսաղէմ հասնին։

Հիմա Յովսէփ մեծ ընտանիքի տէր է։ Ուստի Յիսուսի աւելի պզտիկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգ պէտք է տանին։ Այս տարի Յովսէփ եւ Մարիամ դէպի Նազարէթ վերադարձի երկար ճամբորդութեան ընթացքին իրենց երախաներով զբաղած են։ Անոնք կը խորհին թէ Յիսուս միւս ճամբորդողներուն հետ կը գտնուի։ Բայց օրուան վերջաւորութեան երբ կանգ կ’առնեն, անոնք Յիսուսը չեն գտներ։ Իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն մէջ կը փնտռեն զինք, բայց անոնց հետ ալ չէ։ Ուստի Երուսաղէմ կը վերադառնան, զինք հոն փնտռելու համար։

Վերջապէս անոնք Յիսուսը հոս՝ ուսուցիչներուն հետ կը գտնեն։ Ան մտիկ կ’ընէ եւ հարցումներ կ’ուղղէ անոնց։ Իսկ բոլորը կը զարմանան իր իմաստութեան վրայ։ Բայց Մարիամ կ’ըսէ. ‘Որդի, ինչո՞ւ ասիկա ըրիր մեզի։ Հայրդ եւ ես շատ մտահոգուած քեզ փնտռեցինք’։

‘Ինչո՞ւ զիս փնտռեցիք’, կը հարցնէ Յիսուս։ ‘Չէի՞ք գիտեր թէ ես իմ Հօրս տունը պէտք էր ըլլայի’։

Այո, Յիսուս կը սիրէ գտնուիլ հոն ուր Աստուծոյ մասին կը սորվի։ Մենք ալ այդպէս պէտք չէ՞ զգանք։ Նազարէթ վերադառնալէ ետք, Յիսուս ամէն շաբաթ պաշտամունքի համար ժողովներու կ’երթայ։ Քանի որ միշտ ուշադրութիւն կ’ընծայէր, ան Աստուածաշունչէն շատ բաներ կը սորվէր։ Մենք ալ Յիսուսի նման ըլլանք եւ իր օրինակին հետեւինք։