Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Է

Յիսուսի յարութենէն մինչեւ Պօղոսի բանտարկութիւնը

Յիսուսի յարութենէն մինչեւ Պօղոսի բանտարկութիւնը

Իր մահուան երրորդ օրը, Յիսուս յարուցուեցաւ։ Այդ նոյն օրը, ան իր հետեւորդներուն հինգ տարբեր անգամներ երեւցաւ։ Յիսուս 40 օր շարունակեց անոնց երեւնալ։ Ապա, մինչ իր աշակերտներէն ոմանք զինք կը դիտէին, ան երկինք համբարձաւ։ 10 օր ետք, Աստուած Երուսաղէմի մէջ սպասող Յիսուսի աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափեց։

Հետագային, Աստուծոյ թշնամիները պատճառ եղան որ առաքեալները բանտարկուին, բայց հրեշտակ մը ազատագրեց զանոնք։ Ստեփանոս աշակերտը հակառակորդներու կողմէ քարկոծուելով մահացաւ։ Բայց մենք կը սորվինք թէ Յիսուս ի՛նչպէս այդ հակառակորդներէն մէկը ընտրեց որպէսզի իր մասնաւոր ծառան ըլլայ եւ ան Պօղոս առաքեալը եղաւ։ Յետոյ, Յիսուսի մահէն երեքուկէս տարի ետք, Աստուած Պետրոս առաքեալը ղրկեց որպէսզի քարոզէ Հրեայ չեղող Կոռնելիոսի եւ իր ընտանիքին։

Շուրջ 13 տարի ետք, Պօղոս սկսաւ իր քարոզչական առաջին շրջապտոյտը։ Իր երկրորդ շրջապտոյտին, Տիմոթէոս միացաւ Պօղոսի։ Կը սորվինք թէ Պօղոս եւ իր ճամբորդող ընկերակիցները ի՛նչպէս Աստուծոյ ծառայելով շատ խայտալի պահեր ունեցան։ Վերջապէս, Պօղոս Հռովմի մէջ բանտարկուեցաւ։ Երկու տարի ետք, ան ազատ արձակուեցաւ, բայց յետոյ դարձեալ բանտարկուեցաւ եւ սպաննուեցաւ։ ՄԱՍ Է.–ի դէպքերը 32 տարուայ ժամանակաշրջանի մը մէջ պատահեցան։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 102

Յիսուս կենդանի է

Հրեշտակը քարը Յիսուսի գերեզմանին առջեւէն հանելէն ետք, պահակ կեցող զինուորները գերեզմանէն ներս իրենց տեսածով կ’ապշին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 103

Դուռը կղպուած սենեակի մը մէջ

Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ զինք չեն ճանչնար, իր յարուցանուելէ ետք։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 104

Յիսուս երկինք կը վերադառնայ

Երկինք երթալէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն կու տայ վերջին պատգամը։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 105

Երուսաղէմի մէջ կը սպասեն

Յիսուս ինչո՞ւ Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափեց աշակերտներուն վրայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 106

Բանտէն ազատ արձակուիլ

Հրեայ կրօնական առաջնորդները առաքեալները բանտը կը դնեն, անոնց քարոզչութիւնը կեցնելու համար, բայց Աստուած ուրիշ բան մը ի մտի ունի։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 107

Ստեփանոս կը քարկոծուի

Մինչ Ստեփանոս կը քարկոծուի ան արտակարգ աղօթք մը կը մատուցանէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 108

Դամասկոսի ճամբուն վրայ

Կուրցնող լոյս մը եւ երկինքէն ձայն մը կը փոխեն Սօղոսին կեանքը։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 109

Պետրոս Կոռնելիոսի կ’այցելէ

Արդեօք Աստուած որոշ ցեղ մը կամ ազգ մը ուրիշ ազգերէ աւելի կը նախընտրէ՞։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 110

Տիմոթէոս՝ Պօղոսի նոր օգնականը

Տիմոթէոս իր տունը կը ձգէ քարոզչական հետաքրքրական պտոյտի մը մէջ Պօղոսին միանալու համար։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 111

Երիտասարդ մը քունի կը տարուի

Պօղոսի առաջին դասախօսութեան ընթացքին Եւտիքոս քունի կը տարուի։ Բայց ան Պօղոսի երկրորդ դասախօսութեան արթուն է։ Երկու դասախօսութիւններուն միջեւ հրաշալի բան մը կը պատահի։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 112

Կղզիի մը վրայ նաւաբեկութիւն

Հազիւ թէ ամէն բան կործանելու վրայ է, Պօղոս Աստուծմէ պատգամ մը կը ստանայ որ իրեն յոյս կու տայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 113

Պօղոս Հռովմի մէջ

Պօղոս ինչպէ՞ս կրնայ որպէս առաքեալ իր գործը կատարել մինչ բանտին մէջ է։