Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 105

Երուսաղէմի մէջ կը սպասեն

Երուսաղէմի մէջ կը սպասեն

ՀՈՍ այս մարդիկը Յիսուսի հետեւորդներն են։ Անոնք իրեն հնազանդած եւ Երուսաղէմի մէջ մնացած են։ Մինչ բոլորն ալ միասնաբար կը սպասեն, զօրաւոր հովի նման ձայն մը կը լեցնէ ամբողջ տունը։ Ապա կրակի լեզուներ կը սկսին երեւնալ իւրաքանչիւր աշակերտի գլխուն վրայ։ Կը տեսնէ՞ք այդ կրակը իւրաքանչիւրին վրայ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Ասիկա հրաշք մըն է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Յիսուս երկինք վերադարձած է իր Հօրը քով եւ հիմա Աստուծոյ սուրբ հոգին կը թափէ իր հետեւորդներուն վրայ։ Գիտէ՞ք այս հոգին ինչ ընելու կը մղէ զիրենք։ Բոլորն ալ կը սկսին տարբեր լեզուներ խօսիլ։

Երուսաղէմի մէջ գտնուող շատեր լսելով այս զօրաւոր հովի նման ձայնը, կու գան տեսնելու թէ ի՛նչ կը պատահի։ Հոն գտնուողներէն ոմանք ուրիշ ազգերէ են, որոնք եկած են Իսրայելացիներու Պէնտէկոստէի տօնին համար։ Ի՜նչ զարմանալի անակնկալ մըն է այս այցելուներուն համար։ Անոնք կը լսեն աշակերտները որոնք իրենց լեզուներով կը խօսին Աստուծոյ կատարած սքանչելի բաներուն մասին։

‘Այս մարդիկը Գալիլիայէ են’, կ’ըսեն այցելուները։ ‘Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, ուրեմն, որ անոնք մեր եկած տարբեր երկիրներու լեզուներով կը խօսին’։

Արդ Պետրոս անոնց բացատրելու համար ոտքի կ’ելլէ։ Ան ձայն կը բարձրացնէ եւ ժողովուրդին կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս Յիսուս սպաննուեցաւ եւ Եհովա զայն մեռելներէն յարուց։ ‘Հիմա Յիսուս երկինքն է, Աստուծոյ աջ կողմը’, կ’ըսէ Պետրոս։ ‘Ինքն է որ խոստացեալ սուրբ հոգին թափած է։ Անոր համար է որ դուք այս հրաշքները տեսաք եւ լսեցիք’։

Երբ Պետրոս այս բաները կ’ըսէ, շատեր ցաւ կը զգան Յիսուսի վրայ կատարուած բաներուն համար։ ‘Ի՞նչ պէտք է ընենք’, կը հարցնեն անոնք։ Պետրոս անոնց կ’ըսէ. ‘Ձեր կեանքերը պէտք է փոխէք եւ մկրտուիք’։ Ուստի այդ նոյն օրը շուրջ 3,000 անհատներ կը մկրտուին եւ Յիսուսի հետեւորդներ կ’ըլլան։