Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 104

Յիսուս երկինք կը վերադառնայ

Յիսուս երկինք կը վերադառնայ

ՄԻՆՉ օրերը կ’անցնին, Յիսուս շատ անգամ իր հետեւորդներուն կ’երեւնայ։ Առիթով մը, հինգ հարիւր աշակերտներ կը տեսնեն զինք։ Երբ անոնց կ’երեւնայ, գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչ բանի մասին կը խօսի անոնց։ Աստուծոյ թագաւորութեան մասին։ Եհովա Յիսուսը երկիր ղրկեց որպէսզի Թագաւորութեան մասին սորվեցնէ։ Ան կը շարունակէ ասիկա ընել նոյնիսկ մեռելներէն յարուցուելէն ետք։

Կը յիշէ՞ք ի՛նչ է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Այո, Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ Աստուծոյ իրական կառավարութիւնն է եւ Աստուած Յիսուսը ընտրեց որ անոր թագաւորը ըլլայ։ Ինչպէս սորված ենք, Յիսուս անօթիները կերակրելով, հիւանդները բժշկելով եւ նոյնիսկ մեռելները յարուցանելով ցոյց տուաւ թէ ի՜նչ սքանչելի թագաւոր մը պիտի ըլլայ։

Ուստի, երբ Յիսուս երկնքի մէջ հազար տարի իշխէ որպէս թագաւոր, երկիրը ի՞նչ բանի պիտի նմանի։ Այո, ամբողջ երկիրը գեղեցիկ դրախտի մը պիտի վերածուի։ Այլեւս պատերազմ, կամ ոճիր, կամ հիւանդութիւն եւ նոյնիսկ մահ պիտի չըլլայ։ Գիտենք որ ասիկա ճշմարիտ է, քանի որ Աստուած երկիրը ըրաւ որպէսզի դրախտ մը ըլլայ եւ մարդիկ վայելեն զայն։ Անոր համար է որ ան սկիզբը Եդեմի պարտէզը շինեց։ Իսկ Յիսուս հոգ պիտի տանի որ վերջապէս Աստուծոյ կամքը կատարուի։

Արդ ժամանակը կու գայ որ Յիսուս երկինք վերադառնայ։ Շուրջ 40 օր Յիսուս երեւցաւ իր աշակերտներուն։ Ուստի անոնք վստահ են որ Յիսուս դարձեալ կենդանի է։ Բայց իր աշակերտներէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, ան անոնց կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմ կեցէք մինչեւ որ սուրբ հոգին ստանաք’։ Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժն է, ճիշդ փչող հովի մը նման, որ պիտի օգնէ իր հետեւորդներուն Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Վերջապէս, Յիսուս կ’ըսէ. ‘Իմ մասիս պիտի քարոզէք մինչեւ երկրին հեռաւոր մասերը’։

Այս խօսքերը ըսելէն ետք, զարմանալի բան մը կը պատահի։ Յիսուս կը սկսի երկինք համբառնալ, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Ապա ամպ մը անոնց աչքերէն կը ծածկէ զինք եւ աշակերտները այլեւս չեն տեսներ Յիսուսը։ Յիսուս երկինք կ’երթայ եւ այդտեղէն հոս երկրի վրայ եղող իր աշակերտներուն վրայ կը սկսի իշխել։