Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 109

Պետրոս Կոռնելիոսի կ’այցելէ

Պետրոս Կոռնելիոսի կ’այցելէ

ՀՈՍ կ’այնողը Պետրոս առաքեալն, իսկ իր ետեւը եղողները իր բարեկամներէն ոմանք են։ Բայց ինչո՞ւ այս մարդը Պետրոսի երկրպագութիւն կ’ընէ։ Ան պէ՞տք է խոնարհի։ Գիտէ՞ք ո՛վ է։

Այս մարդը Կոռնելիոսն է։ Ան Հռովմէական բանակի պաշտօնեայ մըն է։ Կոռնելիոս չի ճանչնար Պետրոսը, բայց իրեն ըսուեցաւ որ զինք իր տունը հրաւիրէ։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս պատահեցաւ։

Յիսուսի առաջին հետեւորդները Հրեաներ էին, բայց Կոռնելիոս Հրեայ մը չէ։ Սակայն ան Աստուած կը սիրէ, անոր կ’աղօթէ եւ շատ մը բարիքներ կ’ընէ մարդոց։ Կէսօրէ ետք մը, հրեշտակ մը կ’երեւնայ իրեն եւ կ’ըսէ. ‘Աստուած քեզի կը հաւնի եւ ան քու աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ։ Կարգ մը մարդիկ ղրկէ Պետրոս կոչուող անհատի մը քով։ Ան Յոպպէ կը կենայ Սիմոնի տանը մէջ, որ ծովուն մօտ է’։

Կոռնելիոս անմիջապէս կարգ մը մարդիկ կը ղրկէ որ Պետրոսը փնտռեն։ Յաջորդ օրը, երբ մարդիկը Յոպպէի կը մօտենան, Պետրոս Սիմոնի տանիքը կը գտնուի։ Հոն Աստուած Պետրոսի աչքին կ’երեւցնէ երկինքէն իջնող մեծ սաւան մը, որու մէջ ամէն տեսակ անասուն կայ։ Ըստ Աստուծոյ օրէնքին, այս անասունները ուտուելու անմաքուր էին եւ սակայն ձայն մը կ’ըսէ. ‘Ոտքի՛ ել, Պետրոս։ Սպաննէ եւ կեր’։

‘Ո՛չ’, կը պատասխանէ Պետրոս։ ‘Ես բնաւ անմաքուր բան մը չեմ կերած’։ Բայց ձայնը կ’ըսէ Պետրոսի. ‘Աստուծոյ մաքուր սեպածը անմաքուր մի՛ կոչեր’։ Ասիկա երեք անգամ կը կրկնուի։ Մինչ Պետրոս կը խորհի թէ այս բոլորը ինչ կը նշանակեն, Կոռնելիոսի կողմէ ղրկուած մարդիկը այդ տան կը հասնին եւ Պետրոսը կը հարցնեն։

Պետրոս վար կ’իջնէ եւ կ’ըսէ. ‘Ես եմ այն մարդը որու կը փնտռէք։ Ինչո՞ւ եկած էք’։ Երբ մարդիկը կը բացատրեն թէ հրեշտակ մը Կոռնելիոսի ըսաւ որ Պետրոսը իր տունը հրաւիրէ, Պետրոս կը համաձայնի անոնց հետ երթալ։ Յաջորդ օրը Պետրոս եւ իր բարեկամները Կեսարիոյ մէջ Կոռնելիոսի այցելութեան կ’երթան։

Կոռնելիոս իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները հաւաքած է։ Երբ Պետրոս կու գայ, Կոռնելիոս զինք կը դիմաւորէ։ Ան Պետրոսի ոտքերուն կ’իյնայ եւ երկրպագութիւն կ’ընէ, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Բայց Պետրոս կ’ըսէ. ‘Ոտքի՛ ել. ես ալ պարզ մարդ մըն եմ’։ Այո, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ շիտակ չէ մարդու մը երկրպագութիւն ընել եւ զայն պաշտել։ Միայն Եհովան պէտք է պաշտենք։

Արդ Պետրոս կը քարոզէ հոն հաւաքուած մարդոց։ ‘Կը տեսնեմ թէ Աստուած կ’ընդունի բոլոր մարդիկը որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել’, կ’ըսէ Պետրոս։ Իսկ մինչ ան կը խօսի, Աստուած իր սուրբ հոգին կը ղրկէ եւ հոն գտնուողները կը սկսին տարբեր լեզուներ խօսիլ։ Ասիկա կ’ապշեցնէ Պետրոսի հետ եկած Հրեայ աշակերտները, քանի որ անոնք կը խորհէին թէ Աստուած միմիայն Հրեաներուն կը հաճի։ Ուստի ասիկա իրենց կը սորվեցնէ թէ Աստուած որեւէ մէկ ցեղի պատկանող ժողովուրդը միւսներէն աւելի լաւ կամ աւելի կարեւոր չի նկատեր։ Լաւ է ասիկա միշտ յիշել։