Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 113

Պօղոս Հռովմի մէջ

Պօղոս Հռովմի մէջ

ՆԱՅԵՑԷՔ Պօղոսի շղթաներուն եւ զինք պահող Հռովմէացի զինուորին։ Պօղոս Հռովմի մէջ բանտարկեալ մըն է։ Ան կը սպասէ որ Հռովմի Կայսրը որոշէ իր վիճակը։ Պօղոս բանտ գտնուած ատեն, մարդիկ զինք այցելելու արտօնութիւն ունին։

Հռովմ հասնելէ երեք օր ետք, Պօղոս լուր կը ղրկէ կարգ մը Հրեայ առաջնորդներուն որպէսզի գան եւ զինք տեսնեն։ Որպէս արդիւնք, Հռովմի մէջ գտնուող շատ մը Հրեաներ կու գան։ Պօղոս անոնց կը քարոզէ Յիսուսի եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մասին։ Ոմանք կը հաւատան եւ Քրիստոնեաներ կ’ըլլան, բայց ուրիշներ չեն հաւատար։

Պօղոս նաեւ կը քարոզէ իրեն պահակութիւն ընող տարբեր զինուորներուն։ Երկու տարի որ հոն բանտարկուած կը մնայ, Պօղոս որու որ կարենայ կը քարոզէ։ Որպէս արդիւնք, նոյնիսկ Կայսրին տունէն եղողներ կը լսեն Թագաւորութեան բարի լուրը եւ անոնցմէ ոմանք Քրիստոնեաներ կ’ըլլան։

Բայց այս գրող այցելուն ո՞վ է։ Կռահեցի՞ք արդեօք։ Այո, ան Տիմոթէոսն է։ Տիմոթէոսն ալ բանտարկուած էր Թագաւորութեան մասին քարոզելուն պատճառաւ, բայց դարձեալ ազատ կ’արձակուի։ Ան հոս եկած է որպէսզի Պօղոսին օգնէ։ Գիտէ՞ք Տիմոթէոս ինչ կը գրէ։ Տեսնենք։

110–րդ Պատմութեան մէջ կը յիշէ՞ք Փիլիպպէ եւ Եփեսոս քաղաքները։ Պօղոս այս քաղաքներուն մէջ Քրիստոնէական ժողովքներ հաստատուելուն օգնեց։ Հիմա որ ան բանտ կը գտնուի, Պօղոս այդ Քրիստոնեաներուն նամակներ կը գրէ։ Նամակները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ եւ կը կոչուին Եփեսացիս եւ Փիլիպպեցիս։ Պօղոս հոս Տիմոթէոսին կ’ըսէ թէ ի՛նչ գրէ Փիլիպպէի մէջ գտնուող իրենց Քրիստոնեայ ընկերներուն։

Փիլիպպեցիները շատ ազնուութեամբ վարուած են Պօղոսի հետ։ Անոնք բանտ իրեն նուէր մը ղրկեցին, ուստի Պօղոս շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց։ Եպափրոդիտոսն է անոնց նուէրը բերողը։ Բայց ան ծանրօրէն կը հիւանդանայ եւ գրեթէ մահուան աստիճան կը հասնի։ Արդ դարձեալ կ’առողջանայ եւ տուն երթալու կը պատրաստուի։ Ան Պօղոսի եւ Տիմոթէոսի այս նամակը իրեն հետ պիտի տանի երբ Փիլիպպոս վերադառնայ։

Բանտ գտնուած ատեն, Պօղոս երկու ուրիշ նամակներ ալ կը գրէ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուին։ Անոնցմէ մէկը Կողոսայ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն կ’ուղղուի։ Գիտէ՞ք անիկա ինչպէս կը կոչուի՝ Կողոսացիս։ Իսկ երկրորդը՝ անձնական նամակ մըն է իր մտերիմ բարեկամին՝ Փիլիմոնի որ նաեւ Կողոսայի մէջ կը բնակի։ Նամակը Փիլիմոնի ծառային՝ Ոնեսիմոսին մասին է։

Ոնեսիմոս Փիլիմոնի քովէն փախաւ եւ Հռովմ եկաւ։ Կերպով մը ան գիտցաւ Պօղոսի բանտարկուելուն մասին։ Ան իրեն այցելելու եկաւ եւ Պօղոս Ոնեսիմոսի քարոզեց։ Շուտով Ոնեսիմոս ալ Քրիստոնեայ մը եղաւ։ Արդ Ոնեսիմոս ցաւ կը զգայ իր փախուստին համար։ Ուստի գիտէ՞ք թէ Պօղոս ինչ կը գրէ Փիլիմոնին ուղղած իր նամակին մէջ։

Պօղոս Փիլիմոնէ կը խնդրէ որ ներէ Ոնեսիմոսի։ ‘Զինք դարձեալ քեզի կը ղրկեմ’, կը գրէ Պօղոս։ ‘Բայց հիմա անիկա միայն քու ծառադ չէ, այլ լաւ Քրիստոնեայ եղբայր մըն ալ է’։ Երբ Ոնեսիմոս կը վերադառնայ Կողոսայ, ան իրեն հետ կը տանի այս երկու նամակները, մէկը՝ Կողոսացիներուն, իսկ միւսը՝ Փիլիմոնի։ Կրնանք երեւակայել թէ Փիլիմոն որքա՜ն կ’ուրախանայ երբ կը գիտնայ թէ իր ծառան Քրիստոնեայ մը եղած է։

Երբ Պօղոս Փիլիպպեցիներուն եւ Փիլիմոնի կը գրէ, անոնց կարգ մը բարի լուրեր կու տայ։ ‘Ես ձեզի Տիմոթէոսը կը ղրկեմ’, կ’ըսէ Պօղոս Փիլիպպեցիներուն։ ‘Բայց ես ալ մօտ ատենէն ձեզի պիտի այցելեմ’։ Իսկ Փիլիմոնի կը գրէ. ‘Ինծի տեղ մը պատրաստէ որպէսզի հոն մնամ’։

Երբ Պօղոս ազատ կ’արձակուի, ան շատ մը վայրերու մէջ գտնուող իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն կ’այցելէ։ Բայց հետագային Պօղոս դարձեալ Հռովմի մէջ կը բանտարկուի։ Այս անգամ գիտէ թէ պիտի սպաննուի։ Ուստի Տիմոթէոսի կը գրէ եւ իրմէ կը խնդրէ որ շուտով իրեն գայ։ ‘Ես Աստուծոյ հաւատարիմ մնացի’, կը գրէ Պօղոս, ‘եւ Աստուած պիտի վարձատրէ զիս’։ Մի քանի տարի ետք Պօղոս մահուան կը դատապարտուի. Երուսաղէմ դարձեալ կը կործանի, այս անգամ Հռովմէացիներուն կողմէ։

Բայց Աստուածաշունչին մէջ տակաւին ուրիշ շատ բաներ կան։ Եհովա Աստուած Յովհաննէս առաքեալին գրել կու տայ Սուրբ Գրոց վերջին գիրքերը, մէջը ըլլալով Յայտնութիւն գիրքը։ Աստուածաշունչի այս գիրքը ապագային մասին կը խօսի։ Ուստի հիմա սորվինք թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ մեզի։