Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 110

Տիմոթէոս՝ Պօղոսի նոր օգնականը

Տիմոթէոս՝ Պօղոսի նոր օգնականը

ՊՕՂՈՍ առաքեալին հետ եղող այս երիտասարդը Տիմոթէոսն է։ Տիմոթէոս Լիւստրայի մէջ իր ընտանիքին հետ կը բնակի, իր մօր անունը Եւնիկէ է, իսկ իր մեծ մօր անունը՝ Լաւոդիա։

Երրորդ անգամն է որ Պօղոս Լիւստրա այցելած է։ Շուրջ տարի մը առաջ, Պօղոս եւ Բառնաբաս առաջին անգամ ըլլալով հոս եկան քարոզչական շրջապտոյտ մը կատարելու համար։ Արդ Պօղոս իր ընկերոջը՝ Շիղայի հետ դարձեալ եկած է։

Գիտէ՞ք Պօղոս ինչ կ’ըսէ Տիմոթէոսի. ‘Կ’ուզե՞ս Շիղայի եւ ինծի ընկերակցիլ’, կը հարցնէ ան։ ‘Հեռաւոր տեղեր մարդոց քարոզելու մէջ կրնաս մեզի օգնել’։

‘Այո’, կը պատասխանէ Տիմոթէոս, ‘կ’ուզեմ ձեզի հետ գալ’։ Անմիջապէս ետք Տիմոթէոս կը ձգէ իր ընտանիքը եւ Պօղոսի եւ Շիղայի հետ կ’երթայ։ Բայց իրենց շրջապտոյտին մասին սորվելէ առաջ, տեսնենք թէ ի՛նչ կը պատահի Պօղոսի։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուսի երեւնալէն շուրջ 17 տարի անցած է։

Յիշեցէք որ Պօղոս Դամասկոս եկաւ Յիսուսի աշակերտները հալածելու համար, բայց հիմա ան աշակերտ մըն էր։ Հետագային կարգ մը թշնամիներ կը ծրագրեն Պօղոսը սպաննել, քանի որ անոնք չեն ախորժիր Յիսուսի մասին անոր ուսուցումէն։ Բայց աշակերտները կ’օգնեն Պօղոսի որ ան փախչի։ Անոնք զինք կողովի մը մէջ կը դնեն եւ քաղաքին պարիսպէն վար կ’իջեցնեն։

Անկէ ետք Պօղոս Անտիոք կ’երթայ քարոզելու համար։ Հոն՝ Յիսուսի աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով Քրիստոնեաներ կը կոչուին։ Ապա Պօղոս եւ Բառնաբաս Անտիոքէն կը ղրկուին հեռաւոր քաղաքներ քարոզչական շրջապտոյտ մը կատարելու։ Անոնց այցելած քաղաքներէն մէկն է Լիւստրա, Տիմոթէոսի տունը։

Հիմա շուրջ տարի մը ետք, Պօղոս Լիւստրա կը վերադառնայ իր երկրորդ շրջապտոյտով։ Երբ Տիմոթէոս Պօղոսի եւ Շիղայի հետ կը մեկնի, գիտէ՞ք անոնք ուր կ’երթան։ Նայեցէք քարտէսին եւ այդ վայրերէն քանի մը հատը սորվինք։

Նախ, անոնք կ’երթան մօտակայքը գտնուող Իկոնիոն քաղաքը, ապա երկ­րորդ քաղաք մը, որ Անտիոք կը կոչուի։ Ապա անոնք կը ճամբորդեն դէպի Տրովադա, յետոյ դէպի Փիլիպպէ, Թեսաղոնիկէ եւ Բերիա։ Քարտէսին վրայ կը տեսնէ՞ք Աթէնքը։ Պօղոս կը քարոզէ հոն։ Ապա անոնք մէկուկէս տարի Կորնթոսի մէջ կը քարոզեն։ Վերջապէս կարճ դադար մը կ’ընեն՝ Եփեսոս։ Յետոյ նաւով կը վերադառնան Կեսարիա եւ կը ճամբորդեն մինչեւ Անտիոք, ուր Պօղոս կը մնայ։

Ուստի Տիմոթէոս հարիւրաւոր քիլոմեթր կը ճամբորդէ Պօղոսի օգնելով «բարի լուրը» քարոզելու եւ շատ մը Քրիստոնէական ժողովքներ հաստատելու։ Դուք ալ երբ մեծնաք, Տիմոթէոսի նման Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը պիտի ըլլա՞ք։