Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 107

Ստեփանոս կը քարկոծուի

Ստեփանոս կը քարկոծուի

ԾՆՐԱԴՐՈՂ մարդը Ստեփանոսն է։ Ան Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտ մըն է։ Բայց նայեցէք թէ ի՛նչ կը պատահի իրեն։ Այս մարդիկը մեծ քարեր կը նետեն իր վրայ։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան կ’ատեն Ստեփանոսը որ այս ահռելի բանը կ’ընեն։ Տեսնենք.

Աստուած Ստեփանոսին կ’օգնէր որպէսզի սքանչելի հրաշքներ ընէ։ Այս մարդիկը չեն ախորժիր ասկէ։ Ուստի անոնք իրեն հետ կը պատճառաբանեն թէ ան մարդոց ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ։ Բայց Աստուած Ստեփանոսի մեծ իմաստութիւն կու տայ, իսկ Ստեփանոս ցոյց կու տայ թէ իրե՛նք սխալ բաներ կը սորվեցնեն։ Ասիկա զիրենք աւելի կը զայրացնէ։ Ուստի զինք կը ձերբակալեն եւ մարդիկ կը կանչեն որպէսզի իր մասին սուտեր խօսին։

Քահանայապետը Ստեփանոսին կը հարցնէ. ‘Այս բաները ճի՞շդ են’։ Ստեփանոս կը պատասխանէ Աստուածաշունչէն գեղեցիկ դասախօսութիւն մը տալով։ Իր դասախօսութեան վերջաւորութեան, ան կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս չար մարդիկ Եհովայի մարգարէները հինէն ի վեր ատեցին։ Ապա ան կ’ըսէ. ‘Դուք ալ այդ մարդոց նման էք։ Դուք Աստուծոյ ծառան՝ Յիսուսը սպաննեցիք եւ Աստուծոյ օրէնքներուն չհնազանդեցաք’։

Ասիկա մեծապէս կը զայրացնէ կրօնական առաջնորդները։ Անոնք իրենց ակռաները կը կճրտեն բարկութեամբ։ Բայց երբ Ստեփանոս իր գլուխը կը բարձրացնէ եւ կ’ըսէ. ‘Ահաւասիկ, Յիսուսը կը տեսնեմ երկնքի մէջ Աստուծոյ աջ կողմը նստած’, այս մարդիկը իրենց ձեռքերով իրենց ականջները կը գոցեն եւ Ստեփանոսի վրայ կը յարձակին։ Կը բռնեն զինք եւ քաղաքէն դուրս կը քաշքշեն։

Հոն անոնք իրենց վերարկուները հանելով կու տան երիտասարդ Սօղոսի որ անոնց հսկէ։ Կը տեսնէ՞ք Սօղոսը։ Ապա կարգ մը մարդիկ կը սկսին քարկոծել Ստեփանոսը։ Ստեփանոս ծունկի կու գայ, ինչպէս կը տեսնէք, ու Աստուծոյ կ’աղօթէ. ‘Եհովա, զիրենք մի՛ պատժեր այս չար արարքին համար’։ Ան գիտէ թէ այդ մարդոցմէ ոմանք խաբուած են կրօնական առաջնորդներու կողմէ։ Ասկէ ետք Ստեփանոս կը մահանայ։

Երբ անհատ մը ձեզի չարիք մը ընէ, կը փորձէ՞ք այդ չարիքը փոխադարձել, թէ ոչ Աստուծմէ կը խնդրէք որ զինք պատժէ։ Ստեփանոս կամ Յիսուս այդպէս չըրին։ Անոնք ազնուութեամբ վարուեցան նոյնիսկ անոնց հանդէպ, որոնք իրենց հետ ազնիւ չէին։ Թող որ մենք ալ ընդօրինակենք զիրենք։