Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 115

Երկրի վրայ նոր դրախտ մը

Երկրի վրայ նոր դրախտ մը

ՆԱՅԵՑԷՔ այս բարձր ծառերուն, գեղեցիկ ծաղիկներուն եւ հսկայ լեռներուն։ Գեղեցիկ չէ՞ տեսարանը։ Նայեցէք եղնիկը ի՛նչպէս երախայի մը ձեռքէն կ’ուտէ։ Նայեցէք նաեւ այն առիւծներուն եւ ձիերուն որոնք արօտավայրերուն մէջ են։ Պիտի չուզէի՞ք այսպիսի վայրի մը մէջ տուն մը ունենալ։

Աստուած կ’ուզէ որ դուք յաւիտեան ապրիք դրախտի մը մէջ։ Ան չուզեր որ հիմա մարդոց ունեցած բոլոր ցաւերը եւ տառապանքները ունենաք։ Աստուածաշունչը հետեւեալը կը խոստանայ բոլոր անոնց որոնք նոր դրախտին մէջ պիտի ապրին. ‘Աստուած անոնց հետ պիտի ըլլայ։ Այլեւս մահ կամ աղաղակ կամ ցաւ պիտի չըլլայ։ Հին բաները անցած են’։

Յիսուս հոգ պիտի տանի որ այս հոյակապ փոփոխութիւնը տեղի ունենայ։ Գիտէ՞ք երբ։ Այո, երկիրը բոլոր չարութենէ եւ չար մարդոցմէ մաքրելէ ետք։ Յիշեցէք որ երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան ամէն տեսակ հիւանդութիւն բժշկեց եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուց։ Յիսուս ասիկա ըրաւ ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ պիտի ընէր ամբողջ երկրին վրայ երբ իշխէր որպէս Աստուծոյ թագաւորութեան Թագաւորը։

Խորհեցէք որ ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ երկրի վրայ այդ նոր դրախտին մէջ գտնուիլ։ Յիսուս, իր ընտրած կարգ մը անհատներուն հետ, երկնքէն պիտի իշխէ։ Այս իշխողները հոգ պիտի տանին երկրի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր անհատին, որպէսզի անոնք ուրախ ըլլան։ Տեսնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք վստահ ըլլալու համար որ Աստուած մեզի իր նոր դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք տայ։