ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 116
Ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտեան ապրիլ
ԿՐՆԱ՞Ք ըսել թէ այս աղջնակը եւ իր ընկերները ինչ կը կարդան։ Այո, անոնք կը կարդան ձեր ձեռքը եղած Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը։ Անոնք կը կարդան ճիշդ այն պատմութիւնը որ հիմա դուք կը կարդաք՝ «Ինչպէ՛ս Կրնանք Յաւիտեան Ապրիլ»։
Գիտէ՞ք անոնք ինչ կը սորվին։ Նախ, կը սորվին որ յաւիտեան ապրելու համար պէտք է գիտնանք Եհովայի եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուսի մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Ասիկա է յաւիտեան ապրելու կերպը։ Սորվիլ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ եւ երկիր ղրկած իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին’։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուսի մասին սորվիլ։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է կարդալ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը, սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Անիկա շատ կը խօսի Եհովայի եւ Յիսուսի մասին, այդպէս չէ՞։ Նաեւ շատ բաներ կ’ըսէ անոնց ըրած եւ տակաւին ընելիք արարքներուն մասին։ Բայց միայն այս գիրքը կարդալէն աւելին պէտք է ընենք։
Կը տեսնէ՞ք գետինը եղող միւս գիրքը։ Անիկա Աստուածաշունչն է։ Մէկէ մը խնդրեցէք որ Աստուածաշունչէն ձեզի կարդայ այն մասերը որոնց վրայ կը հիմնուին այս գրքին պատմութիւնները։ Աստուածաշունչը մեզի կու տայ պէտք եղած լման տեղեկութիւնները որպէսզի բոլորս ալ շիտակ կերպով Եհովայի ծառայենք եւ յաւիտենական կեանք ունենանք։ Ուստի Աստուածաշունչը յաճախ ուսումնասիրելը սովորութիւն մը պէտք է ընենք։
Բայց Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվիլը բաւարար չէ։ Կրնանք անոնց մասին եւ անոնց ուսուցումներուն մասին շատ գիտութիւն ունենալ եւ սակայն յաւիտենական կեանք չունենալ։ Գիտէ՞ք ուրիշ ինչ պէտք է ընենք։
Մեր սորված բաներուն համաձայն պէտք է ապրինք։ Կը յիշէ՞ք Իսկարիովտացի Յուդան։ Ան Յիսուսի ընտրած 12 առաքեալներէն մէկն էր։ Յուդան շատ գիտութիւն ունէր Եհովայի եւ Յիսուսի մասին։ Բայց ի՞նչ պատահեցաւ իրեն։ Քիչ մը ետք ան անձնասէր դարձաւ եւ 30 կտոր արծաթի փոխարէն Յիսուսը մատնեց։ Ուստի Յուդան յաւիտենական կեանք պիտի չստանայ։
Կը յիշէ՞ք Գէեզին, այն մարդը որուն մասին սորվեցանք 69–րդ Պատմութեան մէջ։ Ան ուզեց իրեն չպատկանած կարգ մը հանդերձներ եւ դրամ ստանալ։ Ուստի սուտ խօսեցաւ այդ բաները ստանալու համար։ Բայց Եհովա պատժեց զինք։ Ան մեզի ալ պիտի պատժէ եթէ իր օրէնքներուն չհնազանդինք։
Բայց կան շատ մը բարի մարդիկ որոնք միշտ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայեցին։ Կ’ուզենք անոնց նմանիլ, այդպէս չէ՞։ Պզտիկ Սամուէլը լաւ օրինակ մըն է մեզի համար։ Յիշեցէք նաեւ որ, ինչպէս 55–րդ Պատմութեան մէջ տեսանք, ան միայն չորս կամ հինգ տարեկան էր երբ սկսաւ Եհովայի ծառայել իր տաղաւարին մէջ։ Ուստի հոգ չէ թէ որքան պզտիկ ըլլաք, դուք Եհովայի ծառայելու համար շատ պզտիկ չէք։
Անշուշտ, Յիսուսն է այն անհատը որու բոլորս ալ կ’ուզենք հետեւիլ։ Նոյնիսկ երբ պատանի մըն էր, ինչպէս տեսանք 87–րդ Պատմութեան մէջ, ան տաճարին մէջ ուրիշներուն կը խօսէր իր երկնաւոր Հօր մասին։ Ուրեմն իր օրինակին հետեւինք։ Թող որ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց խօսինք մեր հոյակապ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Եթէ այս բաները ընենք, այն ատեն պիտի կարենանք յաւիտեան ապրիլ Աստուծոյ երկրային նոր դրախտին մէջ։