Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ

Այս տեղեկութիւնը քեզի կ’օգնէ որ կերպը գիտնաս։

ԴԱՍ 1

Աստուած կը հրաւիրէ ձեզ որ իր բարեկամը ըլլաք

Աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ կրցած են Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Դո՛ւն ալ կրնաս։

ԴԱՍ 2

Աստուած լաւագոյն Բարեկամն է զոր կրնաք ունենալ

Ան քեզի պիտի օգնէ որ երջանիկ ու ապահով ըլլաս։

ԴԱՍ 3

Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք

Այսպէս կրնաք գիտնալ թէ ինք ի՛նչը կը սիրէ եւ ի՛նչը կ’ատէ։

ԴԱՍ 4

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մասին սորվիլ

Ան մեզի յայտնած է, թէ ի՛նչ ըրած է անցեալին, ի՛նչ կ’ընէ հիմա եւ ի՛նչ պիտի ընէ ապագային։

ԴԱՍ 5

Աստուծոյ բարեկամները դրախտին մէջ պիտի ապրին

Դրախտը պիտի չնմանի հիմակուան աշխարհին։ Անիկա ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։

ԴԱՍ 6

Դրախտը՝ մօտ է

Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։

ԴԱՍ 7

Անցեալէն ազդարարութիւն մը

Աստուածաշունչի մէջ գրուած Նոյի պատմութիւնը ի՞նչ իմաստ ունի մեզի համար այսօր։

ԴԱՍ 8

Որո՞նք են Աստուծոյ թշնամիները

Կրնա՛ս գիտնալ թէ որոնք են անոնք ու չխափուիլ անոնցմէ։

ԴԱՍ 9

Որո՞նք են Աստուծոյ բարեկամները

Եւ ի՞նչ կ’ուզեն որ մարդիկ գիտնան Եհովային մասին։

ԴԱՍ 10

Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Մի քանի բաներ կան, որ կրնան քեզի օգնել որ զայն գտնես։

ԴԱՍ 11

Սուտ կրօնքը մերժեցէ՛ք

Ինչպէ՞ս կրնաս բնորոշել սուտ կրօնքը։ Ինչո՞ւ արդքան վատ է։

ԴԱՍ 12

Մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի

Աստուածաշունչը ամէն կասկած մեր մտքէն կը վերցնէ։

ԴԱՍ 13

Հմայութիւնը եւ կախարդութիւնը գէշ բաներ են

Աստուած ինչո՞ւ զանոնք կը դատապարտէ։

ԴԱՍ 14

Աստուծոյ բարեկամները չար բաներէն կը զգուշանան

Ի՞նչ են այն կարգ մը բաները, որոնք Աստուած կ’ատէ։

ԴԱՍ 15

Աստուծոյ բարեկամները բարի բաներ կ’ընեն

Ի՞նչ են այն կարգ մը բարի բաները որ կրնանք ընել՝ Աստուծոյ բարեկամները ըլլալու համար։

ԴԱՍ 16

Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը ցոյց տուէք

Բարեկամ մը պահելու համար, պէտք է հետը խօսիս, իրենց մտիկ ընես եւ ուրիշներուն լաւ բաներ խօսիս իր մասին։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հետ բարեկամ ըլլալուն։

ԴԱՍ 17

Բարեկամ մը պահելու համար՝ դուք բարեկամ մը պէտք է ըլլաք

Ո՛րքան աւելի սորվիս Աստուծոյ մասին, ա՛յնքան աւելի պիտի սիրես զինք։

ԴԱՍ 18

Յաւիտեա՛ն Աստուծոյ բարեկամը եղէք

Յաւիտենական կեանքը թանկագին նուէր է, որ Աստուած պիտի տայ իր բարեկամներուն։