ԴԱՍ 7
Անցեալէն ազդարարութիւն մը
Եհովա թոյլ պիտի չտայ որ չարերը Դրախտը աւերեն։ Միայն իր բարեկամները պիտի ապրին հոն։ Չարերուն ի՞նչ պիտի պատահի։ Պատասխանը գիտնալու համար, Նոյի իրական պատմութիւնը նկատի առէք։ Նոյ հազարաւոր տարիներ առաջ ապրած է։ Ան բարի մարդ մըն էր եւ Եհովայի կամքը կատարելու համար միշտ ջանք կը թափէր։ Բայց երկրի վրայ մնացեալ մարդիկը չարութիւն կ’ընէին։ Ուստի, Եհովա Նոյի ըսաւ որ Ինք ջրհեղեղ մը պիտի բերէր, այդ բոլոր չարերը բնաջնջելու համար։ Ան Նոյի ըսաւ որ տապան մը շինէ, որպէսզի ինք ու իր ընտանիքը չմեռնին, երբ Ջրհեղեղը գայ։—Ծննդոց 6։9-18
Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանը շինեցին։ Նոյ մարդիկը զգուշացուց որ Ջրհեղեղ պիտի գար, բայց անոնք մտիկ չըրին իրեն։ Անոնք շարունակեցին իրենց չարութիւնը։ Տապանը վերջանալէն ետք, Նոյ անասունները տապանը մտցուց եւ ինք ու իր ընտանիքն ալ ներս մտան։ Ապա Եհովա մեծ փոթորիկ մը բերաւ։ 40 օր ու 40 գիշեր անձրեւ տեղաց։ Ջուրը ամբողջ երկիրը ողողեց։—Ծննդոց 7։7-12
Ծննդոց 7։22, 23) Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մօտ ատենէն Եհովա դարձեալ պիտի կործանէ անոնք որոնք չեն ուզեր շիտակը ընել։ Բարի մարդիկ պիտի չկործանին։ Անոնք յաւիտեան պիտի ապրին Դրախտ երկրին վրայ։—Բ. Պետրոս 2։5, 6, 9
Չարերը իրենց կեանքը կորսնցուցին, բայց Նոյ եւ իր ընտանիքը փրկուեցան։ Եհովա զիրենք Ջրհեղեղէն ազատելով չարութենէ մաքրուած երկիր մը բերաւ։ (Ներկայիս շատեր չար բաներ կ’ընեն։ Աշխարհը խնդիրներով լեցուն է։ Եհովա իր Վկաները կրկին ու կրկին կը ղրկէ, որպէսզի մարդիկը ազդարարեն. բայց շատեր չեն ուզեր Եհովայի խօսքերը մտիկ ընել։ Անոնք չեն ուզեր իրենց կեանքը փոխել։ Անոնք չեն ուզեր ընդունիլ ինչ որ Աստուած կ’ըսէ շիտակի ու սխալի մասին։ Ի՞նչ պիտի պատահի այսպիսի մարդոց։ Արդեօք օր մը պիտի փոխուի՞ն։ Շատեր բնաւ պիտի չփոխուին։ Ժամանակը կու գայ, երբ չարերը պիտի բնաջնջուին եւ երբե՛ք պիտի չապրին։—Սաղմոս 92։7
Երկիրը պիտի չկործանի. անիկա դրախտի պիտի վերածուի։ Անոնք որոնք Աստուծոյ բարեկամները կ’ըլլան՝ Դրախտ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։—Սաղմոս 37։29