ԴԱՍ 5
Աստուծոյ բարեկամները դրախտին մէջ պիտի ապրին
Դրախտը հիմա մեր ապրած աշխարհին նման պիտի չըլլայ։ Աստուած բնաւ չուզեց որ երկիրը նեղութիւնով, վշտով, ցաւով եւ տառապանքով լեցուած ըլլար։ Ապագային, Աստուած երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Դրախտը ի՞նչպիսի վայր մը պիտի ըլլայ։ Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ.
Բարի մարդիկ։ Դրախտը Աստուծոյ բարեկամներուն բնակարանը պիտի ըլլայ։ Անոնք իրարու բարիք պիտի ընեն։ Անոնք Աստուծոյ արդար ճամբաներուն համաձայն պիտի ապրին։—Առակաց 2։21
Առատ ուտելիք։ Դրախտին մէջ անօթութիւն պիտի չըլլայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ցորենի [կամ՝ ուտելիքի] առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ»։—Սաղմոս 72։16
Գեղեցիկ տուներ եւ հաճելի գործ։ Դրախտ երկրին մէջ, ամէն ընտանիք իր անձնական տունը պիտի ունենայ։ Ամէն մարդ իսկական ուրախութիւն բերող գործ մը պիտի ընէ։—Եսայեայ 65։21-23
Երկրածաւալ խաղաղութիւն։ Այլեւս մարդիկ պատերազմի մէջ կռուելով պիտի չմեռնին։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «[Աստուած] պատերազմները կը դադրեցնէ»։—Լաւ առողջութիւն։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «[Դրախտին մէջ] բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Նաեւ, կաղ, կոյր, խուլ կամ համր պիտի չըլլայ։—Եսայեայ 35։5, 6
Ցաւ, վիշտ եւ մահ պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4
Չարերը գացած պիտի ըլլան։ Եհովա կը խոստանայ. «Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։—Առակաց 2։22
Մարդիկ զիրար պիտի սիրեն ու յարգեն։ Այլեւս անիրաւութիւն, հարստահարութիւն, ագահութիւն եւ ատելութիւն պիտի չըլլայ։ Մարդիկ միացած պիտի ըլլան եւ Աստուծոյ արդար ճամբաներուն համաձայն պիտի ապրին։—Եսայեայ 26։9