Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 3

Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք

Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք

Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է իր մասին սորվիք։ Ձեր բարեկամները ձեր անունը գիտեն ու զայն կը գործածե՞ն։ Անշուշտ։ Աստուած կ’ուզէ որ իր անունը գիտնաք ու զայն գործածէք։ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ (Սաղմոս 83։18. Մատթէոս 6։9) Պէտք է նաեւ սորվիք ինչ որ ան կը սիրէ ու չի սիրեր։ Պէտք է գիտնաք թէ որո՛նք են իր բարեկամները եւ որոնք են իր թշնամիները։ Ժամանակ կ’առնէ, մինչեւ որ մէկը ճանչնանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ իմաստութիւն է ժամանակ տրամադրել, Եհովան ճանչնալու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16

Աստուծոյ բարեկամները կ’ընեն ինչ որ իրեն հաճելի է։ Ձեր բարեկամներուն մասին խորհեցէք։ Եթէ դուք անոնց հետ լաւ չվարուիք եւ անոնց ատած բաները ընէք, անոնք պիտի շարունակե՞ն ձեր բարեկամները մնալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնպէս ալ, եթէ կ’ուզէք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է ընէք ինչ որ իրեն հաճելի է։—Յովհաննու 4։24

Բոլոր կրօնքները Աստուծոյ հետ բարեկամանալու չեն առաջնորդեր։ Յիսուս՝ որ Աստուծոյ ամենամտերիմ բարեկամն է, երկու ճամբու մասին խօսեցաւ։ Մէկ ճամբան լայն է եւ անոր մէջ շատ մարդ կայ։ Բայց այս ճամբան կորուստի կ’առաջնորդէ։ Միւս ճամբան նեղ է եւ անոր մէջ քիչ մարդիկ կը քալեն։ Բայց անիկա յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ եթէ կը փափաքիք Աստուծոյ հետ բարեկամ ըլլալ, զինք պաշտելու շիտակ կերպը պէտք է սորվիք։—Մատթէոս 7։13, 14