Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 17

Բարեկամ մը պահելու համար՝ դուք բարեկամ մը պէտք է ըլլաք

Բարեկամ մը պահելու համար՝ դուք բարեկամ մը պէտք է ըլլաք

Բարեկամութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Որքան շատ բան սորվիք Եհովայի մասին, իրեն հանդէպ ձեր սէրը այդքան պիտի մեծնայ։ Մինչ Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը կ’աճի, իրեն ծառայելու ձեր փափաքն ալ պիտի աճի։ Ասիկա ձեզ պիտի մղէ որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ մը ըլլաք։ (Մատթէոս 28։19) Եհովայի Վկաներու ուրախ ընտանիքին միանալով, կրնաք յաւիտեան վայելել Աստուծոյ բարեկամութիւնը։ Ի՞նչ պէտք է ընէք։

Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը ցոյց պէտք է տաք, իր օրէնքներուն հնազանդելով։ «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։—Ա. Յովհաննու 5։3

Ձեր սորվածը գործադրեցէք։ Յիսուս պատմութիւն մը պատմեց, որ ասիկա ցոյց կու տայ։ Խելացի մարդ մը իր տունը ապառաժի վրայ շինեց։ Իսկ յիմար մարդ մը իր տունը աւազի վրայ շինեց։ Երբ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, ապառաժի վրայ շինուած տունը չփլաւ, բայց աւազի վրայ շինուած տունը քարուքանդ եղաւ։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք որ իր ուսուցումները կը լսեն ու կը կատարեն, խելացի մարդուն կը նմանին, որ ապառաժին վրայ շինեց։ Բայց անոնք որ իր ուսուցումները կը լսեն ու չեն կատարեր, յիմար մարդուն կը նմանին որ աւազին վրայ շինեց։ Ո՞ր մարդուն կ’ուզէք նմանիլ։—Մատթէոս 7։24-27

Նուիրում։ Ասիկա կը նշանակէ որ Եհովայի կը մօտենաք աղօթքով եւ իրեն կ’ըսէք որ կ’ուզէք յաւիտեան իր կամքը կատարել։ Աստուծոյ կամքը ընելը ցոյց կու տայ որ դուք Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ մըն էք։—Մատթէոս 11։29

Մկրտութիւն։ «Ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ անոր անունը կանչելով»։—Գործք 22։16

Աստուծոյ ծառայութեան մէջ բոլորանուէր եղէք։ «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։—Կողոսացիս 3։23