Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 6

Դրախտը՝ մօտ է

Դրախտը՝ մօտ է

Ներկայիս երկրի վրայ պատահած գէշ բաները ցոյց կու տան որ Դրախտը մօտ է։ Աստուածաշունչը ըսած է որ Դրախտը հաստատուելէն առաջ սարսափելի բաներ պիտի տեսնենք։ Հի՛մա այդ օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Ահաւասիկ կարգ մը բաներ, որոնք պիտի պատահէին ըստ Աստուածաշունչին.

Մեծ պատերազմներ։ «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ (Մատթէոս 24։7) Այս մարգարէութիւնը կատարուած է։ 1914–էն ի վեր, երկու աշխարհամարտեր եւ բազմաթիւ աւելի պզտիկ պատերազմներ տեղի ունեցած են։ Միլիոնաւոր մարդիկ անոնց մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած են։

Համատարած հիւանդութիւն։ «Տեղ տեղ ... մահտարաժամներ ... պիտի ըլլան»։ (Ղուկաս 21։11) Ասիկա տեղի ունեցա՞ծ է։ Այո։ Խլիրդը, սրտի հիւանդութիւնը, թոքախտը, մալարիան, ԱԴԱ–ն (ԷՅՏԾ), եւ ուրիշ հիւանդութիւններ, միլիոնաւոր մարդոց մահուան պատճառ եղած են։

Ուտելիքի պակաս։ Աշխարհի չորս կողմը կան մարդիկ որոնք բաւարար ուտելիք չունին։ Ամէն տարի միլիոնաւոր մարդիկ անօթութենէ կը մեռնին։ Ասիկա Դրախտը մօտ ըլլալուն ուրիշ մէկ նշանն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սովեր ... պիտի ըլլան»։—Մարկոս 13։8

Երկրաշարժներ։ «Տեղ տեղ ... երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 24։7) Ասոնք ալ եղած են մեր ժամանակներուն։ 1914–էն ի վեր, աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ մեռած են երկրաշարժներէ։

Չար մարդիկ։ Մարդիկ պիտի ըլլային «անձնասէր, արծաթասէր»։ Անոնք «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» պիտի ըլլային։ Զաւակները «ծնողներու անհնազանդ» պիտի ըլլային։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Համաձա՞յն էք որ ներկայիս այսպիսի մարդիկ շատ են։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ յարգանք չունին եւ նեղութիւն կու տան անոնց, որոնք կը փորձեն Աստուծոյ մասին սորվիլ։

Ոճիր։ ‘Անօրէնութիւնը պիտի շատնար’։ (Մատթէոս 24։12) Վստահաբար համաձայն էք որ հիմա ոճիրը շատ աւելի է քան տարիներ առաջ։ Ամէն տեղ մարդիկ կողոպտուելու, խաբուելու կամ վնասուելու վտանգին մէջ կը գտնուին։

Այս բոլորը ցոյց կու տան որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։31) Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնն է, որ այս երկրին վրայ Դրախտը պիտի հաստատէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն տեղը պիտի առնէ։—Դանիէլ 2։44