Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 13

Հմայութիւնը եւ կախարդութիւնը գէշ բաներ են

Հմայութիւնը եւ կախարդութիւնը գէշ բաներ են

Սատանան կ’ուզէ որ դուք հմայութեամբ զբաղիք։ Շատեր իրենց նախնիքներուն կամ ոգիներուն զոհեր կը մատուցանեն, վնասուելէ պաշտպանուելու համար։ Ասիկա կ’ընեն, քանի որ ոգեղէն աշխարհի ուժերէն կը վախնան։ Անոնք հմայիչ մատանիներ կամ ապարանջաններ կը դնեն։ Ըստ իրենց, հմայիչ զօրութիւն ունեցող «դեղեր» կը խմեն կամ իրենց մարմնին վրայ կը քսեն։ Կարգ մը անհատներ իրենց տան մէջ կամ գետնին տակ առարկաներ կը պահեն, հաւատալով որ անոնք պահպանիչ զօրութիւն ունին։ Ուրիշներ հմայիչ «դեղեր» կը գործածեն, հաւատալով որ անոնք գործի, դպրոցի քննութիւններու եւ սիրատածութեան մէջ իրենց յաջողութիւն պիտի տան։

Սատանայի դէմ լաւագոյն պաշտպանութիւնը, որպէս բարեկամ Եհովան ունենալն է։ Եհովա Աստուած եւ իր հրեշտակները Սատանայէն եւ իր դեւերէն շա՛տ աւելի զօրաւոր են։ (Յակոբու 2։19. Յայտնութիւն 12։9) Եհովա մեծապէս կը փափաքի իր զօրութիւնը ցոյց տալ օգնելու համար իր բարեկամներուն՝ անոնց՝ որոնք լիովին հաւատարիմ են իրեն։—Բ. Մնացորդաց 16։9

Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Մի՛ հմայէք»։ Եհովա հմայութիւնը եւ կախարդութիւնը կը դատապարտէ, քանի որ այս սովորութիւնները ուղղակի Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան ներքեւ կը բերեն անհատը։—Ղեւտացւոց 19։26