ԴԱՍ 12
Մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի
Մահը կեանքին հակառակն է։ Մահը խորունկ քունի կը նմանի։ (Յովհաննու 11։11-14) Մեռելները չեն կրնար լսել, տեսնել, խօսիլ կամ որեւէ բան մտածել։ (Ժողովողի 9։5, 10) Սուտ կրօնքը կը սորվեցնէ որ մեռելները հոգեղէն աշխարհ մը կ’երթան իրենց նախնիքներուն հետ ապրելու համար։ Աստուածաշունչը այսպիսի բան չի սորվեցներ։
Անոնք որ մեռած են չեն կրնար մեզի օգնել, ոչ ալ կրնան վնասել։ Մարդոց մէջ սովորութիւն դարձած է ծէսեր եւ զոհեր ընել, հաւատալով որ անոնք պիտի հանգստացնեն մեռած անհատները։ Ասիկա հաճելի չէ Աստուծոյ, քանի որ Սատանայի սուտերէն մէկուն վրայ հիմնուած է։ Ասիկա մեռելներուն ալ որեւէ հաճոյք չի պատճառեր, քանի որ անոնք անկենդան են։ Մեռելներէն պէտք չէ վախնանք, ոչ ալ զանոնք պաշտենք։ Միա՛յն Աստուած պէտք է պաշտենք։—Մատթէոս 4։10
Մեռելները դարձեալ պիտի ապրին։ Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ մեռելները՝ դրախտ երկրի մը վրայ։ Բայց ասիկա ապագային պիտի ըլլայ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Աստուած կրնայ մեռած անհատները արթնցնել, ճիշդ ինչպէս որ դուք կրնաք քնացած անհատ մը արթնցնել։—Մարկոս 5։22, 23, 41, 42
Այն գաղափարը թէ չենք մեռնիր, Բանսարկու Սատանային կողմէ տարածուած սուտ մըն է։ Սատանան եւ իր դեւերը մարդոց հաւատացնել կու տան թէ մեռելներուն հոգիները ողջ են եւ անոնք են որ հիւանդութիւններ եւ ուրիշ խնդիրներ կը պատճառեն։ Սատանան երբեմն մարդիկը կը խաբէ երազներով եւ տեսիլքներով։ Եհովա կը դատապարտէ անոնք որոնք կը փորձեն մեռելներու հետ խօսիլ։—Բ. Օրինաց 18։10-12