ԴԱՍ 9
Որո՞նք են Աստուծոյ բարեկամները
Յիսուս Քրիստոս Եհովայի Որդին, եւ իր ամենէն մտերիմ ու ամենէն սիրելի բարեկամն է։ Երկրի վրայ որպէս մարդ ապրելէ առաջ, Յիսուս երկնքի մէջ կ’ապրէր որպէս հոգեղէն հզօր արարած մը։ (Յովհաննու 17։5) Ապա երկիր եկաւ մարդոց Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար։ (Յովհաննու 18։37) Ան նաեւ իր մարդկային կեանքը տուաւ, հնազանդ մարդկութիւնը մեղքէ ու մահէ ազատագրելու համար։ (Հռովմայեցիս 6։23) Յիսուս ներկայիս Թագաւորն է Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ երկնային կառավարութիւն մը որ այս երկրի վրայ Դրախտը պիտի բերէ։—Յայտնութիւն 19։16
Հրեշտակներն ալ Աստուծոյ բարեկամներն են։ Հրեշտակներուն կեանքը երկրի վրայ որպէս մարդ չսկսաւ։ Անոնք երկնքի մէջ ստեղծուեցան, Աստուած երկիրը շինելէն առաջ։ (Յոբայ 38։4-7) Միլիոնաւոր հրեշտակներ կան։ (Դանիէլ 7։10) Աստուծոյ այս երկնային բարեկամները կ’ուզեն որ մարդիկ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվին։—Յայտնութիւն 14։6, 7
Աստուած երկրի վրայ ալ բարեկամներ ունի. զանոնք իր վկաները կը կոչէ։ Վկայ մը դատարանին մէջ կ’ըսէ ինչ որ գիտէ մէկու մը կամ բանի մը մասին։ Եհովայի Վկաները ուրիշներուն կը խօսին ինչ որ գիտեն Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին։ (Եսայեայ 43։10) Ինչպէս հրեշտակները, Վկաներն ալ կ’ուզեն որ դուք Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվիք։ Անոնք կ’ուզեն որ դուք ալ Աստուծոյ բարեկամը ըլլաք։