ԴԱՍ 8
Որո՞նք են Աստուծոյ թշնամիները
Աստուծոյ մեծագոյն թշնամին Բանսարկու Սատանան է։ Ան հոգեղէն արարած մըն է, որ Եհովայի դէմ ըմբոստացաւ։ Սատանան կը շարունակէ Աստուծոյ դէմ կռուիլ եւ մարդոց մեծ նեղութիւն կը պատճառէ։ Սատանան չար է։ Ան ստախօս եւ մարդասպան է։—Յովհաննու 8։44
Հոգեղէն ուրիշ արարածներ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան մէջ Սատանայի միացան։ Աստուածաշունչը զիրենք դեւեր կը կոչէ։ Սատանայի նման, դեւերն ալ Աստուծոյ թշնամիներն են։ Անոնք կը սիրեն մարդոց վնաս հասցնել։ (Մատթէոս 9։32, 33. 12։22) Եհովա պիտի բնաջնջէ Սատանան եւ իր դեւերը։ Մարդիկը նեղելու համար անոնց մնացած ժամանակը կարճ է։—Յայտնութիւն 12։12
Եթէ կը փափաքիք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, Սատանային ուզածը պէտք չէ ընէք։ Սատանան եւ իր դեւերը Եհովան կ’ատեն։ Անոնք Աստուծոյ թշնամիներն են եւ կ’ուզեն որ դուք ալ Աստուծոյ թշնամի ըլլաք։ Պէտք է ընտրէք թէ որո՛ւ կը նախընտրէք ծառայել. Սատանայի՞ թէ՝ Աստուծոյ։ Եթէ կը փափաքիք յաւիտենական կեանք ունենալ, պէտք է ընտրէք Աստուծոյ կամքը ընել։ Սատանան մարդիկը խաբելու շատ հնարքներ ու կերպեր ունի։ Ան կրցած է շատերը խաբել։—Յայտնութիւն 12։9