ԴԱՍ 11
Սուտ կրօնքը մերժեցէ՛ք
Սատանան եւ իր դեւերը չեն ուզեր որ դուք Աստուծոյ ծառայէք։ Անոնք կ’ուզեն բոլոր մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել՝ եթէ կարենան։ Ասիկա ի՞նչպէս կը փորձեն ընել։ Կերպերէն մէկը սուտ կրօնքն է։ (Բ. Կորնթացիս 11։13-15) Այն կրօնքը որ Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ՝ սուտ է։ Սուտ կրօնքը կեղծ դրամի կը նմանի. անիկա իրականի պէս կ’երեւնայ, բայց՝ անարժէք է։ Անիկա շատ խնդիրներու դուռ կրնայ բանալ ձեզի։
Կրօնական ստութիւնը բնա՛ւ հաճելի չէ Եհովայի՝ ճշմարտութեան Աստուծոյն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, կրօնական խումբ մը կար որ ուզեց զինք սպաննել։ Անոնք խորհեցան որ իրենց պաշտամունքի կերպը շիտակ էր։ Անոնք ըսին. «Մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ Յիսուս իրենց հետ համաձայնեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք»։ (Յովհաննու 8։41, 44) Ներկայիս, շատեր կը խորհին որ Աստուած կը պաշտեն, բայց իրականութեան մէջ Սատանայի եւ իր դեւերուն կը ծառայեն։—Ա. Կորնթացիս 10։20
Ճիշդ ինչպէս որ փտած ծառ մը գէշ պտուղ կ’արտադրէ, սուտ կրօնքն ալ չար բաներ ընող մարդիկ յառաջ կը բերէ։ Աշխարհը խնդիրներով լեցուն է, քանի որ մարդիկ չար բաներ կ’ընեն։ Աշխարհի մէջ անբարոյութիւն, կռիւ, գողութիւն, կեղեքում, սպանութիւն եւ բռնաբարում կայ։ Այս գէշ բաները ընողներէն շատեր կրօնքի մը կը պատկանին, բայց իրենց կրօնքը զիրենք չի մղեր որ լաւ բաներ ընեն։ Անոնք չեն կրնան Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ, մինչեւ որ չար բաներ ընելէն չդադրին։—Սուտ կրօնքը մարդոց կը սորվեցնէ որ կուռքերու աղօթեն։ Աստուած կ’ըսէ որ կուռքերու չաղօթենք։ Ասիկա տրամաբանական է։ Դուք ուրախ պիտի ըլլայի՞ք եթէ անհատ մը բնաւ ձեր հետ չխօսէր, այլ միայն ձեր պատկերին հետ խօսէր։ Անիկա կրնա՞յ ձեր իրական բարեկամը ըլլալ։ Ոչ, չի կրնար։ Եհովա կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն հետ խօսին, եւ ոչ թէ անկենդան արձանի մը կամ պատկերի մը։—Ելից 20։4, 5
Սուտ կրօնքը կը սորվեցնէ որ պատերազմի ժամանակ ուրիշները սպաննելը սխալ չէ։ Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ բարեկամները իրարու հանդէպ սէր պիտի ունենային։ Մենք մեր սիրած մարդիկը չենք սպաններ։ (Յովհաննու 13։35) Նոյնիսկ չենք կրնար չար մարդիկը սպաննել։ Երբ Յիսուսի թշնամիները եկան որ զինք ձերբակալեն, ան չձգեց որ իր աշակերտները կռուին զինք պաշտպանելու համար։—Մատթէոս 26։51, 52
Սուտ կրօնքը կը սորվեցնէ որ չարերը դժոխքին մէջ պիտի չարչարուին։ Բայց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ մեղքին հետեւանքը մահ է։ (Հռովմայեցիս 6։23) Եհովա սիրոյ Աստուած մըն է։ Սիրալիր Աստուած մը մարդիկը յաւիտեան կը չարչարէ՞։ Բնական է որ ո՛չ։ Դրախտին մէջ, միայն մէ՛կ կրօնք պիտի ըլլայ՝ Եհովայի հաւնած կրօնքը։ (Յայտնութիւն 15։4) Սատանայի սուտին վրայ հիմնուած բոլոր կրօնքները մէջտեղէն պիտի վերցուին։