Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 19

Եհովան փառաբանող շինարարութիւն

Եհովան փառաբանող շինարարութիւն

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Համաշխարհային շինարարութիւն՝ որ Թագաւորութեան շահերը յառաջ կը մղէ

1, 2. ա) Եհովային ծառաները հինէն ի վեր ի՞նչ ընելով կ’ուրախանան։ բ) Ի՞նչ բան ամէնէն շատ թանկարժէք է Եհովային աչքին։

 ԵՀՈՎԱՅԻ հաւատարիմ ծառաները հինէն ի վեր կ’ուրախանան կառուցանելով շէնքեր, որոնք իր անունը կը փառաւորեն։ Օրինակ, իսրայէլացիները խորանի կառուցման խանդավառօրէն մասնակցեցան եւ շինարարութեան համար առատօրէն նիւթեր տրամադրեցին (Ել. 35։30-35. 36։1, 4-7

2 Բայց շինանիւթերը չեն որ Եհովայի փառք կը բերեն, ոչ ալ ատոնք Անոր աչքին ամենաթանկարժէք բաներն են (Մատ. 23։16, 17)։ Իրականութեան մէջ, անոր ծառաներուն մատուցած պաշտամունքը, անոնց կամաւոր հոգին եւ նախանձախնդրութիւնը ամէնէն շատ թանկարժէք են իր աչքին եւ զինք կը պատուեն (Ել. 35։21. Մար. 12։41-44. Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ շինութիւնները այսօր կան, վաղը չկան։ Օրինակ, խորանն ու տաճարը այժմ գոյութիւն չունին։ Ասով հանդերձ, Եհովան չէ մոռցած շինարարութեան նկատմամբ իր հաւատարիմ ծառաներուն ցուցաբերած առատաձեռնութիւնն ու կատարած աշխատանքը (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58. Եբրայեցիս 6։10

3. Այս գլուխին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Ներկայիս, Եհովայի վկաները նաեւ ծանր աշխատած են՝ կառուցանելու համար պաշտամունքի վայրեր։ Եւ մեր Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան տակ մեր իրագործած բաները իսկապէս ուշագրաւ են։ Յստակ է որ Եհովան մեր ջանքերը օրհնած է (Սաղ. 127։1)։ Այս գլուխին մէջ, նկատի պիտի առնենք կարգ մը շինարարական աշխատանքներ եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս պատիւ բերած են Եհովային։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ոմանք ինչպէ՛ս արտայայտուած են շինարարական գործին նկատմամբ։

Թագաւորութեան սրահներ կառուցանել

4. ա) Ինչո՞ւ պաշտամունքի վայրերու աւելի՛ կարիք կայ։ բ) Ինչո՞ւ զանազան մասնաճիւղեր իրարու միացան (տե՛ս « Մասնաճիւղերու շինարարութիւնը համակերպել նոր կարիքներուն» շրջանակը)։

4 Ինչպէս որ քննարկուեցաւ 16–րդ գլուխին մէջ, Եհովան մեզմէ կը պահանջէ որ պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուինք (Եբ. 10։25)։ Մեր ժողովները ոչ միայն մեր հաւատքը կը զօրացնեն, այլեւ քարոզչութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը կ’աւելցնեն։ Մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին կը մօտենան, Եհովան կը շարունակէ այդ գործունէութիւնը արագացնել։ Առ ի արդիւնք, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ իր կազմակերպութեան կը միանան (Եսա. 60։22)։ Թագաւորութեան հպատակներուն թիւը աւելնալով, կ’աւելնայ նաեւ տպարաններուն կարիքը, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ արտադրելու համար։ Ասկէ զատ, պաշտամունքի վայրերուն կարիքն ալ կը մեծնայ։

5. «Թագաւորութեան սրահ» անունը ինչո՞ւ յարմար է (տես նաեւ « ‘Նոր լոյս’ եկեղեցին» շրջանակը)։

5 Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութեան սկիզբը Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան տեսնել թէ կարիքը կար որ իրենց անձնական պաշտամունքի վայրերը ունենան։ Այնպէս կը թուի թէ պաշտամունքի առաջին վայրը կառուցանուեցաւ 1890–ին՝ Ուէսթ Վըրճինիայի մէջ, ԱՄՆ։ Մինչեւ 1930–ական թուականները, Եհովային ժողովուրդը կառուցանած էր կամ նորոգած էր կարգ մը սրահներ, բայց ժողովի այդ վայրերը տակաւին անուն մը չունէին։ Բայց 1935–ին, եղբայր Ռատըրֆորտ այցելեց Հաուայի, ուր եղբայրները կը կառուցանէին նոր մասնաճիւղ մը եւ անոր կից սրահ մը։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ այդ շինութիւնը ի՛նչ պէտք է կոչուի, եղբայր Ռատըրֆորտ պատասխանեց. «Չէ՞ք կարծեր որ զայն պէտք է ‘Թագաւորութեան սրահ’ կոչենք, քանի որ ճիշդ այդ է որ կ’ընենք. Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք» (Մատ. 24։14)։ Այդ անունը շուտով պիտի տրուէր ոչ միայն այդ սրահին, այլեւ աշխարհի տարածքին Եհովայի ժողովուրդին գործածած պաշտամունքի վայրերուն մեծամասնութեան։

6, 7. Արագօրէն կառուցուած Թագաւորութեան սրահները ի՞նչ վկայութիւն տուին։

6 1970–ական թուականներուն Թագաւորութեան սրահներու կարիքը արագօրէն կ’աւելնար։ Առ ի արդիւնք, Միացեալ Նահանգներու եղբայրները ազդու մեթոտ մը զարգացուցին, միայն քանի մը օրուան մէջ գրաւիչ եւ գործնական շինութիւններ կառուցանելու համար։ 1983–ին, շուրջ 200 Թագաւորութեան սրահներ կառուցուած էին Միացեալ Նահանգներուն եւ Քանատայի մէջ։ Գործունէութիւնը կատարելու համար, եղբայրները սկսան շրջանային շինարարական յանձնախումբեր կազմել։ Այս մեթոտը այնքան յաջողութիւն գտաւ, որ 1986–ին Կառավարիչ մարմինը այս կարգադրութիւնը կազմակերպեց եւ 1987–ին 60 Շրջանային շինարարական յանձնախումբեր կային Միացեալ Նահանգներուն մէջ a։ 1992–ին, Շրջանային շինարարական յանձնախումբեր նշանակուած էին նաեւ Արժանթինի, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Ճափոնի, Մեքսիքայի, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։ Վստահաբար Թագաւորութեան սրահներ եւ համաժողովի սրահներ կառուցանող ժրաջան եղբայրները մեր աջակցութեան արժանի են, քանի որ իրենց գործը սուրբ ծառայութեան մաս կը կազմէ։

7 Արագօրէն կառուցուած այս Թագաւորութեան սրահները այդ շրջաններուն մէջ ապրող մարդոց հոյակապ վկայութիւն տուին։ Օրինակ, Սպանիոյ մէկ լրագրին մէջ յօդուած մը կար՝ «Լեռներ շարժող հաւատք» խորագրով։ Մարթոս քաղաքին մէջ կառուցուած Թագաւորութեան սրահի մը մասին լրագիրը հարցուց. «Ինչպէ՞ս կարելի է որ այս անձնասէր աշխարհին մէջ, [Սպանիոյ] զանազան շրջաններէ կամաւորներ անձնուրացօրէն Մարթոս կը ճամբորդեն՝ աննախադէպ արագութեամբ, կատարելութեամբ եւ կազմակերպուած կերպով շինութիւն մը կառուցանելու համար»։ Յօդուածը այս հարցումին պատասխանեց՝ մէջբերելով Վկայ կամաւորի մը այս խօսքը. «Այս մէկը պարզապէս կարելի է, քանի որ Եհովա՛ն մեզի կը սորվեցնէ»։

Շինարարութիւն՝ սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ

8. 1999–ին Կառավարիչ մարմինը ո՞ր նոր յայտագրին հաւանութիւն տուաւ եւ ինչո՞ւ։

8 Մինչ 20–րդ դարը իր աւարտին կը հասնէր, Եհովայի կազմակերպութեան միացան մարդիկ այնպիսի երկիրներէ, ուր սահմանափակ միջոցներ կան։ Տեղական ժողովքները իրենց ամէն կարելին ըրին՝ ժողովի վայրեր կառուցանելու համար։ Բայց կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք կը ծաղրուէին եւ կանխադատութեան զոհը կ’երթային, քանի որ տեղական Թագաւորութեան սրահները, այլ պաշտամունքի վայրերուն հետ բաղդատաբար, խղճալի վիճակ ունէին։ Բայց 1999–էն սկսեալ, Կառավարիչ մարմինը հաւանութիւն տուաւ՝ զարգացող երկիրներուն մէջ Թագաւորութեան սրահներու արագ շինարարութեան ծրագրին։ Աւելի բարգաւաճ երկիրներէ գումարներ ղրկուեցան, որպէսզի «հաւասարութիւն» ըլլայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։13-15)։ Եւ ուրիշ երկիրներէ եղբայրներ ու քոյրեր կամաւորաբար օգնեցին շինարարական աշխատանքին։

9. Ո՞ր աշխատանքը դժուար թուեցաւ, բայց ի՞նչ իրագործուեցաւ։

9 Սկիզբը աշխատանքը շատ դժուար թուեցաւ։ 2001–ին տեղեկագրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ աւելի քան 18,300 Թագաւորութեան սրահներու կարիքը կար 88 զարգացող երկիրներու մէջ։ Սակայն Աստուծոյ հոգիին եւ մեր Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին օգնութեամբ ո՛չ մէկ աշխատանք անկարելի է (Մատ. 19։26)։ Շուրջ 15 տարուան մէջ,– 1999-2013,– Աստուծոյ ժողովուրդը կառուցանած էր 26,849 Թագաւորութեան սրահներ վերոնշեալ ծրագրին համաձայն b։ Եհովան կը շարունակէ քարոզչութիւնը օրհնել։ Մինչեւ 2013, տակաւին կարիքը կար շուրջ 6500 Թագաւորութեան սրահներու այդ երկիրներուն մէջ. իսկ այժմ, հարիւրաւոր սրահներու կարիքը կայ ամէն տարի։

Սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելը յատուկ մարտահրաւէրներ ունի

10-12. Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը ինչպէ՞ս պատիւ բերած է Եհովայի անուան։

10 Թագաւորութեան նոր սրահներու շինարարութիւնը ինչպէ՞ս Եհովայի անուան պատիւ բերաւ։ Զիմպապուէի մասնաճիւղին մէկ տեղեկագիրը ըսաւ. «Թագաւորութեան նոր սրահի շինարարութեան վրայ միայն մէկ ամիս անցնելէ ետք, ներկաներուն թիւը յաճախ կը բազմապատկուի»։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, այնպէս կը թուի թէ մարդիկ կը վարանին մեզի հետ ընկերակցելու մինչեւ որ յարմար պաշտամունքի վայր մը մատչելի դառնայ։ Սակայն մէյ մը որ Թագաւորութեան սրահը կառուցանուի, անիկա շուտով կը լեցուի եւ ուրիշի մը կարիքը կը ստեղծուի։ Բայց միայն շինարարութեան տեսքը չէ որ մարդիկը Եհովային կը քաշէ. շինարարներուն ցուցաբերած անկեղծ սէրն ալ մարդոց վրայ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

11 Ինտոնեզիա։ Երբ տղամարդ մը, որ Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութիւնը կը դիտէր, իմացաւ որ բոլոր աշխատողները կամաւորներ էին, ըսաւ. «Զարմանալի մարդիկ էք։ Ես նկատեցի որ բոլորդ սրտանց եւ ուրախութեամբ կ’աշխատիք, հակառակ անոր որ փոխարէնը գումար մը չէք ստանար։ Կը կարծեմ որ ձեր կրօնական կազմակերպութիւնը աննման է»։

12 Ուքրանիա։ Կին մը որ ամէն օր կ’անցնէր Թագաւորութեան նորակառոյց սրահի մը քովէն, եզրակացուց որ աշխատաւորները Եհովայի վկաներ են եւ թէ շինարարութիւնը Թագաւորութեան սրահ մը ըլլալու է։ Ան ըսաւ. «Եհովայի վկաներուն մասին քրոջմէս լսած եմ։ Հիմա ինքն ալ Վկայ մըն է։ Այս շինարարական գործը դիտելով, որոշեցի որ ես ալ կ’ուզեմ այս հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալ։ Հոս մարդիկ անկեղծ սէր կը դրսեւորեն»։ Այս կինը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ 2010–ին մկրտուեցաւ։

13, 14. ա) Շինարարութեան վայր մը դիտելէ ետք, ամուսնացած զոյգի մը խօսքերը ի՞նչ ցոյց կու տան։ բ) Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի Թագաւորութեան սրահդ Եհովայի անունը փառաւորէ։

13 Արժանթին։ Ամուսնացած զոյգ մը մօտեցաւ եղբօր մը, որ Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան վայրին վրայ կը վերահսկէր։ Ամուսինը ըսաւ. «Ձեր շինարարական գործունէութիւնները մօտէն կը դիտէինք եւ. . . որոշեցինք ա՛յս վայրին մէջ Աստուծոյ մասին սորվիլ»։ Ապա հարցուց. «Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի հոս ժողովներու ներկայ գտնուելու որակեալ ըլլանք»։ Զոյգը ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու Վկաներուն առաջարկը, պայմանաւ որ ընտանեօ՛ք զայն սերտեն։ Եղբայրները ուրախօրէն ընդունեցին անոնց պայմանը։

14 Կրնայ ըլլալ որ առանձնաշնորհումը չես ունեցած Թագաւորութեան սրահիդ շինարարութեան մասնակցելու, բայց կրնաս շատ բան ընել, որպէսզի սրահը Եհովայի անուան փառք բերէ։ Օրինակ, կրնաս Աստուածաշունչի Աշակերտներդ, վերայցելութիւններդ եւ ուրիշ մարդիկ ջերմօրէն հրաւիրել որ քեզի հետ սրահին մէջ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուին։ Նաեւ կրնաս բաժին բերել սրահին մաքրութեան եւ նորոգման մէջ։ Լաւ ծրագրումով եւ նուիրատուութիւններ ընելով, կրնաս Թագաւորութեան սրահիդ ծախսերը հոգալուն մէջ բաժին բերել կամ աշխարհի միւս ծայրերը պաշտամունքի վայրեր կառուցանելու նպաստել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 16։2)։ Այս բոլորը Եհովայի անունը փառաւորելու կը նպաստեն։

Յօժարակամ աշխատաւորներ

15-17. ա) Գլխաւորաբար որո՞նք կը մասնակցին շինարարութեան։ բ) Միջազգային շինարարական ծրագիրներու մասնակցող զոյգերուն խօսքերէն ի՞նչ սորվեցար։

15 Գլխաւորաբար տեղացի եղբայրներ եւ քոյրեր կը մասնակցին Թագաւորութեան սրահներու, համաժողովի սրահներու եւ մասնաճիւղերու շինարարութեան։ Բայց յաճախ անոնց կ’աջակցին ուրիշ երկիրներէ եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք շինարարական հմտութիւններ ունին։ Այս կամաւորներէն ոմանք իրենց կեանքը այնպէս մը կազմակերպած են, որ կարենան քանի մը շաբաթ միջազգային ծրագրին մասնակցիլ։ Իսկ ուրիշներ երկա՜ր տարիներ իրենք զիրենք կը տրամադրեն շինարարութեան գործին՝ մէկ երկրէ միւսը տեղափոխուելով։

Թիմօ եւ Լինա Լափալայնըն (Տե՛ս պարբերութիւն 16)

16 Միջազգային շինարարական գործը ունի իր իւրայատուկ մարտահրաւէրները, բայց նաեւ՝ իր գոհացուցիչ վարձատրութիւնները։ Օրինակ, Թիմոն եւ Լինան ճամբորդած են Ասիա, Եւրոպա եւ Հարաւային Ափրիկէ՝ կառուցանելու համար Թագաւորութեան սրահներ, համաժողովի սրահներ եւ մասնաճիւղեր։ Թիմոն կ’ըսէ. «Անցեալ 30 տարիներուն ընթացքին, միջին հաշուով տարին երկու անգամ նշանակումս կը փոխուէր»։ Լինան, որ 25 տարի առաջ Թիմոյին հետ ամուսնացաւ, կ’ըսէ. «Թիմոյին հետ ծառայած եմ 10 տարբեր երկիրներու մէջ։ Նոր ուտելիքի, նոր կլիմայի, նոր լեզուի ու նոր թաղամասի վարժուիլը եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատելը բաւական կորով ու ժամանակ կ’առնէ» c։ Կ’արժէ՞ր այսքան ջանք թափել։ Լինան կ’ըսէ. «Այս մարտահրաւէրներէն մեծ օրհնութիւններ քաղած ենք։ Մենք քրիստոնէական սէրն ու հիւրասիրութիւնը շօշափած ենք եւ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը զգացած ենք։ Նաեւ տեսած ենք Մարկոս 10։29, 30–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խոստումին կատարումը։ Մենք հարիւրապատիկ հոգեւոր եղբայրներ, քոյրեր եւ մայրեր ունեցանք»։ Թիմոն կ’ըսէ. «Խոր գոհունակութիւն կը զգանք որ մեր հմտութիւնները կը գործածենք ամէնէն վեհ նպատակին համար, որն է՝ Թագաւորին ունեցուածքը ընդլայնել»։

17 Տէռընն ու Սառան, որոնք շինարարական ծրագիրներու մասնակցած են Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի,Կեդրոնական Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի մէջ, կը զգան թէ իրենց տուածէն աւելի՛ ստացած են։ Մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով հանդերձ, Տէռըն կ’ըսէ. «Առանձնաշնորհում է ծառայել աշխարհի չորս ծագերէն եկած եղբայրներու հետ։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը միաւորէ մեզ՝ բոլորս»։ Սառան կ’ըսէ. «Տարբեր մշակոյթներու պատկանող եղբայրներէ եւ քոյրերէ շատ բան սորված եմ։ Եհովային ծառայելու համար իրենց ըրած զոհողութիւնները տեսնելը զիս մղած է որ շարունակեմ լաւագոյնս տալ»։

18. Սաղմոս 110։1-3–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

18 Դաւիթ թագաւոր մարգարէացաւ որ հակառակ անոր որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէին, անոնք «յօժարակամ» հոգիով պիտի ծառայէին Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ (կարդա՛ Սաղմոս 110։1-3)։ Անոնք՝ որոնք կը մասնակցին Թագաւորութեան թիկունք կանգնող որեւէ գործի, այդ մարգարէական խօսքերուն կատարման մէջ բաժին կը բերեն (Ա. Կոր. 3։9)։ Աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ մասնաճիւղի շէնքերը, հարիւրաւոր համաժողովի սրահները եւ տասնեակ հազարաւոր Թագաւորութեան սրահները յստակ ապացոյց են թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրակա՛ն է եւ թէ այժմ կ’իշխէ՛։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է ծառայել Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին եւ զբաղիլ գործով մը՝ որ Եհովային փառք կը բերէ։

a 2013–ին, աւելի քան 230,000 կամաւորներ հաւանութիւն ստացան աշխատելու 132 Շրջանային շինարարական յանձնախումբերու հետ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Այդ յանձնախումբերը տարեկան շուրջ 75 նոր Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան աջակցեցան եւ օգնեցին նորոգելու շուրջ 900 սրահներ։

b Այս թիւը չի պարփակեր այն բազմաթիւ Թագաւորութեան սրահները, որոնք կառուցանուեցան ծրագրին մէջ չպարփակուող երկիրներու մէջ։

c Միջազգային ծառաները եւ կամաւորները իրենց ժամանակին մեծամասնութիւնը կ’անցընեն աշխատելով շինարարութեան վայրին մէջ, բայց նաեւ տեղական ժողովքներուն հետ քարոզչութեան կը մասնակցին կա՛մ շաբաթավերջին եւ կամ երեկոները։