Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 18

Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը

Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Եհովային ժողովուրդը նիւթական գետնի վրայ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Թագաւորութեան գործունէութեան կ’աջակցի

1, 2. ա) Եղբայր Ռասըլ ինչպէ՞ս պատասխանեց վարդապետի մը, որ կ’ուզէր գիտնալ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւններուն ֆինանսաւորման մասին։ բ) Այս գլուխին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

 ԱՌԻԹՈՎ մը, եղբայր Չարլզ Թէյզ Ռասըլին մօտեցաւ բարեկարգեալ եկեղեցիին մէկ վարդապետը, որ կ’ուզէր գիտնալ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւնները ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուին։

 «Բնա՛ւ հանգանակութիւն չենք ըներ», ըսաւ եղբայր Ռասըլ։

 «Ծախսերը ինչպէ՞ս կը հոգաք», հարց տուաւ վարդապետը։

 «Եթէ քեզի ճշմարտութիւնը ըսեմ, պիտի չհաւատաս», պատասխանեց եղբայր Ռասըլ։ «Երբ մարդիկ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուին, կը նկատեն թէ իրենց շուրջ հանգանակութեան ափսէներ չեն դառնար։ Բայց, անոնք կը տեսնեն թէ ժողովներ կազմակերպելը ծախսի կը կարօտի։ Ուստի, հարց կու տան. ‘Վստահաբար այս սրահը իր ծախսերը ունի. . . ինչպէ՞ս կրնամ որոշ չափով ծախսերը գոցելուն մէջ բաժին բերել’»։

 Վարդապետը զարմանքով ու կասկածով նայեցաւ Ռասըլին։

 «Քեզի անկեղծօրէն ճշմարտութիւնը ըսի», շարունակեց եղբայր Ռասըլ։ «Ինծի ալ կը հարցնեն. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ձեր գործունէութեան աջակցիլ’։ Երբ մէկը օրհնուի եւ նիւթական միջոցներ ունենայ, կ’ուզէ ատոնք Տէրոջ համար գործածել։ Իսկ եթէ ան միջոցներ չունի, ինչո՞ւ զինք ստիպենք» a։

2 Եղբայր Ռասըլ իրապէս «ճշմարտութիւնը» կը խօսէր։ Աստուծոյ ժողովուրդը հինէն ի վեր կամաւոր նուիրատուութիւններ կ’ընէ ճշմարիտ պաշտամունքին աջակցելու համար։ Այս գլուխին մէջ, պիտի քննարկենք այս նիւթին հետ կապ ունեցող կարգ մը աստուածաշնչական օրինակներ։ Նաեւ, պիտի տեսնենք թէ Թագաւորութեան գործունէութիւնը ներկայիս ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուի։ Եւ մինչ այս մէկը նկատի կ’առնենք, լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Թագաւորութեան աջակցիլ’։

«Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ»

3, 4. ա) Եհովան իր երկրպագուներուն հանդէպ ինչպիսի՞ վստահութիւն ունի։ բ) Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս խորանի շինարարութեան աջակցեցան։

3 Եհովա Աստուած իր ճշմարիտ երկրպագուներուն կը վստահի։ Ան գիտէ որ եթէ անոնց առիթը տրուի, անոնք ուրախութեամբ իրենց նուիրումը պիտի ցուցաբերեն՝ կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելով։ Նկատի առ երկու օրինակներ իսրայէլացիներուն պատմութենէն։

4 Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս բերելէ ետք, Եհովան իրենց ըսաւ որ պաշտամունքի համար դիւրատար խորան մը կառուցանեն։ Այս կառոյցին եւ անոր իրերուն համար նիւթական միջոցներու կարիքը կար։ Եհովա Աստուած Մովսէսին ըսաւ որ ժողովուրդին հնարաւորութիւն տայ այս ծրագրին աջակցելու, ըսելով. «Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ» (Ել. 35։5)։ Ժողովուրդին հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ, հակառակ անոր որ քիչ ժամանակ առաջ անիկա ‘ամէն տեսակ ծանր ստրկական աշխատանքներ’ կ’ընէր (Ել. 1։14, ՆԱ)։ Անոնք սրտանց աջակցեցան, կամովին տալով ոսկի, արծաթ եւ ուրիշ արժէքաւոր բաներ, որոնց մեծամասնութիւնը հաւանաբար ձեռք ձգած էին իրենց նախկին տէրերէն՝ եգիպտացիներէն (Ել. 12։35, 36)։ Իսրայէլացիները պէտք եղածէն աւելի՛ն տուին։ Ուստի, հարկ եղաւ որ Մովսէս իրենց ըսէր որ ‘ա՛լ ընծայ չբերեն’ (Ել. 36։4-7

5. Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս հակազդեցին, երբ Դաւիթ անոնց պատեհութիւն տուաւ որ տաճարին շինարարութեան համար նուիրատուութիւններ ընեն։

5 Շուրջ 475 տարի ետք, Դաւիթ իր ‘յատուկ գանձէն’ նուիրատուութիւններ ըրաւ ֆինանսաւորելու համար տաճարին շինարարութիւնը։ Տաճարը առաջին շինարարութիւնն էր, որ պիտի ծառայէր որպէս ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոն։ Ապա Դաւիթ իր հաւատակիցներուն նոյն պատեհութիւնը տուաւ, ըսելով. «Այսօր ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ»։ Առ ի արդիւնք, իսրայէլացիները «կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը» (Ա. Մն. 29։3-9)։ Դաւիթ կը գիտակցէր թէ իրականութեան մէջ նուիրատուութիւններուն աղբիւրը ո՛վ է, ուստի ան Եհովա Աստուծոյ աղօթեց ըսելով. «Ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք» (Ա. Մն. 29։14

6. Ներկայիս Թագաւորութեան տարած գործունէութիւնը ինչո՞ւ դրամի կը կարօտի եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

6 Ո՛չ Մովսէս ոչ ալ Դաւիթ Աստուծոյ ժողովուրդը պարտադրեցին նուիրատուութիւններ ընելու։ Փոխարէն, ժողովուրդը կամաւոր սրտով տուաւ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ Մենք շատ լաւ գիտենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան տարած գործունէութիւնը միջոցներու կը կարօտի։ Բաւական մեծ գումարներու կարիք կայ, որպէսզի Աստուածաշունչեր եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ տպուին ու բաշխուին, ժողովի սրահներ ու մասնաճիւղի համալիրներ կառուցանուին ու նորոգուին եւ աղէտներու ժամանակ անմիջապէս հաւատակիցներուն օգնութիւն մատակարարուի։ Ուստի, կարեւոր հարցումներ կը ծագին. ինչպէ՞ս կրնանք հարկ եղած գումարները ձեռք ձգել։ Պէ՞տք է Թագաւորին հետեւորդները պարտադրել, որ նուիրատուութիւններ ընեն։

«Անիկա բնա՛ւ պիտի չմուրայ եւ մարդոցմէ օգնութիւն չխնդրէ»

7, 8. Եհովային ժողովուրդը ինչո՞ւ ուրիշներէ դրամ չմուրար կամ չի խնդրեր։

7 Եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները մերժեցին որդեգրել դրամ հաւաքելու մեթոտները, որոնք քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ շատ սովորական են։ Դիտարան–ի երկրորդ թիւին «Կ’ուզէ՞ք Սիօնի դիտարանը ձեռք ձգել» խորագրով յօդուածին մէջ Ռասըլ նշեց. «Կը հաւատանք որ ԵՀՈՎԱՆ կը ֆինանսաւորէ Սիօնի դիտարանը եւ ա՛յնքան ատեն որ այս է պարագան, անիկա բնա՛ւ պիտի չմուրայ եւ մարդոցմէ օգնութիւն չխնդրէ։ Երբ ‘լեռներուն բոլոր ոսկին ու արծաթը իմս է’ Ըսողը դադրի հարկ եղած դրամը հայթայթելէ, այն ատեն պիտի հասկնանք թէ ժամանակն է որ հրատարակութիւնը առկախենք» (Ան. 2։7-9)։ Աւելի քան 130 տարի ետք, Դիտարան–ը տակաւի՛ն լոյս կը տեսնէ, իսկ զայն հրատարակող կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ընդլայնել։

8 Եհովա Աստուծոյ ծառաները դրամ չեն մուրար։ Անոնք հանգանակութեան ափսէներ չեն դարձներ, ոչ ալ նամակներու միջոցաւ նիւթական օգնութիւն կը խնդրեն։ Նաեւ, անոնք ո՛չ պազարներ ոչ ալ վիճակահանութիւն կը կազմակերպեն դրամ հաւաքելու նպատակով։ Եհովային ժողովուրդը կը կառչի այն խօսքին որ Դիտարան–ը շատոնց ըսաւ. «Բնաւ տեղին չենք համարեր Տէրոջ գործին համար դրամ խնդրել, ինչպէս որ այլ եկեղեցիներ կ’ընեն. . . Ըստ մեզի, որեւէ կերպով Տէրոջ անունով դրամ հաւաքելը զինք կը վիրաւորէ եւ իրեն համար անընդունելի է. անիկա ո՛չ տուողը կ’օրհնէ ոչ ալ այն գործը՝ որուն համար դրամը կը հաւաքուի» b։

«Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ»

9, 10. Կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելու պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։

9 Հարկ չկայ մեզ՝ Թագաւորութեան հպատակներս՝ ստիպելու որ նուիրատուութիւններ ընենք։ Ընդհակառակը, մենք մեր դրամը եւ ուրիշ միջոցներ ուրախութեա՛մբ կը գործածենք՝ Թագաւորութեան գործունէութիւններուն աջակցելու համար։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երեք պատճառներ։

10 Նախ, կամաւոր նուիրատուութիւններ կ’ընենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ կ’ուզենք «իր առջեւ հաճելի եղած բաները» ընել (Ա. Յովհ. 3։22)։ Եհովա Աստուած իրապէս կ’ուրախանայ այն երկրպագուով, որ ամբողջ սրտով կու տայ։ Նկատի առնենք թէ Պօղոս առաքեալ այս նիւթին շուրջ ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Ճշմարիտ քրիստոնեան ո՛չ դժկամելով ոչ ալ ստիպմամբ կու տայ։ Փոխարէն ան կու տայ, քանի որ «սրտով կը յօժարի» տալու c։ Այսինքն, ան կու տայ երբ կը նկատէ թէ նիւթական կարիք մը կայ եւ կը մտածէ թէ ատոր նկատմամբ ի՛նչ կրնայ ընել։ Այսպիսի տուող մը Եհովա Աստուծոյ համար սիրելի է, քանի որ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Ուրիշ թարգմանութիւն մըն ալ կ’ըսէ, թէ «Աստուած կը սիրէ բոլոր անոնք՝ որոնք կը սիրեն տալ»։

Մեր փոքրիկները նոյնպէս կը սիրեն տալ (Մոզամպիկ)

11. Ի՞նչը մեզ կը մղէ որ Եհովային մեր լաւագոյն ընծան տանք։

11 Երկրորդ, մեր նուիրատուութիւններով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եհովա Աստուծոյ՝ իր տուած բազմաթիւ օրհնութիւններուն համար։ Նկատի առ թէ Մովսիսական օրէնքին մէջ ի՛նչ սկզբունք կայ, որ կը բացայայտէ մարդուն սրտին վիճակը (կարդա՛ Բ. Օրինաց 16։16, 17)։ Երբ իսրայէլացի տղամարդիկը տարեկան երեք տօներուն կ’երթային, հարկ էր որ իւրաքանչիւրը իրեն հետ ընծայ մը տանէր ‘Տէր Աստուծոյ իրեն տուած օրհնութեանը համեմատ’։ Ուստի, տօնին ներկայ գտնուելէ առաջ, հարկ էր որ իւրաքանչիւր տղամարդ իր օրհնութիւնները հաշուէր եւ իր սիրտը քննէր, մտածելով թէ ո՛րն էր լաւագոյն ընծան որ կրնար բերել։ Համանման կերպով, երբ մտածենք թէ Եհովա Աստուած որքա՜ն մեզ օրհնած է, կը մղուինք իրեն տալու մեր լաւագոյն ընծան։ Մեր սրտաբուխ ընծան, որ կը պարփակէ մեր նուիրատուութիւնները, կ’արտացոլէ մեր երախտագիտութիւնը Եհովային տուած անհամար օրհնութիւններուն նկատմամբ (Բ. Կոր. 8։12-15

12, 13. Մեր կամաւոր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան մեր սէրը Թագաւորին հանդէպ, եւ իւրաքանչիւրը որքա՞ն կու տայ։

12 Երրորդ, կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելով՝ ցոյց կու տանք մեր սէրը Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ թէ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը Յիսուս ի՛նչ ըսաւ իր աշակերտներուն (կարդա՛ Յովհաննէս 14։23)։ «Եթէ մէկը զիս կը սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ»։ Յիսուսի «խօսքը» կը պարփակէ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհի մէջ քարոզելու իր պատուէրը (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Մենք այդ «խօսքը» կը պահենք, երբ մեր ամէ՛ն կարելին կ’ընենք՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները տրամադրելու Թագաւորութեան քարոզչութեան յառաջացման համար։ Այսպիսով ցոյց կու տանք մեր սէրը մեսիական Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։

13 Արդարեւ, որպէս Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ, կ’ուզենք մեր ամբողջ սրտով ցոյց տալ թէ Թագաւորութեան կ’աջակցինք՝ նիւթական նուիրատուութիւններ ընելով։ Ինչպէ՞ս։ Ասիկա անձնական որոշում է։ Իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համաձայն իր լաւագոյնը կու տայ։ Մեր հաւատակիցներէն շատեր սակայն քիչ ունեցուածք ունին (Մատ. 19։23, 24. Յակ. 2։5)։ Բայց այսպիսիները կրնան մխիթարուիլ՝ գիտնալով որ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ կ’արժեւորեն նոյնիսկ յօժար սրտով եղած չնչին նուիրատուութիւնները (Մար. 12։41-44

Ծախսերը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուին

14. Երկար տարիներ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս հրատարակութիւններ կ’առաջարկէին։

14 Տարիներ շարունակ, Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ կ’առաջարկէին չնչին գումարի մը փոխարէն, որպէսզի նոյնիսկ ամէնէն աղքատ անձն ալ կարենար հրատարակութիւն ստանալ։ Անշուշտ, եթէ ճշմարտութիւնով հետաքրքրուած տանտէրը չկարենար այդ գումարն իսկ տալ, Թագաւորութեան հրատարակիչները չէին վարաներ հրատարակութիւնը անոր տալու։ Քանի որ անոնց համար կարեւոր էր որ անկեղծ մարդիկ ատոնք կարդային եւ ատոնցմէ օգտուէին։

15, 16. ա) 1990–ին, Կառավարիչ մարմինը ի՞նչ ճշդում մտցուց մեր հրատարակութիւնները առաջարկելու կերպին մէջ։ բ) Մեր կամաւոր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կ’ըլլան (տես նաեւ « Ո՞ւր կ’երթան մեր նուիրատուութիւնները» շրջանակը)։

15 1990–ին, Կառավարիչ մարմինը սկսաւ փոփոխութիւններ մտցնել հրատարակութիւններ առաջարկելու մեր կերպին մէջ։ Այդ տարիէն սկսեալ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակութիւնները ա՛լ չէին առաջարկուեր գումարի մը փոխարէն։ Այդ երկրին մէջ, ժողովքներուն ուղղուած նամակ մը կ’ըսէր. «Պարբերաթերթերը եւ հրատարակութիւնները հրատարակիչներուն եւ հետաքրքրուած մարդոց պիտի տրուին առանց գումար պահանջելու կամ նոյնիսկ նուիրատուութեան մասին ակնարկելու. . . Անոնք որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն մը ընել մեր կրթական գործունէութեան ծախսերը հոգալու համար, կրնան այս մէկը ընել։ Բայց նուիրատուութիւն ընեն կամ ոչ, անոնք կրնան հրատարակութիւններ ստանալ»։ Այդ կարգադրութիւնը յստակ դարձուց մեր գործունէութեան կամաւոր եւ կրօնական բնոյթը, ինչպէս նաեւ աւելի յստակ դարձաւ թէ մենք ‘Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր’ զայն ծախելով (Բ. Կոր. 2։17)։ Ժամանակի ընթացքին, կամաւոր նուիրատուութեան այս կարգադրութիւնը ի զօրու դարձաւ միւս երկիրներուն մէջ։

16 Կամաւոր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կ’ըլլան։ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահներուն մէջ կան նուիրատուութեան համեստ տուփեր, որոնք աչքի չեն զարներ։ Մարդիկ կրնան իրենց նուիրատուութիւնը անոնց մէջ դնել կամ զայն ուղարկել Եհովայի վկաներուն գործածած մէկ օրինական հաստատութեան։ Ամէն տարի, Դիտարան–ին մէջ յօդուած մը ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այսպիսի կամաւոր նուիրատուութիւններ ընել։

Նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին

17-19. Բացատրէ թէ նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին ա) համաշխարհային գործին, բ) Թագաւորութեան սրահի համաշխարհային շինարարութեան եւ գ) ժողովքի ծախսերուն համար։

17 Համաշխարհային գործ։ Համաշխարհային գործին համար ուղարկուած գումարները կը գործածուին աշխարհածաւալ քարոզչութեան ծախսերը հոգալու համար։ Այս ծախսերը կը պարփակեն հրատարակութիւններ տպելու եւ զանոնք աշխարհի տարածքին բաշխելու, մասնաճիւղեր կառուցանելու ու նորոգելու եւ զանազան աստուածպետական դպրոցներ ունենալու համար տրամադրուած գումարներ։ Ասկէ զատ, գումարները կը գործածուին հոգ տանելու համար միսիոնարներուն, շրջագայող տեսուչներուն եւ մասնաւոր ռահվիրաներուն։ Մեր նուիրատուութիւնները նաեւ կը գործածուին՝ աղէտի ժամանակ մեր հաւատակիցներուն անմիջապէս օգնելու համար d։

18 Թագաւորութեան սրահի համաշխարհային շինարարութիւն։ Թագաւորութեան սրահի համաշխարհային շինարարութեան համար ուղարկուած գումարները կը գործածուին ժողովքներուն օգնելու որ Թագաւորութեան սրահ մը կառուցանեն կամ նորոգեն։ Նաեւ, յաւելեալ գումարներ ալ կարելի է մատչելի դարձնել, որպէսզի ուրիշ ժողովքներ ալ ատոնցմէ օգտուին e։

19 Ժողովքի ծախսեր։ Գումարները կը գործածուին Թագաւորութեան սրահի ծախսերը հոգալու եւ զայն նորոգելու համար։ Երէցները թերեւս առաջարկեն, որ որոշ գումարներ ուղարկուին տեղական մասնաճիւղին, որպէսզի գործածուին համաշխարհային գործին համար։ Այսպիսի պարագաներուն, երէցները որոշումը ժողովքին կը ներկայացնեն։ Եթէ որոշումը ընդունելութիւն գտնէ, գումարը կը ղրկուի։ Ամէն ամիս, ժողովքին հաշիւներուն հոգ տանող եղբայրը կը պատրաստէ տեղեկագիր մը, որ ժողովքին առջեւ կը կարդացուի։

20. Ինչպէ՞ս կրնաս «ստացուածքովդ» Եհովան պատուել։

20 Երբ նկատի առնենք թէ ի՜նչ հսկայածաւալ գործ կը տարուի ամբողջ աշխարհի մէջ Թագաւորութեան մասին քարոզելու եւ աշակերտելու համար, կը մղուինք ‘Տէրը պատուելու մեր ստացուածքով’ (Առ. 3։9, 10)։ Մեր ստացուածքը,– կամ արժէքաւոր բաները (ՆԱ),– կը պարփակէ մեր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր կարողութիւնները։ Վստահաբար կ’ուզենք այս բոլորը լիովին գործածել Թագաւորութեան գործին մէջ։ Բայց յիշէ որ մեր արժէքաւոր բաները կը պարփակեն նաեւ մեր նիւթական միջոցները։ Ուստի, թող որ վճռենք Եհովա Աստուծոյ տալ որքան որ կրնանք եւ երբ որ կրնանք։ Մեր կամաւոր նուիրատուութիւնները Եհովան կը պատուեն եւ ցոյց կու տան թէ մեսիական Թագաւորութեան կ’աջակցինք։

a Դիտարան–ի 15 յուլիս 1915 թիւը, էջ 218-219։

b Դիտարան–ի 1 օգոստոս 1899 թիւը, էջ 201։

c Ուսումնական մը կ’ըսէ որ «յօժարիլ» թարգմանուած յունարէն բառը «կանխորոշումի գաղափարը կը հաղորդէ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ճիշդ է որ անհատ մը տալով ինքնաբերաբար կ’ուրախանայ, բայց ան պէտք է զայն կանխաւ ծրագրէ եւ կանոնաւորաբար տայ» (Ա. Կոր. 16։2

d Աղէտեալներու օգնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար կարդա՛ 20–րդ գլուխը։

e Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան մասին մանրամասնութիւններ ձեռք ձգելու համար կարդա՛ 19–րդ գլուխը։