Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 2

Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ կը ծնի

Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ կը ծնի

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Աստուած իր ժողովուրդը կը պատրաստէ Թագաւորութեան ծնունդին համար

1, 2. Ո՞րն է աշխարհի պատմութեան ամենամեծ դէպքը, եւ ինչո՞ւ մարդիկ անոր ականատես չեղան։

 ԵՐԲԵՔ հարց տուա՞ծ ես թէ ի՛նչ պիտի զգայիր եթէ ապրած ըլլայիր պատմութեան այնպիսի դարձակէտի մը ընթացքին, որ ամբողջ աշխարհը ցնցեց։ Եթէ իրապէս այդպիսի նշանակալից ժամանակի մը մէջ ապրած ըլլայիր, ականատես պիտի ըլլայի՞ր այն կարեւոր դէպքերուն, որոնք փոփոխութիւններ մտցուցին հին վարչակարգերուն մէջ եւ որոնց մասին գրուած է պատմութեան էջերուն մէջ։ Հաւանաբար ո՛չ, որովհետեւ անոնք յաճախ տեղի ունեցած են գոց դռներու ետին,– պալատներու, խորհրդարաններու եւ կառավարական գրասենեակներու մէջ։ Ասով հանդերձ, ատոնք միլիոնաւորներու կեանքին ազդած են։

2 Ի՞նչ կարելի է ըսել աշխարհի պատմութեան ամենամեծ դէպքին մասին։ Անշուշտ կը խօսինք երկինքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդին մասին. երկար ժամանակէ ի վեր խոստացուած մեսիական կառավարութիւնը, որ շուտով այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Դանիէլ 2։34, 35, 44, 45)։ Ճիշդ է որ այս հետաքրքրաշարժ դէպքը միլիոնաւորներու կեանքին ազդած է, բայց մարդիկ անոր ականատես չեն եղած։ Լաւ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ պէտք է եզրակացնենք, թէ Եհովան ուզեց այս դէպքը մարդոցմէ գաղտնի պահել, թէ ոչ ան իր հաւատարիմ ժողովուրդը այս դէպքին համար կանխաւ պատրաստեց։ Տեսնենք։

‘Իմ պատգամաւորս իմ առջեւս ճամբայ պիտի պատրաստէ’

3-5. ա) Մաղաքիա 3։1–ի մէջ նշուած «ուխտին պատգամաւորը» ո՞վ է։ բ) «Ուխտին պատգամաւոր»ին տաճար գալէն առաջ ի՞նչ պիտի պատահէր։

3 Հին օրերէն ի վեր, Եհովան նպատակադրեց իր ժողովուրդը պատրաստել մեսիական Թագաւորութեան ծնունդին համար։ Օրինակ, նկատի առ Մաղաքիա 3։1–ի մարգարէութիւնը. «Ահա ես իմ դեսպանս [«պատգամաւորս», ՆԱ] կը ղրկեմ, որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։ Ձեր փնտռած Տէրը, [«եւ ուխտին պատգամաւորը», ՆԱ] որու կը հաւնիք, յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ»։

4 Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ մեր օրերուն։ Ե՞րբ է որ Եհովան՝ «Տէրը»՝ եկաւ քննելու անոնք որոնք իր հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ կը ծառայէին։ Մարգարէութիւնը կը բացատրէ, թէ Եհովան «ուխտին պատգամաւոր»ին հետ պիտի գար։ Ո՞վ էր ան։ Մեսիական Թագաւո՛րը՝ Յիսուս Քրիստոս (Ղուկ. 1։68-73)։ Նոր գահակալուած Կառավարիչ ըլլալով, ան պիտի քննէր ու զտէր Աստուծոյ ժողովուրդը (Ա. Պետ. 4։17

5 Իսկ ո՞վ էր Մաղաքիա 3։1–ին սկիզբը նշուած միւս «պատգամաւոր»ը։ Այս մարգարէացուած անձնաւորութիւնը ի յայտ պիտի գար մեսիական Թագաւորին ներկայութենէն բաւական առաջ։ 1914–էն տասնամեակներ առաջ, արդեօք մէկը մեսիական Թագաւորին ‘առջեւ ճամբայ պատրաստե՞ց’։

6. Ո՞վ կատարեց մարգարէացուած «պատգամաւոր»ին դերը, որ պիտի գար Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստելու գալիք դէպքերուն համար։

6 Այս գրքին մէջ, այս եւ այլ հարցումներու պատասխանները պիտի գտնենք Եհովայի արդի ժողովուրդին հետաքրքրաշարժ պատմութեան մէջ։ Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ 19–րդ դարու վերջաւորութեան, անկեղծ քրիստոնեաներու պզտիկ խումբ մը սկսաւ երեւիլ կեղծ քրիստոնեաներու ընդարձակ դաշտին մէջ։ Այդ խումբը ճանչցուեցաւ որպէս՝ Աստուածաշունչի Աշակերտներ։ Անոնց մէջ առաջնորդութիւն առնողները,– Չարլզ Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները,– մարգարէացուած «պատգամաւոր»ին դերը կատարեցին։ Անոնք Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւորապէս առաջնորդեցին եւ պատրաստեցին գալիք դէպքերուն։ Նկատի առնենք թէ ո՛ր չորս կերպերով անոնք «պատգամաւոր»ին դերը կատարեցին։

Ճշմարտութիւնով երկրպագել

7, 8. ա) 1800–ական թուականներուն, ո՞վ սկսաւ հոգիի անմահութեան սուտ վարդապետութիւնը քօղազերծել։ բ) Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները ի՞նչ այլ սուտ ուսուցումներ քօղազերծեցին։

7 Աստուածաշունչի Աշակերտները աղօթեցին եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին։ Ապա, համաձայնեցան վարդապետական յստակ ճշմարտութիւններու շուրջ, զանոնք հաւաքեցին եւ տպեցին։ Դարեր շարունակ, քրիստոնէական աշխարհը ընկղմած է հոգեւոր խաւարի մէջ. եւ իր ուսուցումները հեթանոսական հիմեր ունին։ Աչքառու օրինակ մըն է՝ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը։ Բայց 1800–ական թուականներուն, Աստուածաշունչի քանի մը անկեղծ աշակերտներ այդ ուսուցումը քննեցին եւ նկատեցին թէ աստուածաշնչական հիմ մը չունի։ Հենրի Կրու, Ճորճ Սթէթսըն եւ Ճորճ Սթոռզ քաջաբար գրեցին եւ դասախօսութիւններ տուին, այդ սատանայական սուտը քօղազերծելով a։ Անոնց աշխատանքը մեծ ազդեցութիւն ձգեց Չ. Թ. Ռասըլի եւ անոր ընկերակիցներուն վրայ։

8 Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պզտիկ խումբը նկատեց, թէ հոգիի անմահութեան առնչուող այլ վարդապետութիւններ եւս շփոթեցուցիչ եւ սուտ են,– ինչպէս՝ այն ուսուցումը, թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան, եւ թէ Աստուած չարերուն անմահ հոգիները յաւիտեան կը չարչարէ դժոխքի կրակին մէջ։ Ռասըլը եւ իր ընկերակիցները համարձակօրէն այդ սուտերը քօղազերծեցին բազմաթիւ յօդուածներու, գիրքերու, գրքոյկներու եւ թերթիկներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ լրագիրներու մէջ տպուած քարոզներու մէջ։

9. Սիօնի դիտարանը Երրորդութեան սուտ վարդապետութիւնը ինչպէ՞ս քօղազերծեց։

9 Աստուածաշունչի Աշակերտները նաեւ քօղազերծեցին մեծարուած Երրորդութեան վարդապետութիւնը որպէս սուտ ուսուցում։ 1887–ին, Սիօնի դիտարանը նշեց. «Սուրբ Գրութիւնները յստակ կերպով կը խօսին Եհովային ու մեր Տէր Յիսուսին երկու տարբեր անձնաւորութիւններ ըլլալուն եւ իրենց փոխյարաբերութեան մասին»։ Ապա յօդուածը նշեց, թէ ի՜նչ զարմանալի է որ «երրեակ Աստուծոյ մը գաղափարը,– երեք Աստուածներ մէկ անձի մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ մէկ Աստուած երեք անձի մէջ,– ընդունուած եւ լայնօրէն տարածուած է»։ Յօդուածը շարունակեց ըսելով, որ այս ցաւալի իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիները հոգեւորապէս խո՜ր քունի մէջ էին եւ թէ Սատանան կրցաւ այս սուտ ուսուցումը տարածել։

10. Դիտարան–ը ինչպէ՞ս նշեց թէ 1914–ը նշանակալից տարի մը պիտի ըլլար։

10 Ինչպէս որ իր խորագիրը ցոյց կու տայ, Սիօնի դիտարանը եւ Քրիստոսի ներկայութեան մունետիկը պարբերաթերթը խորապէս հետաքրքրուած էր Քրիստոսի ներկայութեան առնչուող մարգարէութիւններով։ Հաւատարիմ օծեալները, որոնք այդ պարբերաթերթին մէջ յօդուածներ կը գրէին, անդրադարձան թէ «եօթը ժամանակ»ին մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը կապ ունէր մեսիական Թագաւորութեան առնչուող Աստուծոյ խոստումներուն կատարման ժամանակին հետ։ 1870–ական թուականներուն անոնք նշեցին որ «եօթը ժամանակ»ը 1914–ին պիտի աւարտէր (Դան. 4։25. Ղուկ. 21։24)։ Հակառակ անոր որ այդ ատեն մեր եղբայրները այդ կարեւոր տարուան լման նշանակութիւնը չըմբռնեցին, բայց իրենց գիտցած ճշմարտութիւնները ամէն տեղ ծանուցանեցին, եւ անոնց կատարած աշխատանքին ազդեցութիւնը տակաւին զգալի է։

11, 12. ա) Եղբայր Ռասըլ իր սորվեցուցածներուն վարկը որո՞ւն վերագրեց։ բ) 1914–էն տասնամեակներ առաջ Ռասըլի եւ անոր ընկերակիցներուն կատարած աշխատանքը որքա՞ն կարեւոր էր։

11 Ո՛չ Ռասըլ, ոչ ալ իր հաւատարիմ ընկերակիցները այս կարեւոր հոգեւոր ճշմարտութիւնները բացայայտելու եւ ըմբռնելու վարկը իրենց վերագրեցին։ Ռասըլ մեծապէս գնահատեց այն անհատները, որոնք իրմէ առաջ ճշմարտութիւններ բացայայտած էին։ Իսկ վարկը տուաւ Եհովա Աստուծոյ, որ Իր ժողովուրդին հոգեւոր կարիքը ատենին կը գոհացնէր։ Յստակ է որ Եհովան օրհնեց ճշմարտութիւնը մաղելու Ռասըլի եւ անոր ընկերակիցներուն ջանքերը։ Տարիներու ընթացքին, անոնք քրիստոնէական աշխարհէն ա՛լ աւելի հեռու մնացին։

Եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները պաշտպանեցին

12 1914–էն տասնամեակներ առաջ այդ հաւատարիմ տղամարդիկը ճշմարտութիւնը ջատագովելու մէջ հոյակապ աշխատանք տարին։ Դէպի ետեւ ակնարկ մը նետելով, Դիտարանը եւ Քրիստոսի ներկայութեան մունետիկը պարբերաթերթին 1 նոյեմբեր 1917 թիւը նշեց. «Այսօր միլիոնաւորներ կը զգան թէ դժոխքի կրակին եւ այլ սխալ վարդապետութիւններու պատճառած վախէն ազատած են. . . Ճշմարտութեան հսկայ ալիքները, որոնք սկսան բարձրանալ քառասուն տարի առաջ, տակաւին կը բարձրանան եւ պիտի շարունակեն բարձրանալ մինչեւ որ ամբողջ երկրագունդը ծածկեն. իսկ հակառակորդներուն համար, աւելի դիւրին է պարզ աւելով մը հսկայ ովկիանոսի մը բարձր ալիքները աւլել, քան՝ արգիլել ճշմարտութիւնը երկրագունդին չորս կողմը տարածուելէ»։

13, 14. ա) «Պատգամաւոր»ը մեսիական Թագաւորին առջեւ ինչպէ՞ս ճամբան պատրաստեց։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ աւելի քան 100 տարի առաջ ապրած մեր եղբայրներէն։

13 Պահ մը մտածէ. իսկական քրիստոնեաները Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբին պատրաստուած պիտի ըլլայի՞ն, եթէ կարող չըլլային զանազանել թէ Յիսուսն ու Եհովան երկու տարբեր անձնաւորութիւններ են։ Անոնք պատրաստուած պիտի ըլլայի՞ն, եթէ խորհէին որ անմահութիւնը անխտիր ամէն մարդու տրուելիք բան մըն է, եւ ոչ թէ անգին պարգեւ մը՝ որ կը շնորհուի միայն Քրիստոսի սերտօրէն հետեւող թիւով քիչ անհատներու։ Կամ, անոնք պատրաստուած պիտի ըլլայի՞ն, եթէ մտածէին թէ Աստուած մարդիկը յաւիտեան կը տանջէ դժոխքի կրակին մէջ, ուրկէ ազատում չկայ։ Անկասկած, «պատգամաւոր»ը մեսիական Թագաւորին առջեւ ճամբան պատրաստեց։

14 Ի՞նչ կարելի է ըսել այսօր մեր մասին։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ աւելի քան 100 տարի առաջ ապրած մեր եղբայրներէն։ Մե՛նք ալ պէտք է Աստուծոյ Խօսքին անյագ ընթերցողներ եւ աշակերտներ ըլլանք (Յովհ. 17։3)։ Մինչ այս նիւթապաշտ աշխարհը հոգեւոր գետնի վրայ սովամահ կը դառնայ, թող մեր ախորժակը հոգեւոր սնունդին հանդէպ հետզհետէ բացուի (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։15

«Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս»

15. Աստուածաշունչի Աշակերտները կամաց–կամաց ի՞նչ բանի անդրադարձան (տես նաեւ ստորանիշը)։

15 Աստուածաշունչի Աշակերտները սորվեցուցին, թէ հարկ է աշխարհի եկեղեցիներէն դուրս գալ։ 1879–ին, Դիտարան–ը խօսեցաւ «Բաբելոնական եկեղեցի»ին մասին։ Արդեօք անիկա ի մտի ունէր պապականութի՞ւնը, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցի՞ն։ Բողոքական յարանուանութիւններ դարեր շարունակ կը սեպէին որ Աստուածաշունչին մէջ մարգարէացուած Բաբելոնը կը ներկայացնէ կաթողիկէ եկեղեցին։ Բայց Աստուածաշունչի Աշակերտները կամաց–կամաց անդրադարձան, թէ քրիստոնէական աշխարհի բոլոր եկեղեցիները պարփակուած են արդի «Բաբելոն»ին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորն ալ վարդապետական սուտեր կը սորվեցնէին, որոնցմէ ոմանք արդէն նշեցինք b։ Ժամանակի ընթացքին, մեր հրատարակութիւնները ուղղակի ըսին, թէ բաբելոնական եկեղեցիներուն պատկանող ազնուասիրտ անհատներ ի՛նչ պէտք էր ընէին։

16, 17. ա) Հազարամեայի արշալոյս–ին 3–րդ հատորը եւ Դիտարան–ը ինչպէ՞ս մարդիկը յորդորեցին, որ սուտ կրօնքէն դուրս գան։ բ) Ինչո՞ւ համար այս ազդարարութիւնները սկիզբը լուրջի չէին առնուեր (տե՛ս ստորանիշը)։

16 Օրինակ 1891–ին, Հազարամեայի արշալոյս–ին 3–րդ հատորը քննարկեց, թէ Աստուած արդի Բաբելոնը մերժած է եւ նշեց. «Քրիստոնէական աշխարհի բոլո՛ր եկեղեցիները մերժուած են»։ Ապա աւելցուց, թէ բոլոր անոնք՝ որոնք «համամիտ չեն անոր [Մեծ Բաբելոնին] սուտ ուսուցումներուն եւ սովորութիւններուն, թող դուրս գան անոր մէջէն»։

17 Յունուար 1900–ին, Դիտարան–ին մէջ յօդուած մը կար, որ ուղղուած էր անոնց՝ որոնք իրենց անդամակցութիւնը պահեցին քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն եւ իրենց ընթացքը արդարացուցին, ըսելով. «Սրտով ու հոգիով ճշմարտութեան կողքին դիրք կը բռնեմ, եւ շատ քիչ անգամներ կ’երթամ կրօնական այլ ժողովներու»։ Յօդուածը հարց տուաւ. «Արդեօք ասիկա ճի՞շդ է։ Պէ՞տք է որ քրիստոնեային մէկ ոտքը Բաբելոնին մէջ ըլլայ, իսկ միւսը՝ անկէ դուրս։ Արդեօք Աստուած այսպիսի՞ հնազանդութիւն կը պահանջէ. . . ու հաճոյալի եւ ընդունելի կը գտնէ։ Վստահաբար ո՛չ։ Երբ իր յարանուանութեան միացաւ, ան [եկեղեցիի մը անդամը] հանրապէս անոր հետ ուխտ ըրաւ. եւ պէտք է այդ ուխտին պայմաններուն համաձայն ապրի մինչեւ որ. . . հանրապէս հրաժարի այդ եկեղեցիին անդամակցելէ»։ Տարիներու ընթացքին այս հարցը աւելի բացայայտ եւ լուրջ դարձաւ c։ Եհովային ծառաները պէտք էր ամէ՛ն կապ խզէին սուտ կրօնքին հետ։

18. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր որ մարդիկ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գային։

18 Լաւ կ’ըլլայ որ հարց տանք. նորաթագ Թագաւոր՝ Քրիստոս երկրի վրայ պատրաստուած օծեալ ծառաներու խումբ մը պիտի ունենա՞ր, եթէ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գալու շարունակական ազդարարութիւններ չըլլային։ Անշուշտ ո՛չ. քանի որ միայն Բաբելոնէն դուրս ելած քրիստոնեաները կրնան Եհովան «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտել (Յովհ. 4։24)։ Այսօր, մենք ալ վճռա՞ծ ենք սուտ կրօնքէն հեռու մնալ։ Շարունակե՛նք հնազանդիլ սա պատուէրին. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս» (կարդա՛ Յայտնութիւն 18։4

Պաշտամունքի համար հաւաքուիլ

19, 20. Դիտարան–ը ինչպէ՞ս Աստուծոյ ժողովուրդը քաջալերեց որ պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուին։

19 Աստուածաշունչի Աշակերտները սորվեցուցին, թէ հաւատակիցները պէտք է պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուին։ Հարազատ քրիստոնեաներուն համար բաւարար չէ սուտ կրօնքէն դուրս գալ։ Կարեւոր է նաեւ, որ անոնք մաքուր պաշտամունքին մէջ բաժին բերեն։ Իր առաջին թիւերուն մէջ իսկ Դիտարան–ը քաջալերեց ընթերցողները, որ պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուին։ Օրինակ յուլիս 1880 թիւին մէջ, եղբայր Ռասըլ տեղեկագիր մը գրեց իր կատարած ճառախօսական շրջագայութիւններէն մէկուն մասին, պատմելով որ բազմաթիւ ժողովները որքա՜ն քաջալերական էին։ Ապա, ընթերցողները քաջալերեց, որ իրենց յառաջդիմութեան մասին ղրկեն տեղեկագիրներ, որոնցմէ ոմանք պարբերաթերթին մէջ պիտի տպուէին։ Ի՞նչ էր Ռասըլի նպատակը։ «Թող բոլորս գիտնանք. . . թէ Տէրը ինչպէ՛ս ձեզ կ’օրհնէ, եւ թէ արդեօք ժողովներուն ներկայ կը գտնուի՛ք անոնց հետ՝ որոնք ձեր թանկարժէք հաւատքը կը բաժնեն»։

Չարլզ Ռասըլ եւ Աստուածաշունչի Աշակերտներու խումբ մը Քոփենհակընի մէջ, Դանիա (1909)

20 1882–ին, «Միասին հաւաքուինք» խորագրով յօդուած մը լոյս տեսաւ Դիտարան–ին մէջ։ Յօդուածը քրիստոնեաները քաջալերեց որ համախմբուին «մէկզմէկ կերտելու, քաջալերելու եւ զօրացնելու համար»։ Ատիկա նշեց. «Պայման չէ որ ձեր մէջ ըլլան ուսեալ կամ հմուտ անհատներ։ Կը բաւէ որ բոլո՛րդ ձեր Աստուածաշունչը, թուղթը եւ մատիտը բերէք, եւ կարելի եղածին չափ օգտուեցէք մատչելի հրատարակութիւններէն, զոր օրինակ՝ Աստուածաշունչի համաբարբառէն։ Նիւթ մը ընտրեցէք, զայն հասկնալու համար՝ սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրեցէք. ապա կարդացէք, մտածեցէք, համարները իրարու հետ համեմատեցէք։ Այսպիսով, վստահաբար ճշմարտութեան պիտի առաջնորդուիք»։

21. Էլլիկէյնիի մէջ գտնուող ժողովքը ի՞նչ բանի մէջ օրինակ հանդիսացաւ։

21 Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կեդրոնատեղին կը գտնուէր Էլլիկէյնիի մէջ, Փէնսիլվանիա (ԱՄՆ)։ Հոն, մէկտեղ հաւաքուելու ներշնչեալ խրատին հնազանդելուն մէջ անոնք լաւ օրինակ հանդիսացան (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Չարլզ Գէյփըն, որ այդ տարիներուն տակաւին երեխայ էր, յետագային գրեց. «Տակաւին կը յիշեմ համար մը, որ Ընկերութեան համաժողովի սրահին պատին վրայ գրուած էր։ ‘Ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէ՛նքդ եղբայր էք’։ Այդ համարը միշտ վառ մնացած է մտքիս մէջ։ Եհովային ժողովուրդին մէջ կղերական դասակարգ չկայ» (Մատ. 23։8, 9ա)։ Եղբայր Գէյփըն նաեւ յիշեց ոգեւորիչ ժողովները, ջերմ քաջալերութիւնը եւ եղբայր Ռասըլին թափած ժրաջան ջանքերը, որպէսզի ժողովքին իւրաքանչիւր անդամը անձամբ հովուէ։

22. Հաւատարիմ մարդիկ ինչպէ՞ս հակազդեցին քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելու քաջալերութեան, եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոնցմէ։

22 Հաւատարիմ մարդիկ այս օրինակին եւ տրուած ցուցմունքին հետեւեցան։ Ժողովքներ կազմուեցան ուրիշ նահանգներու մէջ, ինչպէս՝ Օհայօ եւ Միշիկըն. ապա՝ ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւ ուրիշ երկիրներու մէջ եւս։ Լաւ է որ դարձեալ հարց տանք. հաւատարիմ մարդիկ Քրիստոսի ներկայութեան պատրաստուած պիտի ըլլայի՞ն, եթէ չհնազանդէին պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուելու ներշնչեալ խրատին։ Վստահաբար ո՛չ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Մենք ալ պէտք է վճռենք քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ՝ միասնաբար Եհովան պաշտելու եւ մէկզմէկ հոգեւորապէս կերտելու ամէն պատեհութիւն օգտագործելով։

Նախանձախնդիր քարոզչութիւն

23. Դիտարան–ը ինչպէ՞ս յստակացուց, որ բոլոր օծեալները պէտք էր ճշմարտութեան քարոզիչներ ըլլային։

23 Աստուածաշունչի Աշակերտները սորվեցուցին, թէ բոլոր օծեալները պէտք է ճշմարտութեան մասին քարոզեն։ 1885–ին, Դիտարան–ը ըսաւ. «Պէտք չէ մոռնանք որ իւրաքանչիւր օծեալ օծուած է քարոզելու (Եսա. 61։1), այսինքն՝ իրեն կոչ ուղղուած է ծառայելու»։ Իսկ 1888–ի մէկ թիւը հետեւեալ խրատը տուաւ. «Մեր յանձնարարութիւնը յստակ է. . . Եթէ զայն անտեսենք եւ զայն չկատարելու պատրուակներ բռնենք, ցոյց կու տանք որ ծոյլ ծառաներ ենք եւ արժանի չենք օծեալ ըլլալու մեր մեծ առանձնաշնորհումին»։

24, 25. ա) Ռասըլն ու իր ընկերակիցները ինչպէ՞ս քարոզելու յորդոր տալէն աւելի՛ն ըրին։ բ) Հրատարակութիւններ բաշխող մը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ իր գործունէութիւնը։

24 Եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները քարոզելու յորդոր տալէն աւելի՛ն ըրին։ Անոնք նաեւ սկսան հրատարակել թերթիկներ՝ Աստուածաշունչի Աշակերտներու թերթիկներ խորագրով, որոնք յետագային նաեւ կոչուեցան Եռամսեայ՝ հին աստուածաբանութիւն։ Դիտարան–ի ընթերցողները այս թերթիկները ստացան, որպէսզի զանոնք ձրիաբար մարդոց բաժնեն։

Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Քարոզչութիւնը կեանքիս մէջ առաջին տեղը

25 Լիաժամ ծառայութեան մասնակցողները կոչուեցան հրատարակութիւններ բաշխողներ։ Նախապէս նշուած Չարլզ Գէյփըն անոնցմէ մէկն էր։ Յետագային ան ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական տեղագրութեան գրասենեակին պատրաստած քարտէսները օգտագործեցի, Փէնսիլվանիոյ թաղամասը ծածկելու համար։ Այդ քարտէսները ցոյց կու տային բոլոր ճամբաները, կարելի դարձնելով որ նահանգին բոլոր շրջանները քալելով հասնիմ։ Երբեմն, երեք օր շրջելէ եւ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ հրատարակութեան հատորներուն ապսպրանքները գրի առնելէ ետք, ձիակառք մը կը վարձէի, որպէսզի գիրքերը բաժնեմ։ Յաճախ հողագործներուն քով կը քնանայի։ Այսպէս կը քարոզէինք այդ ատեն՝ երբ շատ ինքնաշարժներ չկային»։

Հրատարակութիւններ բաշխող մը։ Կառքին վրայ գծուած է «Դարերու քարտէսը»

26. ա) Քրիստոսի իշխանութեան պատրաստուելու համար, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ պէտք էր քարոզչութեան մասնակցէր։ բ) Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի ո՞ր հարցումները ուղղենք։

26 Այդ ատեն քարոզչութեան մասնակցելու համար, եղբայրները պէտք էր քաջ եւ նախանձախնդիր ըլլային։ Դարձեալ հարց տանք. ճշմարիտ քրիստոնեաները պատրաստուած պիտի ըլլայի՞ն Քրիստոսի իշխանութեան, եթէ քարոզչութեան կարեւորութեան չգիտակցէին։ Վստահաբար ո՛չ։ Վերջ ի վերջոյ, այդ գործունէութիւնը Քրիստոսի ներկայութեան աչքառու մէկ ապացոյցը պիտի դառնար (Մատ. 24։14)։ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք էր պատրաստուած ըլլար՝ այս փրկարար գործը առաջին տեղը դնելու։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Քարոզչութիւնը կեանքիս մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ՞։ Զոհողութիւններ կ’ընե՞մ որ այդ գործունէութեան լիովին մասնակցիմ’։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծնի՛

27, 28. Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը ի՞նչ տեսաւ, եւ Սատանան ու անոր դեւերը ինչպէ՞ս հակազդեցին Թագաւորութեան ծնունդին։

27 Ի վերջոյ, նշանակալից տարին՝ 1914–ը հասաւ։ Ինչպէս որ այս գլուխին սկիզբը քննարկեցինք, մարդիկ ականատես չեղան երկինքի մէջ տեղի ունեցած փառաւոր դէպքերուն։ Բայց Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ այդ դէպքերուն այլաբանական նկարագրութիւնը։ Երեւակայէ. Յովհաննէս «մեծ նշան մը» կը տեսնէ երկինքին մէջ։ Աստուծոյ «կինը»,– երկնային հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Իր կազմակերպութիւնը,– յղի է եւ ծնունդ կու տայ արու զաւակի մը։ Յովհաննէս կը պատմէ, թէ այս այլաբանական զաւակը շուտով ‘երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ բոլոր ազգերը’։ Բայց ծնելէն անմիջապէս ետք, զաւակը ‘կը յափշտակուի Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով’։ Ապա երկինքին մէջ բարձր ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէ. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը» (Յայտ. 12։1, 5, 10

28 Անկասկած Յովհաննէս տեսիլքով մեսիական Թագաւորութեան ծնունդը տեսաւ։ Այդ դէպքը վստահաբար փառաւոր էր, բայց բոլորը չհաճեցուց։ Սատանան եւ իր դեւերը պատերազմեցան հաւատարիմ հրեշտակներուն դէմ, որոնք Միքայէլին, կամ Քրիստոսին, առաջնորդութեան տակ էին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Կը կարդանք. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտ. 12։7, 9

1914–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան Քրիստոսի աներեւոյթ ներկայութեան նշանը զատորոշել

29, 30. Մեսիական Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, վիճակները ինչպէ՞ս փոխուեցան ա) երկրի վրայ, բ) երկինքի մէջ։

29 1914–էն տարիներ առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները ըսին թէ այդ տարի դժուար ժամանակներ պիտի սկսէին։ Բայց նոյնիսկ իրենք չկրցան պատկերացնել, թէ որքա՛ն ճշգրիտ պիտի ելլէր այդ կանխատեսութիւնը։ Ինչպէս որ Յովհաննէսի տեսիլքը յայտնեց, Սատանան այդ ատեն պիտի սկսէր ա՛լ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ մարդկային ընկերութեան վրայ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտ. 12։12)։ 1914–ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմը ծագեցաւ եւ Քրիստոսի ներկայութեան նշանը որպէս Թագաւոր աշխարհի վրայ ակնյայտ դարձաւ։ Այդպիսով, այս աշխարհին «վերջին օրերը» սկսան (Բ. Տիմ. 3։1

30 Բայց, երկինքի մէջ ուրախութիւն եղաւ։ Սատանան եւ իր դեւերը երկինքէն յաւիտեան վտարուեցան։ Յայտնութիւն գրքին մէջ կը կարդանք. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ» (Յայտ. 12։12)։ Քանի որ երկինքը մաքրուեցաւ եւ Յիսուս թագաւորական գահին վրայ նստաւ, մեսիական Թագաւորութիւնը այժմ պատրաստ էր Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ գործելու։ Ատիկա ի՞նչ քայլեր պիտի առնէր։ Ինչպէս որ այս գլուխին սկիզբը տեսանք, «ուխտին պատգամաւորը» ըլլալով՝ Քրիստոս նախ եւ առաջ Աստուծոյ ծառաները պիտի զտէր։ Ատիկա ի՞նչ պիտի նշանակէր։

Փորձութեան ժամանակ

31. Մաղաքիան զտումի ժամանակաշրջանին մասին ի՞նչ մարգարէացաւ, եւ այդ մարգարէութեան կատարումը ինչպէ՞ս սկսաւ (տես նաեւ ստորանիշը)։

31 Մաղաքիան մարգարէացաւ որ զտումը դիւրին պիտի չըլլար։ Ան գրեց. «Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։ Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ» (Մաղ. 3։2)։ Այդ խօսքերը որքա՜ն ճիշդ ելան։ 1914–էն սկսեալ Աստուծոյ ժողովուրդը իրարայաջորդ մեծ փորձութիւններ եւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց։ Երբ Ա. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, բազմաթիւ Աստուածաշունչի Աշակերտներ վայրագօրէն հալածուեցան եւ բանտարկուեցան d։

32. 1916–էն ետք կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս ներսէն ցնցուեցաւ։

32 Կազմակերպութիւնը ներսէն ալ ցնցուեցաւ։ 1916–ին, եղբայր Ռասըլ 64 տարեկանին մահացաւ։ Իր մահուան լուրը լսելով, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր ցնցուեցան։ Այն ատեն ի յայտ եկաւ, որ չափէ դուրս կարեւորութիւն կը տրուէր այդ օրինակելի անհատին։ Թէեւ եղբայր Ռասըլ այդպիսի ակնածանք չէր ուզած, բայց շատեր սկսած էին զինք պաշտելու աստիճան մեծարել։ Անոնք խորհեցան որ ճշմարտութեան աստիճանական յայտնութիւնը իր մահով վերջ գտած էր, եւ ոմանք կազմակերպութեան յառաջդիմական ջանքերուն դէմ կեցան։ Այդ կեցուածքը հաւատուրացութիւն յառաջացուց, ինչ որ կազմակերպութեան մէջ պառակտումներ պատճառեց։

33. Յուսախաբութիւնները ինչպէ՞ս Աստուծոյ ժողովուրդը փորձեցին։

33 Յուսախաբութիւնները այլ փորձութիւն մըն էին Աստուծոյ ժողովուրդին համար։ Թէեւ Դիտարան–ը նշած էր որ ազգերուն ժամանակները պիտի վերջանային 1914–ին, բայց եղբայրները տակաւին չէին հասկցած թէ այդ տարի ի՛նչ տեղի պիտի ունենար (Ղուկ. 21։24)։ Անոնք կարծեցին որ 1914–ին Քրիստոս իր օծեալ հարս դասակարգը երկինք պիտի տանէր՝ որ իրեն հետ իշխէր։ Այդ ակնկալութիւնները չիրականացան։ Ապա, 1917–ի աւարտին, Դիտարան–ը յայտարարեց որ 40 տարի տեւող հունձքի ժամանակը վերջ պիտի գտնէր 1918–ի գարնան։ Բայց քարոզչութիւնը վերջ չգտաւ, այլ շարունակեց այդ թուականէն ետք յառաջդիմութիւն արձանագրել։ Պարբերաթերթը ըսաւ որ հունձքը իրապէս աւարտած էր, բայց դեռ ճռաքաղութեան ժամանակ կար։ Ասով հանդերձ, շատեր յուսախաբ ըլլալով՝ Եհովային ծառայելէ դադրեցան։

34. 1918–ին Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ սարսափելի փորձութիւն դիմագրաւեց, եւ քրիստոնէական աշխարհը ինչո՞ւ կարծեց որ անոնք «մեռած էին»։

34 1918–ին, քրիստոնեաները սարսափելի փորձութիւն մը դիմագրաւեցին։ Չ. Թ. Ռասըլի յաջորդը՝ Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ եօթը այլ պատասխանատու եղբայրներու հետ ձերբակալուեցաւ։ Անոնք անարդարօրէն երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան Աթլանթայի դաշնակցային բանտին մէջ, Ճորճիա (ԱՄՆ)։ Ժամանակ մը այնպէս թուեցաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը անդամալուծուած է։ Քրիստոնէական աշխարհի կղերներէն շատեր ուրախացան։ Անոնք ենթադրեցին որ հիմա որ «առաջնորդները» բանտարկուեցան, Պրուքլինի կեդրոնատեղին փակուեցաւ եւ Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ քարոզչութիւնը յարձակման ենթարկուեցաւ, այդ վտանգաւոր Աստուածաշունչի Աշակերտները «մեռած էին». ուրիշ խօսքով, ա՛լ սպառնալիք մը չէին ներկայացներ (Յայտ. 11։3, 7-10)։ Բայց անոնք որքա՜ն կը սխալէին։

Վերակենդանացման ժամանակաշրջան

35. Յիսուս ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ իր հետեւորդները փորձութիւններ կրեն, եւ անոնց օգնելու համար ի՞նչ քայլ առաւ։

35 Ճշմարտութեան հակառակորդները չէին գիտեր թէ Յիսուս թոյլ կու տար որ իր ժողովուրդը այս փորձութիւնները կրէ, միայն քանի որ Եհովան այդ ատեն ‘արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս նստած էր’ (Մաղ. 3։3)։ Եհովան եւ իր Որդին վստահ էին, որ հաւատարիմները կրակոտ փորձութիւններէն դուրս պիտի գային զտուած, մաքրուած եւ աւելի պատրաստուած՝ Թագաւորին ծառայելու համար։ 1919–ի սկիզբէն իսկ յստակ դարձաւ, որ Աստուծոյ հոգին ըրած էր այն ինչ որ թշնամիներուն աչքին անկարելի էր։ Հաւատարիմները վերակենդանացա՛ծ էին (Յայտ. 11։11)։ Այդ ժամանակ, Քրիստոս վերջին օրերու նշանին բանալի մէկ երեսակը կատարեց. ան նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»՝ օծեալ տղամարդոցմէ բաղկացած պզտիկ խումբ մը, որ իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն պիտի առնէր՝ ատենին հոգեւոր սնունդ տալու համար (Մատ. 24։45-47

36. Ի՞նչ բան ցոյց տուաւ որ Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւորապէս վերակենդանացած էր։

36 Եղբայր Ռատըրֆորտ եւ իր ընկերակիցները բանտէն ազատ արձակուեցան 26 մարտ 1919–⁠ին։ Շատ չանցած, պատրաստութիւններ եղան որ սեպտեմբերին համաժողով մը տեղի ունենայ։ Ինչպէս նաեւ ծրագրուեցաւ հրատարակել երկրորդ պարբերաթերթ մը, որ պիտի կոչուէր՝ Ոսկեդար։ Դիտարան–⁠ին ընկերակիցը ըլլալով, անիկա ծրագրուեցաւ գործածուելու քարոզչութեան մէջ e։ Նոյն տարին, առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսաւ Տեղեկագիր–⁠ը, որ այժմ «Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը» ժողովին տետրն է։ Անիկա սկիզբէն իսկ ընթերցողները քաջալերած է զբաղած մնալու դաշտի ծառայութեան մէջ։ Անկասկած, 1919–⁠էն սկսեալ աւելի մեծ շեշտ դրուեցաւ տունէ տուն ծառայութեան վրայ։

37. 1919–ին յաջորդող տարիներուն ոմանք ինչպէ՞ս անհաւատարիմ գտնուեցան։

37 Քարոզչութիւնն ալ Քրիստոսի ծառաները զտեց, քանի որ հպարտներն ու գոռոզները չփափաքեցան այս խոնարհ գործը կատարել։ Այդպիսիները հաւատարիմներէն անջատուեցան։ 1919–ին յաջորդող տարիներուն, կարգ մը անհաւատարիմ մարդիկ բարկութեամբ լեցուած սկսան Աստուծոյ ժողովուրդը զրպարտել եւ նոյնիսկ հակառակորդներուն կողմը անցան։

38. Քրիստոսի հետեւորդներուն յաջողութիւններն ու յաղթանակները ի՞նչ կը փաստեն։

38 Հակառակ այս յարձակումներուն, Քրիստոսի հետեւորդները շարունակեցին շատնալ եւ հոգեւորապէս բարգաւաճիլ։ Անկէ ի վեր, անոնց իւրաքանչիւր յաջողութիւնը եւ իւրաքանչիւր յաղթանակը կը փաստեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛։ Իր Որդիին եւ մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ հայթայթած Աստուծոյ աջակցութեամբ եւ օրհնութեա՛մբ է, որ խումբ մը անկատար մարդիկ կրնան Սատանայի եւ անոր չար աշխարհին վրայ իրարայաջորդ յաղթանակներ տանիլ (կարդա՛ Եսայի 54։17

Ռատըրֆորտ բանտէն արձակուելէն միայն քանի մը ամիս ետք՝ համաժողովի մէջ դասախօսութիւն կու տայ

39, 40. ա) Այս գրքին կարգ մը առանձնայատկութիւնները ի՞նչ են։ բ) Այս գիրքը ուսումնասիրելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

39 Յաջորդ գլուխներուն մէջ պիտի քննարկենք, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ ի՛նչ իրագործած է 1914–ին երկինքի մէջ հաստատուելէն ի վեր։ Այս գրքին իւրաքանչիւր մասը նկատի պիտի առնէ երկրի վրայ Թագաւորութեան գործին մէկ երեսակը։ Իւրաքանչիւր գլուխի վերաքաղի հարցումները մեզի անհատապէս պիտի օգնեն տեսնելու, թէ Թագաւորութիւնը որքա՜ն իրական է մեզի համար։ Վերջին գլուխներուն մէջ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ կրնանք ակնկալել երբ Թագաւորութիւնը մօտիկ ապագային գայ՝ չարերը բնաջնջելու եւ դրախտային երկիր մը հաստատելու համար։ Այս գիրքը ուսումնասիրելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

40 Սատանան կ’ուզէ Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ հաւատքդ տկարացնել։ Բայց Եհովան կ’ուզէ ամրացնել զայն, որպէսզի քեզ պաշտպանէ ու զօրացնէ (Եփ. 6։16)։ Անոր համար, քեզ կը քաջալերենք որ այս գիրքը ուշի–ուշով ուսումնասիրես։ Շարունակ դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինծի համար իրակա՞ն է’։ Որքա՛ն աւելի անիկա քեզի համար հիմա իրական ըլլայ, ա՛յնքան աւելի հաւանականութիւն կ’ըլլայ որ ըլլաս հաւատարիմ ու ժրաջան Թագաւորութեան քարոզիչներու շարքին ա՛յն օրը, երբ ամէն մարդ պիտի տեսնէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական է եւ թէ անիկա կ’իշխէ՛։

a Կրուին, Սթէթսընին եւ Սթոռզին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 45-46 (անգլերէն)։

b Թէեւ Աստուածաշունչի Աշակերտները տեսան թէ հարկ կար հեռանալ աշխարհի հետ կապ պահող կրօնական կազմակերպութիւններէն, բայց տարիներ շարունակ անոնք քրիստոնեայ եղբայրներ նկատեցին այն անհատները, որոնք Աստուածաշունչի Աշակերտներ չըլլալով հանդերձ փրկանքին կը հաւատային եւ կը դաւանէին թէ Աստուծոյ նուիրուած էին։

c Սկիզբը, այս ազդարարութիւնները լուրջի չէին առնուեր, քանի որ գլխաւորաբար կը կիրարկուէին Քրիստոսի պզտիկ հօտին, որ կը բաղկանայ 144,000 անհատներէ։ 5–րդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, թէ 1935–էն առաջ կը կարծուէր որ Յայտնութիւն 7։9, 10–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութիւն»ը պիտի պարփակէր քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն անհամար անդամները, որոնք վերջին օրերուն Քրիստոսի կողքին դիրք բռնելուն համար պիտի վարձատրուէին՝ կազմելով երկնային երկրորդական դասակարգ։

d Սեպտեմբեր 1920–ին, Ոսկեդար–ը (այժմ՝ Զարթի՛ր) հրատարակեց մասնաւոր թիւ մը, որ մանրամասնօրէն կը պատմէր պատերազմին ընթացքին եղբայրներուն կրած հալածանքները Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ Քանատայի մէջ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին նախորդող տարիներուն այսպիսի հալածանքներ հազուադէպ էին։

e Տարիներ շարունակ, Դիտարան–ը ծրագրուեցաւ գլխաւորաբար պզտիկ հօտին անդամները կերտելու։