Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը տենչա՞ս տեսնել Թագաւորութեան խոստումներուն կատարումը

ՄԱՍ 7

Թագաւորութեան խոստումները. Եհովան ամէն բան նոր կ’ընէ

Թագաւորութեան խոստումները. Եհովան ամէն բան նոր կ’ընէ

ԾԱՌԷՆ համեղ խնձոր մը կը քաղես։ Սակառին մէջ դնելէ առաջ, անոր անուշ բոյրը կը հոտուըտաս։ Հակառակ անոր որ ժամերէ ի վեր կ’աշխատիս, յոգնած չես եւ կը զգաս թէ կրնաս տակաւի՛ն աշխատիլ։ Մայրդ մօտակայ ծառի մը քով է, ուրախութեամբ կ’աշխատի եւ կը խօսակցի ընտանիքիդ ուրիշ անդամներուն ու բարեկամներու հետ, որոնք եկած են բերքահաւաքին օգնելու։ Ան շա՜տ երիտասարդ է, ճիշդ ինչպէս որ էր տարինե՜ր առաջ՝ երբ դուն փոքրիկ էիր։ Քեզի համար դժուար է հաւատալ որ ժամանակ մը առաջ անոր ծերութեան ականատես եղար աշխարհի մը մէջ՝ որ ա՛լ գոյութիւն չունի։ Տեսար թէ ինչպէ՛ս հիւանդութեան պատճառաւ աչքիդ առջեւ ան կը մաշէր։ Կը յիշես թէ իր ձեռքը բռնած էիր երբ ան իր վերջին շունչը առաւ եւ թէ գերեզմանը որքա՜ն լացիր։ Բայց ահաւասի՛կ ան, ուրիշներու հետ մէկտեղ, ողջ–առողջ է։

Այդպիսի օրեր պիտի գա՛ն,– այս մէկը հաստատ գիտենք։ Այդպէս համոզուած ենք, քանի որ Աստուած իր խոստումները մի՛շտ կը կատարէ։ Այս մասին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ Թագաւորութեան առնչուող կարգ մը իրադարձութիւններ ինչպէ՛ս մօտիկ ապագային պիտի կատարուին, առաջնորդելով Արմագեդոնի պատերազմին։ Նաեւ պիտի տեսնենք Թագաւորութեան այն հոյակապ խոստումները, որոնք Արմագեդոնէն ետք պիտի կատարուին։ Որքա՜ն պիտի ուրախանանք երբ մեր աչքերով տեսնենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ կը տիրէ՝ ամէն բան նոր ընելով։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 21

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ

Հիմակուընէ կրնաս պատրաստուիլ Արմագեդոն պատերազմին համար։

ԳԼՈՒԽ 22

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ

Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։