Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 22

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Թագաւորութիւնը մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ բոլոր խոստումները կը կատարէ

1, 2. ա) Երբեմն ինչո՞ւ դժուար կրնայ ըլլալ Դրախտը իրողութիւն տեսնել։ բ) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ Աստուծոյ խոստումներուն նկատմամբ մեր հաւատքը զօրացնենք։

 ՃՆՇԻՉ օրուան մը վերջաւորութեան եղբայր մը ժողովի կը հասնի։ Ան շատ յոգնած է։ Խստապահանջ վարպետի մը անարդար վերաբերմունքը, ընտանիքին հոգ տանելու անհամար մարտահրաւէրները եւ իր կնոջ հիւանդութիւնը իր միտքը հոգերով կը լեցնեն։ Մինչ բացման երգին երաժշտութիւնը կը սկսի, եղբայրը երկա՜ր շունչ մը կ’առնէ. ան ուրախ է որ Թագաւորութեան սրահն է՝ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Երգը դրախտին մասին է, որուն բառերը կը քաջալերեն որ անհատը ինքզինք հոն պատկերացնէ։ Ան այս երգը շատ կը սիրէ. եւ մինչ իր ընտանիքին հետ կ’երգէ, ապագայի այս յոյսը զինք կը մխիթարէ։

2 Երբեք այդպէս զգացա՞ծ ես։ Մեր մեծամասնութիւնը պիտի պատասխանէ այո՛։ Այդ յոյսը մեզ կը մխիթարէ, հակառակ անոր որ այս հին դրութիւնը դժուար կը դարձնէ որ գալիք Դրախտը իրողութիւն տեսնենք։ Հիմա «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, եւ այս աշխարհը դրախտէ զատ ամէն ինչի կը նմանի (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը վառ մնայ մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Ինչո՞ւ համոզուած ենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի տիրէ։ Այս գլուխին մէջ նկատի պիտի առնենք քանի մը մարգարէութիւններ, որոնց կատարման ականատես եղաւ Աստուծոյ ժողովուրդը վաղեմի ժամանակներուն։ Ապա պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս ատոնք եւ այլ մարգարէութիւններ ներկայիս կը կատարուին։ Ասիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։ Ի վերջոյ, պիտի տեսնենք թէ այսպիսի մարգարէութիւններ ինչպէ՛ս պիտի կատարուին ապագային։

Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումները կատարեց անցեալին

3. Ո՞ր խոստումը մխիթարեց Բաբելոն աքսորուած հրեաները։

3 Երեւակայէ որ Ք.Ա. 6–րդ դարն է, եւ պատկերացուր Բաբելոն աքսորուած հրեաներուն կեանքը։ Շատեր, իրենց ծնողներուն նման, մեծցան Բաբելոնի մէջ, եւ շատ դժուար կեանք մը կը վարէին։ Ասկէ զատ, անոնք բաբելոնացիներուն կողմէ կը ծաղրուէին իրենց հաւատքին համար (Սաղ. 137։1-3)։ Տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ հրեաներուն սրտին մէջ մէկ յոյս կը շողար. Եհովա Աստուած խոստացած էր իր ժողովուրդը հայրենիք վերադարձնել։ Ան ըսած էր որ հոն շատ լաւ պայմաններու մէջ պիտի ապրէին։ Եհովան նոյնիսկ Յուդայի վերահաստատուած երկիրը համեմատեց Եդեմի պարտէզին՝ դրախտի մը հետ (կարդա՛ Եսայի 51։3)։ Յստակ է որ այս խոստումներուն նպատակն էր Աստուծոյ ծառաները հանգստացնել եւ անոնց սիրտը խռովեցնող մտահոգութիւնները վանել։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք կարգ մը մարգարէութիւններ։

4. Եհովան հրեաները ինչպէ՞ս վստահեցուց որ իրենց հայրենիքին մէջ ապահով պիտի ըլլային։

4 Ապահովութիւն։ Այդ աքսորեալները պիտի վերադառնային ոչ թէ բառացի դրախտ մը, այլ՝ հեռաւոր երկիր մը որ 70 տարի ամայացած մնացած էր. երկիր մը՝ որ միայն քիչեր տեսած էին։ Հոն, առիւծներ, գայլեր, յովազներ եւ այլ գիշատիչ անասուններ կային։ Ընտանիքի մը գլուխը թերեւս հարց տար. ‘Կինս եւ զաւակներս ինչպէ՞ս ապահով պիտի պահեմ։ Ոչխարներն ու արջառները ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանեմ’։ Բնական էր այսպիսի մտահոգութիւններ ունենալ։ Բայց մտածէ Եսայի 11։6-9–ի մէջ արձանագրուած Եհովա Աստուծոյ մխիթարական խոստումին մասին (կարդա՛)։ Այնտեղ Եհովան իր ծառաները վստահեցուց որ թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց անասունները ապահով պիտի ըլլային։ Օրինակ, առիւծը յարդ պիտի ուտէր. այսինքն, բնա՛ւ հրեաներուն անասուններուն վնաս պիտի չհասցնէր։ Ուստի, հաւատարիմ մարդիկ պէտք չունէին այսպիսի անասուններէ վախնալու։ Եհովա Աստուած խոստացած էր որ իր ժողովուրդը ապահով պիտի ըլլար վերահաստատուած Յուդայի երկրին մէջ, նոյնիսկ անապատին եւ անտառներուն մէջ (Եզեկ. 34։25

5. Ո՞ր մարգարէութիւնները հրեաները վստահեցուցին թէ Եհովան առատօրէն իրենց կարիքները պիտի հոգայ։

5 Առատութիւն։ Կրնայ ըլլալ որ ընտանիքի գլուխները ուրիշ մտահոգութիւններ ալ ունէին։ Օրինակ, հաւանաբար անոնք հարց տուին. ‘Հոն պիտի կարենա՞մ ընտանիքիս ապրուստը ճարել։ Ո՞ւր պիտի ապրինք։ Հոն գործ պիտի ըլլա՞յ, իսկ այդ գործը այստեղի տաժանելի գործերէն աւելի լաւ պիտի ըլլա՞յ’։ Գիտնալով որ այսպիսի հարցումներ կրնան ծագիլ, Եհովա Աստուած ատոնց պատասխանեց ներշնչուած մարգարէութիւններու միջոցաւ։ Ան իր հնազանդ ժողովուրդին խոստացաւ ատենին անձրեւներ ղրկել եւ այսպիսով արտը «առատ ու պարարտ» հաց պիտի տար (Եսա. 30։23)։ Իսկ բնակարանի եւ աշխատանքի առնչութեամբ Եհովան խոստացաւ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսա. 65։21, 22)։ Արդարեւ, շատ մը կերպերով հրեաներուն կեանքը հոյակապ պիտի ըլլար հոն, քան՝ հեթանոս Բաբելոնի մէջ։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել ամէնէն լուրջ խնդրին մասին, որուն պատճառով անոնք աքսորուեցան։

6. Աստուծոյ ժողովուրդը երկար տարիներ ի՞նչ խնդիր ունէր, եւ Եհովան վերադարձող աքսորեալները ինչպէ՞ս վստահեցուց։

6 Հոգեւոր առողջութիւն։ Աքսորուելէ բաւական առաջ, Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր առողջութիւնը վատթարացաւ։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա Աստուած իր ժողովուրդին մասին ըսաւ. «Բոլոր գլուխը հիւանդ եւ բոլոր սիրտը տրտմած է» (Եսա. 1։5)։ Հոգեւոր առումով անոնք կոյր եւ խուլ էին, քանի որ Եհովայի խրատներուն այլեւս ականջ չէին տար եւ հոգեւոր լոյսը ա՛լ չէին տեսներ (Եսա. 6։10. Եր. 5։21. Եզեկ. 12։2)։ Եթէ հայրենիք վերադարձող աքսորեալները նոյն հիւանդութենէն տառապէին, ի՞նչ ապահովութիւն պիտի վայելէին։ Եհովային հաճութիւնը նորէն պիտի չկորսնցնէի՞ն։ Եհովային այս խոստումը որքա՜ն հաւաստիացուցիչ էր. «Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն, կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն» (Եսա. 29։18)։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած հոգեւորապէս պիտի բուժէր իր ժողովուրդը երբ անոնք զղջային եւ ետ դառնային իրենց սխալներէն։ Եթէ անոնք շարունակէին ականջ տալ եւ հնազանդիլ Աստուծոյ, ան զիրենք պիտի առաջնորդէր եւ ուղղէր։

7. Եհովային խոստումները ինչպէ՞ս կատարուեցան, եւ ինչո՞ւ այդ կատարումը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։

7 Եհովա Աստուած իր խոստումները կատարե՞ց։ Պատմութիւնը այս հարցումին կը պատասխանէ։ Եհովան հայրենիք վերադարձող հրեաները օրհնեց. անոնք ապահով պայմաններու ներքեւ ապրեցան, առատ բերք ունեցան եւ հոգեւոր առողջութիւն վայելեցին։ Օրինակ, Եհովան զիրենք պաշտպանեց դրացի ազգերէն, որոնք իրենցմէ զօրաւոր եւ թիւով շատ էին։ Իսկ գիշատիչ անասունները հրեաներուն անասուններուն չվնասեցին։ Ասիկա միայն փոքր կատարումն էր դրախտի վերաբերեալ այդ մարգարէութիւններուն, որոնք Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ մարգարէները եւ ուրիշներ գրի առին։ Բայց ատիկա արդէն իսկ հրաշք մըն էր, եւ հրեաները ճիշդ ատոր պէտք ունէին։ Եթէ խոկանք բոլոր այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովա Աստուած իր ժողովուրդին համար ըրաւ այդ ատեն, մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։ Եթէ այդ մարգարէութիւններուն առաջին կատարումը այսքա՛ն հետաքրքրաշարժ էր, ի՞նչ կարելի է ըսել ատոր մեծ կատարման մասին։ Նկատի առ թէ մեր օրերուն Եհովան մեզի համար ի՛նչ ըրած է։

Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումները սկսած է կատարել մեր օրերուն

8. Եհովային ժողովուրդը այսօր ինչպիսի՞ ‘երկրի’ մէջ կ’ապրի։

8 Եհովայի ժողովուրդը մեր օրերուն բառացի ազգ մը չի կազմեր երկրի մը մէջ։ Փոխարէն, օծեալ քրիստոնեաները կը կազմեն հոգեւոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 6։16)։ Անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ը իրենց կը միանան հոգեւոր ‘երկրի’ մը մէջ, ուր միաբանութեամբ Եհովա Աստուած կը պաշտեն։ Այդ պաշտամունքը իրենց ապրելակերպն է (Յովհ. 10։16. Եսա. 66։8)։ Եհովան ինչպիսի՞ երկիր մը տուած է մեզի։ Անիկա հոգեւոր դրախտ մըն է։ Հոն, եդեմական պայմաններու նկատմամբ Աստուծոյ տուած խոստումները կը կատարուին հոգեւոր առումով։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

9, 10. ա) Եսայի 11։6-9–ի մարգարէութիւնը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի։ բ) Խաղաղութեան ի՞նչ ապացոյց կը գտնենք Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։

9 Ապահովութիւն։ Եսայի 11։6-9–ի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան նկարագրութիւն մը, որ կը տիրէ վայրի անասուններուն միջեւ եւ մարդոց ու անոնց ընտանի կենդանիներուն միջեւ։ Այդ նկարագրութիւնը հոգեւոր կատարում ունի՞ այսօր։ Այո՛։ 9–րդ համարին մէջ կը տեսնենք թէ ինչո՛ւ այս անասունները իրարու պիտի չվնասեն։ «Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Կարելի՞ է որ «Տէրոջը գիտութիւն»ը անասուններուն վարքը փոխէ՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Մարդիկ է որ կը փոխուին երբ խաղաղութեան Աստուածը ճանչնան եւ զինք ընդօրինակեն։ Այսպէս է որ այս մարգարէութեան կատարումը ներկայիս կը տեսնենք հոգեւոր դրախտին մէջ։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ Քրիստոսի հետեւորդները կը սորվին ձերբազատուիլ իրենց վայրագ եւ անասնական յատկութիւններէն եւ իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղութեամբ ու ներդաշնակութեամբ ապրիլ։

10 Օրինակ այս գրքին մէջ խօսեցանք քրիստոնէական չէզոքութեան մասին։ Նկատի առնուեցաւ թէ՛ մեր հասկացողութեան Սուրբ Գրային հիմը եւ թէ հալածանքները զորս Աստուծոյ ժողովուրդը դիմագրաւած է՝ չէզոք դիրք բռնելուն համար։ Աչքառու չէ՞ որ այս վայրագ աշխարհին մէջ հսկայ բազմութիւն մը կը մերժէ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքին ներքեւ որեւէ վայրագութեան չմասնակցիլ։ Ասիկա իրապէս յստակ ապացոյց մըն է, որ մեսիական Թագաւորին հպատակները կը վայելեն այն խաղաղութիւնը, որ Եսայի մարգարէն նկարագրեց։ Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի ճանչցուէին իրարու միջեւ եղած սիրով (Յովհ. 13։34, 35)։ Ժողովքին մէջ Յիսուս Քրիստոս համբերութեամբ կը գործածէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն սորվեցնէ ըլլալ խաղաղարար, սիրալիր եւ քաղցր անհատներ (Մատ. 24։45-47

11, 12. Ինչպիսի՞ սով կը տիրէ աշխարհին մէջ, իսկ Եհովան ինչպէ՞ս առատօրէն կը հոգայ իր ժողովուրդին կարիքները։

11 Առատութիւն։ Աշխարհը հոգեւոր սովէ կը տառապի։ Աստուածաշունչը զգուշացուց. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը» (Ամովս 8։11)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացինե՞րն ալ սովէ պիտի տառապին։ Եհովան հետեւեալը մարգարէացաւ իր ժողովուրդին եւ իր թշնամիներուն միջեւ եղած տարբերութեան մասին. «Իմ ծառաներս պիտի ուտեն, բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք» (Եսա. 65։13)։ Այդ մարգարէութեան կատարումը կը տեսնե՞ս։

12 Հոգեւոր կարգադրութիւնները յորդահոս խորունկ գետի մը նման կը հոսին։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները,– ինչպէս նաեւ ձայնագրութիւնները, տեսաերիզները, ժողովներն ու համաժողովները եւ մեր կայքին մէջ դրուած նիւթերը,– առատ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն մեզի հոգեւորապէս սովամահ այս աշխարհին մէջ (Եզեկ. 47։1-12. Յվլ. 3։18)։ Առատութեան վերաբերեալ Եհովայի խոստումը առօրեայ կեանքիդ մէջ տեսնելով չե՞ս ոգեւորուիր։ Կանոնաւորաբար Եհովայի սեղանէն կը ճաշակե՞ս։

Ժողովները կ’օգնեն որ հոգեւորապէս կուշտ, ապահով եւ առողջ ըլլանք

13. Հոգեւոր առումով, մարդոց աչքերը ինչպէ՞ս կը սկսին տեսնել եւ ականջները՝ լսել։

13 Հոգեւոր առողջութիւն։ Ներկայիս, հոգեւոր կուրութիւնն ու խլութիւնը վարակիչ եւ ծանր հիւանդութիւն են (Բ. Կոր. 4։4)։ Բայց Քրիստոս համայն աշխարհի մէջ մարդոց աչքերն ու ականջները կը բանայ։ Ասոր ականատես եղա՞ծ ես։ Եթէ տեսած ես մարդիկ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը կը սորվին, լքելով այն կրօնական սուտերը՝ որոնք զիրենք ճշմարտութեան հանդէպ ատեն մը կոյր ու խուլ դարձուցած էին, ուրեմն այս խոստումին կատարման ականատես եղած ես. «Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն, կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն» (Եսա. 29։18)։ Աշխարհի տարածքին, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ այսպիսի հոգեւոր բուժում կը ստանան։ Իւրաքանչիւր անհատ որ Մեծ Բաբելոնը կը լքէ եւ մեզի կը միանայ մեր հոգեւոր դրախտին մէջ՝ յստակ ապացոյց է որ Եհովա Աստուծոյ խոստումները կատարուած են։

14. Ինչի՞ վրայ խոկալը մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։

14 Այս գրքին իւրաքանչիւր գլուխը կը բովանդակէ յստակ ապացոյցներ, թէ վերջին օրերուն Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդները իսկական հոգեւոր դրախտի մը մէջ բերած է։ Ուստի, շարունակենք միշտ խոկալ այն բոլոր օրհնութիւններուն վրայ, որոնք ներկայիս կը վայելենք այս դրախտին մէջ։ Այսպէս ընելով, Եհովայի ապագայի խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը պիտի շարունակէ զօրանալ։

«Քու թագաւորութիւնդ գայ»

15. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։

15 Եհովա Աստուծոյ նպատակը միշտ եղած է ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածել։ Ան Ադամն ու Եւան դրաւ դրախտային պարտէզի մը մէջ եւ անոնց պատուիրեց որ երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն եւ բոլոր կենդանիներուն հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Բայց Ադամն ու Եւան Սատանային ականջ տալով Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան եւ իրենց սերունդին փոխանցեցին անկատարութիւն, մեղք եւ մահ։ Ասով հանդերձ, Աստուծոյ նպատակը բնաւ չփոխուեցաւ։ Մէյ մը որ անոր բերնէն խօսք մը ելլէ, անիկա միշտ կը կատարուի (կարդա՛ Եսայի 55։10, 11)։ Ուրեմն վստահ ենք որ Ադամի եւ Եւայի սերունդը երկիրը պիտի լեցնէ ու անոր տիրէ եւ Եհովայի ստեղծագործութեան հոգ տանի համաշխարհային դրախտի մը մէջ։ Այդ ատեն, այն մարգարէութիւնները՝ որոնք հրեայ աքսորեալներուն տրուեցան դրախտային պայմաններու նկատմամբ, ամբողջովին պիտի կատարուին։ Նկատի առնենք օրինակներ։

16. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ այն ապահովութիւնը որ Դրախտին մէջ պիտի վայելենք։

16 Ապահովութիւն։ Վերջապէս Եսայի 11։6-9–ի մէջ նշուած այդ գեղեցիկ նկարագրութիւնը բառացիօրէն եւ ամբողջովին պիտի կատարուի։ Տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ ապահով պիտի ըլլան, ո՛ւր որ ալ ըլլան երկրի վրայ։ Ոչ մէկ արարած,– ըլլայ անիկա մարդ կամ կենդանի,– սպառնալիք պիտի ըլլայ։ Պատկերացուր այդ ժամանակը երբ այս ամբողջ մոլորակը պիտի ըլլայ քու բնակարանդ։ Հոն, պիտի կարենաս առանց վախի գետերուն, լիճերուն եւ ծովերուն մէջ լողալ, հսկայ լեռներ կտրել եւ արօտավայրերէն անցնիլ։ Իսկ երբ մթննայ, պէտք պիտի չունենաս մտահոգուելու։ Քանի որ Եզեկիէլ 34։25–ի խօսքերը պիտի կատարուին, այնպէս որ Աստուծոյ ժողովուրդին համար կարելի պիտի ըլլայ ‘անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակիլ ու անտառներուն մէջ քնանալ’։

17. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային Եհովան մեր կարիքները առատօրէն պիտի հոգայ։

17 Առատութիւն։ Պատկերացուր ժամանակ մը երբ աղքատութիւն, սնունդի պակաս կամ սով պիտի չըլլայ։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած հոգեւոր առատութիւնը ապացոյց է թէ մեսիական Թագաւորը իր հպատակներուն կարիքները ամէն կերպով պիտի գոհացնէ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, փոքր տարողութեամբ ցոյց տուաւ թէ կրնա՛յ այսպիսի խոստումներ կատարել, քանի որ հազարաւոր անօթիներ կերակրեց միայն քանի մը հացով եւ ձուկով (Մատ. 14։17, 18. 15։34-36. Մար. 8։19, 20)։ Իսկ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ տիրէ, հետեւեալին նման մարգարէութիւններ բառացիօրէն պիտի կատարուին. «Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։ Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին» (Եսա. 30։23

18, 19. ա) Եսայի 65։20-22–ի մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար։ բ) Մեր օրերը ինչպէ՞ս «ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։

18 Այսօր շատեր կ’երազեն հանգստաւէտ տուն մը կամ վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ գործ ունենալ։ Բայց անիկա լոկ երազ կը մնայ, քանի որ այս փտած աշխարհին մէջ, շատեր երկար ժամեր ծանր կ’աշխատին՝ չնչին օգուտներ բերելով իրենք իրենց կամ իրենց ընտանիքին, մինչդեռ հարուստն ու ագահը իրենց գրպանը կը լեցնեն անոնց աշխատանքին շահերով։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգաս երբ այս մարգարէութիւնը համայն աշխարհի մէջ կատարուի. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (Եսա. 65։20-22

19 Իսկ ինչպէ՞ս մեր օրերը «ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։ Երբ հսկայ ծառի մը առջեւը կենաս, չե՞ս հիանար երբ մտածես թէ անիկա գոյութիւն ունի նոյնիսկ նախահայրերուդ ծնունդէն առաջ։ Հաւանաբար մտածես որ եթէ անկատար վիճակիդ մէջ մնաս, օրը պիտի գայ ու դո՛ւն պիտի մեռնիս եւ պարզապէս յիշատակ մը պիտի մնաս սիրելիներուդ համար, մինչ այդ հսկայ ծառը պիտի շարունակէ երկար տարիներ խաղաղօրէն գոյատեւել։ Որքա՜ն մխիթարական է Եհովա Աստուծոյ խօսքերը թէ գալիք Դրախտին մէջ մեր օրերը երկա՜ր եւ խաղաղ պիտի ըլլան (Սաղ. 37։11, 29)։ Պիտի գայ այդ օրը երբ մեզի պիտի թուի թէ երկարակեաց ծառեր խոտի պէս կարճատեւ կեանք ունին, մինչ մենք կը շարունակենք յաւիտեա՛ն ապրիլ։

20. Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները ինչպէ՞ս կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն։

20 Կատարեալ առողջութիւն։ Ներկայիս ո՛չ ոք կրնայ խուսափիլ հիւանդութեան եւ մահուան ճիրաններէն. անոնք ամէնուն կ’ազդեն։ Առումով մը, բոլորս հիւանդ ենք,– մենք կը տառապինք մահացու հիւանդութենէ մը. մեղքը։ Միակ բուժումը Յիսուս Քրիստոսի զոհն է (Հռով. 3։23. 6։23)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները մարդոց պիտի օգնեն, որ լիովին օգտուին այդ զոհէն՝ կամաց–կամաց մեղքին բոլոր հետքերը վերացնելով։ Եսայիին այս մարգարէութիւնը լիովին պիտի կատարուի. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի» (Եսա. 33։24)։ Երեւակայէ ժամանակ մը, երբ մէ՛կը կոյր, խուլ կամ հաշմանդամ պիտի չըլլայ (կարդա՛ Եսայի 35։5, 6)։ Գոյութիւն պիտի չունենայ որեւէ ֆիզիքական, մտային կամ զգացական հիւանդութիւն, որ Յիսուս կարող պիտի չըլլայ բուժել։ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն։

21. Մահուան ի՞նչ պիտի պատահի եւ ինչո՞ւ այդ խոստումը մխիթարական է։

21 Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել մեղքին անխուսափելի հետեւանքին՝ մահուան մասին։ Անիկա մեր «վերջին թշնամին» է, որուն դիմաց անկատար մարդիկ ուշ կամ կանուխ կը պարտուին (Ա. Կոր. 15։26)։ Բայց մահը վախազդո՞ւ թշնամի մըն է Եհովային համար։ Նկատի առ թէ Եսային ի՛նչ մարգարէացաւ. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Կրնա՞ս երեւակայել այդ ժամանակը երբ ա՛լ թաղումներ, գերեզմաններ եւ դառն արցունքներ պիտի չըլլան։ Ընդհակառակը, միայն ուրախութեա՛ն արցունքներ պիտի ըլլան, մինչ Եհովա Աստուած մեռելները ե՛տ կեանքի բերելու իր խոստումը կը կատարէ (կարդա՛ Եսայի 26։19)։ Վերջապէս, մահուան պատճառած անհամար ցաւերը պիտի անհետանան։

22. Ի՞նչ պիտի պատահի երբ մեսիական Թագաւորութիւնը լիովին կատարած ըլլայ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ։

22 Հազարամեային վերջաւորութեան Թագաւորութիւնը լիովին կատարած պիտի ըլլայ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ եւ Քրիստոս իշխանութիւնը իր Հօր պիտի տայ (Ա. Կոր. 15։25-28)։ Մարդկութիւնը վերջապէս կատարեալ ըլլալով, պատրաստ պիտի ըլլայ դիմագրաւելու վերջին փորձ մը, երբ Սատանան անդունդէն՝ իր անգործունեայ վիճակէն դուրս գայ։ Անկէ ետք, Քրիստոս վերջապէս պիտի ջախջախէ այդ գարշելի օձը եւ անոր համակիրները (Ծն. 3։15. Յայտ. 20։3, 7-10)։ Բայց բոլոր անոնք որոնք Եհովա Աստուած կը սիրեն փայլուն ապագայ պիտի ունենան։ Հռովմայեցիս 8։21–ը կ’ըսէ թէ այդ հաւատարիմները պիտի ունենան ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’։ Թերեւս չկան բառեր, որոնք կրնան աւելի լաւ կերպով նկարագրել այդ հեռանկարը, քան՝ այդ ներշնչեալ խօսքերը։

Թագաւորութիւնը մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ Եհովային բոլոր խոստումները պիտի կատարէ

23, 24. ա) Ինչո՞ւ վստահ ենք որ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

23 Այդ խոստումները պարզապէս յոյսեր, փափաքներ կամ երազներ չեն։ Եհովա Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։ Ինչո՞ւ։ Յիշէ Յիսուսի խօսքերը, որոնք քննարկեցինք այս գրքին առաջին գլուխին մէջ։ Ան իր հետեւորդները քաջալերեց որ Եհովային աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9, 10)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մէկու մը վառ երեւակայութեան արդիւնքը չէ։ Անիկա իրողութի՛ւն է։ Թագաւորութիւնը այժմ կ’իշխէ երկնքի մէջ։ Դարէ մը ի վեր արդէն, անիկա կատարած է Եհովային խոստումները, որոնք տեսանելի են քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ուրեմն վստահ ենք որ Եհովային բոլոր խոստումները պիտի կատարուին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ՝ երկրի վրայ իր ամբողջ զօրութեամբ տիրելու։

24 Մենք գիտենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գայ։ Վստահ ենք որ Եհովային բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԻՇԽԷ՛։ Իւրաքանչիւրս պէտք է մենք մեզի հարց տանք. ‘Թագաւորութեան իշխանութեան կ’ենթարկուի՞մ’։ Թող որ մեր ամէն կարելին ընենք որ հիմակուընէ իսկ ապրինք որպէս Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ, որպէսզի անոր կատարեալ եւ արդար իշխանութենէն կարենանք յաւիտեան օգտուիլ։