Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 16

Մէկտեղ հաւաքուիլ՝ պաշտամունքի համար

Մէկտեղ հաւաքուիլ՝ պաշտամունքի համար

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Մեր ժողովներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց մէջ եղած բարեփոխումները

1. Աշակերտները ե՞րբ ժողվուեցան, ի՞նչ օգնութիւն ստացան եւ ինչո՞ւ անոր պէտք ունէին։

 ՅԻՍՈՒՍԻ յարութենէն քիչ ետք, աշակերտները մէկտեղ հաւաքուեցան զիրար քաջալերելու համար։ Սակայն անոնք դռները փակ ձգեցին, քանի որ թշնամիներէն կը վախնային։ Բայց անոնց վախը փարատեցաւ, երբ Յիսուս իրենց երեւցաւ եւ ըսաւ. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (կարդա՛ Յովհաննէս 20։19-22)։ Յետագային, աշակերտները դարձեալ մէկտեղ հաւաքուեցան եւ Եհովան անոնց վրայ սուրբ հոգին թափեց։ Ասիկա որքա՜ն զօրացուց զիրենք, որպէսզի իրենց յանձնարարուած քարոզչութիւնը կատարեն (Գործք 2։1-7

2. ա) Եհովան ինչպէ՞ս մեզի զօրութիւն կու տայ, եւ ինչո՞ւ անոր պէտք ունինք։ բ) Ընտանեկան պաշտամունքի կարգադրութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է (տե՛ս ստորանիշը եւ « Ընտանեկան պաշտամունք» շրջանակը, էջ 197)

2 Մենք ալ կը դիմագրաւենք այն նոյն մարտահրաւէրները, զորս մեր առաջին դարու եղբայրները դիմագրաւեցին (Ա. Պետ. 5։9)։ Երբեմն, թերեւս մեզմէ ոմանք մարդու վախ ունենան։ Եւ երբեմն ալ քարոզչութեան մէջ տոկալու համար, պէտք ունինք Եհովային տուած զօրութեան (Եփ. 6։10)։ Եհովան այդ զօրութիւնը կու տայ ժողովներուն միջոցաւ։ Այժմ, ամէն շաբաթ ունինք երկու դաստիարակիչ ժողովքային հանդիպումներ. Հանրային ժողով եւ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն, ինչպէս նաեւ՝ մեր միջշաբաթային ժողովը, որ կը կոչուի՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը a։ Նաեւ, տարեկան չորս առիթներ կը վայելենք. մարզային համաժողով մը, երկու շրջանային համաժողովներ եւ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ այս բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուինք։ Մեր ժողովները ինչպէ՞ս իրենց արդի ձեւը առին։ Եւ ժողովներուն հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին։

Ինչո՞ւ մէկտեղ կը հաւաքուինք

3, 4. Եհովան իր ժողովուրդէն ի՞նչ կը պահանջէ։ Օրինակներ տուր։

3 Եհովան շատոնց իր ժողովուրդին պատուիրած էր որ մէկտեղ հաւաքուէին զինք պաշտելու համար։ Օրինակ, Ք.Ա. 1513–ին, Եհովան իսրայէլ ազգին տուաւ իր Օրէնքը, որ կը պարփակէր շաբաթական Շաբաթը. այսպէս, իւրաքանչիւր ընտանիք ամէն շաբաթ օր Աստուած կը պաշտէր եւ Օրէնքէն կը սորվէր (Բ. Օր. 5։12. 6։4-9)։ Այնքան ատեն որ իսրայէլացիները այդ պատուէրին կը հնազանդէին, ընտանիքները կը զօրանային եւ ամբողջ ազգը հոգեւորապէս մաքուր եւ ամուր կը մնար։ Իսկ երբ անոնք Օրէնքը չկիրարկէին, զոր օրինակ՝ անտեսելով կանոնաւորաբար մէկտեղ հաւաքուելու պատուէրը, Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնէին (Ղեւ. 10։11. 26։31-35. Բ. Մն. 36։20, 21

4 Նկատի առ նաեւ Յիսուսի հանդիսացած օրինակը։ Ան սովորութիւն ունէր ամէն Շաբաթ ժողովարան երթալու (Ղուկ. 4։16)։ Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, իր աշակերտները շարունակեցին կանոնաւորաբար մէկտեղ հաւաքուիլ, հակառակ անոր որ Շաբաթի օրէնքին տակ չէին (Գործք 1։6, 12-14. 2։1-4. Հռով. 14։5. Կող. 2։13, 14)։ Այդ ժողովներուն ընթացքին, առաջին դարու քրիստոնեաները ոչ միայն ցուցմունքներ եւ քաջալերութիւն կը ստանային, այլեւ Աստուծոյ փառաբանութեան զոհեր կը մատուցանէին՝ աղօթքներու, մեկնաբանութիւններու եւ երգերու միջոցաւ (Կող. 3։16. Եբ. 13։15

Յիսուսի աշակերտները մէկտեղ հաւաքուեցան զիրար զօրացնելու եւ քաջալերելու համար

5. Ինչո՞ւ ներկայ կը գտնուինք մեր շաբաթական ժողովներուն եւ տարեկան համաժողովներուն (տես նաեւ « Տարեկան հանդիպումներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը միացնեն» շրջանակը, էջ 198)։

5 Նմանապէս, երբ մեր շաբաթական ժողովներուն եւ տարեկան համաժողովներուն ներկայ գտնուինք, ցոյց կու տանք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’աջակցինք, սուրբ հոգիէն զօրութիւն կը ստանանք եւ ուրիշները կը քաջալերենք մեր հաւատքը արտայայտող խօսքերով։ Աւելի կարեւորը, առիթ ունինք Եհովան պաշտելու մեր աղօթքներով, մեկնաբանութիւններով եւ երգերով։ Ճիշդ է որ մեր ժողովները իսրայէլացիներուն եւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն ժողովներէն տարբեր կերպով կազմակերպուած են, բայց նո՛յնքան կարեւոր են։ Ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ մտցուեցան ժողովներուն մէջ։

Շաբաթական ժողովներ՝ որոնք «սիրոյ եւ բարեգործութեան» կը մղեն

6, 7. ա) Մեր ժողովներուն նպատակը ի՞նչ է։ բ) Ժողովները ինչպէ՞ս խումբէ խումբ կը տարբերէին։

6 Երբ եղբայր Չարլզ Թէյզ Ռասըլ սկսաւ Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը փնտռել, նկատեց թէ պէտք կար մէկտեղ հաւաքուիլ ուրիշներու հետ, որոնք նոյն նպատակակէտը ունին։ 1879–ին, Ռասըլ գրեց. «Ուրիշներու ընկերակցութեամբ, Փիթցպըրկի մէջ Աստուածաշունչը սերտելու նպատակաւ դասարան մը կազմակերպեցի եւ ամէն կիրակի կը հաւաքուինք՝ որպէսզի Սուրբ Գրութիւններէն պրպտումներ ընենք»։ Սիօնի դիտարան–ը իր ընթերցողները քաջալերեց մէկտեղ հաւաքուելու. 1881–ին, արդէն ժողովքային հանդիպումներ կ’ըլլային ամէն կիրակի եւ չորեքշաբթի Փիթցպըրկի մէջ, Փէնսիլվանիա։ Դիտարան–ի նոյեմբեր 1895 թիւը ըսաւ որ այդ ժողովներուն նպատակն է՝ «քրիստոնէական բարեկամութիւն, սէր եւ միութիւն» մշակել եւ ներկայ գտնուողներուն պատեհութիւն տալ որ զիրար քաջալերեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25

7 Տարիներ շարունակ, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ժողովներուն կազմակերպութիւնն ու յաճախակիութիւնը մէկ խումբէն միւսը կը տարբերէին։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներէն խումբի մը ուղարկած նամակին մէջ, որ հրատարակուեցաւ 1911–ին, կ’ըսուէր. «Ամէն շաբաթ առնուազն հինգ ժողով կ’ունենանք»։ Անոնք այդ ժողովները կ’ունենային երկուշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ երկու անգամ ալ կիրակի։ Ուրիշ նամակ մը, որ ուղարկուեցաւ Ափրիկէի մէկ խումբին կողմէ եւ հրատարակուեցաւ 1914–ին, կ’ըսէր. «Ամիսը երկու անգամ կ’ունենանք ժողովներ, որոնք կը տեւեն ուրբաթէն կիրակի»։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, ժողովներուն մէջ փոփոխութիւններ մտցուեցան եւ վերջապէս անոնք իրենց հիմակուան ձեւը առին։ Նկատի առ իւրաքանչիւր ժողովի ամփոփ պատմութիւնը։

8. Անցեալին, դասախօսութիւնները ո՞ր կարգ մը նիւթերու շուրջ էին։

8 Հանրային ժողով։ 1880–ին, Սիօնի դիտարանը առաջին անգամ հրատարակելէն մէկ տարի ետք, եղբայր Ռասըլ Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ քարոզչական շրջագայութեան ձեռնարկեց (Ղուկ. 4։44)։ Այդ ժամանակ, եղբայր Ռասըլ տարբեր շրջաններու մէջ հանրութեան առջեւ քարոզներ կու տար, ինչ որ հիմը դարձաւ այն ժողովին՝ որ հիմա ծանօթ է որպէս Հանրային ժողով։ Այդ շրջագայութեան մասին ծանուցանելով՝ Դիտարան–ը ըսաւ թէ Ռասըլ «ուրախ պիտի ըլլար հանրային ժողովներ վարելու ‘Աստուծոյ թագաւորութեան հետ կապ ունեցող նիւթերու շուրջ’»։ 1911–ին, կարգ մը երկիրներու մէջ դասարաններ,– այսինքն՝ ժողովքներ,– հաստատուելէ ետք, իւրաքանչիւրէն խնդրուեցաւ հմուտ դասախօսներ ուղարկել մօտակայ շրջանները, որպէսզի դատաստանի, փրկանքի եւ այլ նիւթերու շուրջ վեց դասախօսութիւններ ներկայացնեն։ Իւրաքանչիւր դասախօսութեան վերջաւորութեան, եղբայրները յաջորդ շաբթուան դասախօսին անունն ու դասախօսութեան բնաբանը կը յայտարարէին։

9. Տարիներու ընթացքին Հանրային ժողովը ինչպէ՞ս փոխուած է, եւ ինչպէ՞ս կրնաս անոր աջակցիլ։

9 1945–ին, Դիտարան–ը յայտարարեց որ համայն աշխարհի մէջ հանրային ժողովներ վարելու արշաւ մը պիտի սկսի։ Այդ ժողովներուն մէջ պիտի ներկայացուէին ութ դասախօսութիւններ՝ «աշխարհի հրատապ խնդիրները» խորագրով։ Տասնամեակներ շարունակ, նշանակուած դասախօսները ոչ միայն կը ներկայացնէին հաւատարիմ ծառային տրամադրած նիւթերը, այլեւ նիւթեր՝ որոնք իրենք անձամբ կը պատրաստէին։ Բայց 1981–ին, անոնց ուղղութիւն տրուեցաւ որ իրենց դասախօսութիւնները հիմնեն այն ուրուագիծերուն վրայ, որոնք կ’ուղարկուէին ժողովքներուն b։ Մինչեւ 1990, կարգ մը ուրուագիծեր կը պարփակէին ցուցադրութիւններ կամ ներկաներուն հետ քննարկութիւններ։ Բայց այդ տարի փոփոխութիւններ մտցուեցան, եւ դասախօսութիւնները այլեւս քննարկութիւններ չէին պարփակեր։ Յաւելեալ ճշդումներ եղան յունուար 2008–ին, երբ հանրային դասախօսութիւններու տեւողութիւնը 45 վայրկեանէն նուազեցաւ եւ եղաւ 30 վայրկեան։ Հակառակ այս փոփոխութիւններուն, լաւ պատրաստուած հանրային դասախօսութիւնները կը շարունակեն Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը կերտել եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան տարբեր երեսակներուն մասին մեզի սորվեցնել (Ա. Տիմ. 4։13, 16)։ Վերայցելութիւններդ եւ ուրիշ ոչ–Վկաներ կը հրաւիրե՞ս, որ այս կարեւոր աստուածաշնչական դասախօսութիւնները մտիկ ընեն։

10-12. ա) Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ։ բ) Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ ուղղենք։

10 Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն։ 1922–ին, ուղեւորները,– այն եղբայրները, որոնք Դիտարանի ընկերութեան կողմէ կ’ուղարկուէին ժողովքներուն դասախօսութիւններ տալու եւ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելու,– առաջարկեցին որ Դիտարան–ը ուսումնասիրելու համար կանոնաւոր ժողովներ ըլլան։ Անոնց առաջարկը ընդունուեցաւ, եւ սկիզբը Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնները տեղի կ’ունենային կա՛մ շաբթուան մէջ եւ կամ կիրակի օրերը։

Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն, Կանա, 1931

11 Դիտարան–ի 15 յունիս 1932 թիւը յաւելեալ ուղղութիւններ տուաւ, թէ այս ժողովը ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենար։ Օրինակ առնելով Բեթէլի մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութենէն, յօդուածը նշեց թէ եղբայր մը պէտք է ժողովը վարէ։ Երեք եղբայրներ կրնային առջեւը նստիլ եւ կարգով պարբերութիւնները կարդալ։ Այդ ժամանակ, յօդուածները տպուած հարցումներ չէին պարփակեր, ուստի վարիչը ներկաներէն կը խնդրէր որ քննարկուած նիւթին շուրջ հարցումներ ուղղեն։ Անկէ ետք, բոլորէն կը խնդրէր այդ հարցումներուն պատասխանել։ Եթէ յաւելեալ յստակացումներու պէտքը ըլլար, վարիչը «հակիրճ եւ յստակ» բացատրութիւն կու տար։

12 Սկիզբը, իւրաքանչիւր ժողովքի արտօնութիւն տրուեցաւ որ ընտրէ Դիտարան–ի այն թիւը, զոր մեծամասնութիւնը կ’ուզէր սերտել։ Բայց Դիտարան–ի 15 ապրիլ 1933 թիւը առաջարկեց որ բոլոր ժողովքները ընթացիկ թիւը գործածեն։ 1937–ին, ուղղութիւն տրուեցաւ որ ուսումնասիրութիւնը կիրակի օրը տեղի ունենայ։ Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1942 թիւին մէջ հրատարակուեցան յաւելեալ փոփոխութիւններ։ Նախ, պարբերաթերթը յայտարարեց, որ ուսումնասիրութեան յօդուածներու իւրաքանչիւր էջին տակ հարցումներ պիտի երեւին եւ թէ ա՛յդ հարցումները պէտք է քննարկուին ներկաներուն հետ։ Ապա, պարբերաթերթը նշեց որ ժողովը պէտք է մէկ ժամ տեւէ։ Անիկա նաեւ քննարկութեան մասնակցողները քաջալերեց որ պարբերութենէն մասեր կարդալու փոխարէն «իրենց բառերով» պատասխանեն։ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը տակաւին գլխաւոր ժողովն է, որուն միջոցաւ հաւատարիմ ծառան ատենին հոգեւոր սնունդ կու տայ (Մատ. 24։45)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ամէն շաբաթ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստե՞մ։ Եւ կը ջանա՞մ մեկնաբանութիւններ տալ’։

13, 14. ա) Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան պատմութեան մասին խօսէ՛։ բ) Այս ժողովին ի՞նչը կը սիրես։

13 Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն։ 1890–ական թուականներու կիսուն, Հազարամեայի արշալոյս–ին քանի մը հատորները հրատարակուելէ ետք, եղբայր Հ. Ն. Ռան՝ Աստուածաշունչի Աշակերտ մը, որ կ’ապրէր ԱՄՆ–ի Մերիլենտ նահանգի Պալթիմոր քաղաքին մէջ, առաջարկեց որ «Արշալոյսի խմբակներ» կազմուին Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Սկիզբը, այս ժողովները, որոնք յաճախ տուներու մէջ տեղի կ’ունենային, փորձ մըն էին։ Բայց սեպտեմբեր 1895–ին Միացեալ նահանգներու կարգ մը քաղաքներու մէջ Արշալոյսի խմբակները շատ յաջողութիւն գտան։ Այդ ամիս Դիտարան–ը առաջարկեց որ ճշմարտութեան բոլոր աշակերտները այդ ժողովները ունենան։ Յօդուածը ըսաւ որ ժողովին վարիչը լաւ ընթերցող մը պէտք էր ըլլար։ Ան պէտք էր նախադասութիւն մը կարդար եւ ապա սպասէր որ ներկաները մեկնաբանեն։ Նախադասութիւն առ նախադասութիւն պարբերութիւնը կարդալէ եւ քննարկելէ ետք, ան պէտք էր նշուած համարները բանար եւ կարդար։ Իսկ վերջաւորութեան, գլուխը ամբողջանալէ ետք, ներկաներէն իւրաքանչիւրը պէտք էր նիւթը ամփոփէր։

14 Այս ժողովին անունը քանի մը անգամ փոխուեցաւ։ Անիկա ճանչցուեցաւ որպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան բերիական խմբակներ, հիմնուելով առաջին դարու բերիացիներուն օրինակին վրայ, որոնք ուշի–ուշով Սուրբ Գրութիւնները կը քննէին (Գործք 17։11)։ Ժամանակի ընթացքին, ժողովին անունը փոխուեցաւ եւ եղաւ՝ Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւն։ Այժմ անիկա կը կոչուի Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն. եւ փոխանակ տուներու մէջ խումբ–խումբ հաւաքուելու, ամբողջ ժողովքը կը հաւաքուի Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ այս ժողովին մէջ տարբեր գրքեր, գրքոյկներ եւ նոյնիսկ Դիտարան–ի յօդուածներ ուսումնասիրուած են։ Սկիզբէն իսկ բոլոր ներկաներուն քաջալերութիւն կը տրուէր որ ժողովին մասնակցին։ Այս ժողովը խորացուցած է Աստուածաշունչի մեր գիտութիւնը։ Կանոնաւորաբար այս ժողովին կը պատրաստուի՞ս եւ կարելի եղածին չափ կը մասնակցի՞ս։

15. Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին նպատակը ի՞նչ էր։

15 Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց։ «Երկուշաբթի գիշեր, 16 փետրուար 1942–ին, Պրուքլինի Բեթէլի բոլոր եղբայրները հրաւէր ստացան մասնակցելու դպրոցի մը, որ յետագային կոչուեցաւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց», կը պատմէ Գէրի Պարպըր, որ այդ ժամանակ կը ծառայէր գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Եղբայր Պարպըր, որ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ, դպրոցին մասին ըսաւ որ «ամէնէն ուշագրաւ զարգացումներէն մէկն էր՝ իր ժողովուրդին հետ Եհովայի գործառնութիւններուն մէջ»։ Դպրոցը եղբայրներուն օգնեց, որ սորվեցնելու եւ քարոզելու իրենց հմտութիւնները բարելաւեն։ Անոր համար, 1943–էն սկսեալ, Աստուածպետական ծառայութեան դասընթացք գրքոյկը աստիճանաբար մատչելի դարձաւ աշխարհի բոլոր ժողովքներուն։ Դիտարան–ի 1 յունիս 1943 թիւը ըսաւ որ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին նպատակն էր՝ Աստուծոյ ժողովուրդին օգնել, որ «մարզուին եւ աւելի լաւ վկաներ դառնան Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մէջ» (Բ. Տիմ. 2։15

16, 17. Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը միա՞յն հմտութիւններ կը բարելաւէր. բացատրէ՛։

16 Սկիզբը շատեր դժուարութիւն ունեցան մեծ թիւով ներկաներու առջեւ դասախօսութիւն տալու։ Գլէյթըն Ուուտուըրթ Կրտսեր, որուն հայրը անիրաւօրէն բանտարկուեցաւ եղբայր Ռատըրֆորտի եւ ուրիշներու հետ 1918–ին, պատմեց թէ ի՛նչ զգաց երբ առաջին անգամ դպրոցին մասնակցեցաւ 1943–ին։ «Դասախօսութիւններ տալը շատ դժուար էր», ըսաւ եղբայր Ուուտուըրթ։ «Լեզուս չէր դառնար, բերանս կը չորնար եւ ձայնս մէ՛յ մը հաստ մէ՛յ մը բարակ կ’ըլլար»։ Բայց մինչ Գլէյթընին կարողութիւնները բարելաւուեցան, հանրապէս խօսելու բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ ունեցաւ։ Դպրոցը իր հմտութիւնները բարելաւելէն աւելի՛ն ըրաւ։ Անիկա իրեն սորվեցուց խոնարհութեան արժէքը եւ Եհովային վստահելու կարեւորութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ թէ կարեւոր չէ թէ ո՛վ կը ներկայացնէ դասախօսութիւնը. բայց եթէ դասախօսը լաւ պատրաստուի եւ Եհովային վստահի, ներկաները իրեն հաճոյքով մտիկ պիտի ընեն ու բան մը պիտի սորվին»։

17 1959–ին, քոյրերը հրաւիրուեցան դպրոցին մասնակցելու։ Քոյր Էտնա Պաուէր, որ ներկայ էր այն համաժողովին՝ որուն մէջ յայտարարութիւնը եղաւ, կը պատմէ. «Կը յիշեմ թէ քոյրերը որքա՜ն ոգեւորուեցան։ Այժմ անոնց առջեւ նոր դռներ բացուեցան»։ Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր այս պատեհութենէն օգտուեցան եւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ արձանագրուեցան, որպէսզի Եհովային կողմէ ուսուցանուին։ Ներկայիս մենք այսպիսի մարզում կը ստանանք մեր միջշաբաթային ժողովին մէջ (կարդա՛ Եսայի 54։13

18, 19. ա) Ներկայիս ինչպէ՞ս գործնական ուղղութիւններ կը ստանանք ինչպէ՛ս քարոզելու նկատմամբ։ բ) Մեր ժողովներուն մէջ ինչո՞ւ կ’երգենք (տե՛ս « Ճշմարտութեան մասին երգել» շրջանակը)։

18 Ծառայութեան ժողով։ 1919–էն ի վեր, ժողովներ տեղի կ’ունենան դաշտի ծառայութիւնը կազմակերպելու համար։ Այդ ժամանակ ժողովքի ո՛չ բոլոր անդամները ներկայ կը գտնուէին այդ ժողովներուն,– այլ միայն անոնք՝ որոնք հրատարակութիւններ կը բաշխէին։ Բայց 1923–էն սկսեալ Ծառայութեան ժողով մը տեղի կ’ունենար ամիսը անգամ մը, եւ դասարանին կամ ժողովքին բոլոր անդամները անոր ներկայ պէտք էր գտնուէին։ 1928–ին, ժողովքները քաջալերութիւն ստացան Ծառայութեան ժողովներ ունենալու ամէն շաբաթ։ Եւ 1935–ին, Դիտարան–ը բոլոր ժողովքները քաջալերեց որ իրենց Ծառայութեան ժողովը հիմնեն Ուղեցոյց–ին մէջ հրատարակուած տեղեկութիւններուն վրայ (Ուղեցոյց–ը ետքը կոչուեցաւ Տեղեկատու, իսկ յետագային՝ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը)։ Այս ժողովը շուտով իւրաքանչիւր ժողովքի յայտագրին մէջ մտաւ որպէս կանոնաւոր ժողով։

19 Ներկայիս մեր միջշաբաթային ժողովին մէջ գործնական ուղղութիւններ կը ստանանք ինչպէ՛ս քարոզելու նկատմամբ (Մատ. 10։5-13)։ Եթէ Ժողովի տետրը կը ­ստանաս, զայն կ’ուսումնասիրե՞ս եւ անոր մէջ նշուած կէտերը կը կիրարկե՞ս ծառայութեանդ մէջ։

Տարուան ամէնէն կարեւոր ժողովը

Առաջին դարու աշակերտներուն նման, քրիստոնեաները ամէն տարի կը հաւաքուին Քրիստոսի մահը յիշատակելու (Տե՛ս պարբերութիւն 20)

20-22. ա) Յիսուսի մահը ինչո՞ւ կը յիշատակենք։ բ) Ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս։

20 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը յիշատակեն մինչեւ իր գալը։ Պասեքին նման, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տարեկան առիթ մըն է (Ա. Կոր. 11։23-26)։ Ամէն տարի միլիոնաւորներ այս ժողովին ներկայ կը գտնուին։ Անիկա օծեալներուն կը յիշեցնէ որ Թագաւորութեան մէջ ժառանգակիցներ ըլլալու առանձնաշնորհումը ունին (Հռով. 8։17)։ Իսկ ուրիշ ոչխարներուն մէջ յառաջ կը բերէ խոր յարգանք եւ հաւատարմութիւն Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորին հանդէպ (Յովհ. 10։16

21 Եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները Տէրունական ընթրիքը տօնակատարելու կարեւորութեան կը գիտակցէին, եւ գիտէին թէ անիկա տարին միայն մէկ անգամ պէտք է տօնակատարուի։ Դիտարան–ի ապրիլ 1880 թիւը նշեց. «Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր հոս՝ Փիթցպըրկի մէջ՝ մեզմէ շատեր. . . Պասեքը [Յիշատակատօնը] կը տօնակատարեն եւ Տէրոջ մարմինն ու արիւնը ներկայացնող խորհրդանիշներուն կը մասնակցին»։ Ժամանակ մը ետք, Յիշատակատօնին հետ միասին սկսան համաժողովներ ալ տեղի ունենալ։ Առաջին տեղեկագիրը, որ այդ ատեն ներկայացուեցաւ, 1889–ին էր. այդ ատեն ներկաներուն թիւը 225 էր, իսկ մկրտուողներուն թիւը՝ 22։

22 Ներկայիս, մենք Յիշատակատօնը կը տօնենք, բայց անիկա համաժողովներուն մէկ մասը չի կազմեր։ Յիշատակատօնը կը տօնակատարենք մեր Թագաւորութեան սրահին կամ վարձու համալիրի մը մէջ, եւ բոլորը կը հրաւիրենք որ այդ օր ներկայ գտնուին։ 2013–ին, աւելի քան 19 միլիոն անհատներ Յիսուսի մահը յիշատակեցին։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ եւ ուրիշները քաջալերել որ մեզի միանան։ Կը ջանա՞ս ամէն տարի կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ հրաւիրել Յիշատակատօնին։

Մեր կեցուածքը ի՞նչ կը յայտնէ

23. Մեր ժողովները ինչպէ՞ս կը նկատես։

23 Եհովայի հաւատարիմ ծառաները մէկտեղ հաւաքուելու ցուցմունքը բեռ մը չեն սեպեր (Եբ. 10։24, 25. Ա. Յովհ. 5։3)։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւոր կը սիրէր Եհովայի պաշտամունքի տունը երթալ (Սաղ. 27։4)։ Ան յատկապէս կը սիրէր հոն երթալ ուրիշներու հետ, որոնք Աստուած կը սիրէին (Սաղ. 35։18)։ Նկատի առ նաեւ Յիսուսի օրինակը։ Նոյնիսկ երբ տարիքով փոքր էր, ան շատ կը սիրէր իր Հօր պաշտամունքի տունը երթալ (Ղուկ. 2։41-49

Մէկտեղ ­հաւաքուելու մեր փափաքը կը յայտնէ, թէ Թագաւորութիւնը որքա՛ն իրական է մեզի համար

24. Ժողովները ի՞նչ պատեհութիւններ կու տան։

24 Երբ ժողովներուն ներկայ գտնուինք, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը դրսեւորենք եւ ցոյց կու տանք որ կ’ուզենք մեր հաւատակիցները շինել։ Նաեւ, ցոյց կու տանք թէ կը փափաքինք սորվիլ ինչպէ՛ս ապրիլ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ, քանի որ մեր ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ է որ այսպիսի մարզում կը ստանանք։ Ասկէ զատ, այս ժողովներուն մէջ պէտք եղած հմտութիւնները եւ ուժը ձեռք կը ձգենք, որպէսզի տոկանք Աստուծոյ Թագաւորութեան ամէնէն կարեւոր գործունէութիւններէն մէկուն մէջ,– Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի համար աշակերտներ պատրաստել եւ մարզել (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Անկասկած, մէկտեղ հաւաքուելու մեր փափաքը կը յայտնէ թէ Թագաւորութիւնը որքա՛ն իրական է մեզի համար։ Թող որ մի՛շտ արժեւորենք մեր ժողովները։

a Մեր շաբաթական ժողովներուն կողքին, կազմակերպութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ կը քաջալերէ որ ժամանակ յատկացնէ ընտանեկան պաշտամունքի կամ անձնական ուսումնասիրութեան։

b 2013–ին, աւելի քան 180 հանրային դասախօսութիւններ մատչելի էին։