Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ Քոյր մը եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը ունկնդրել կու տայ 1930 թթ. վերջին, Ալապամա (ԱՄՆ). Աջին՝ Զուիցերիա

ՄԱՍ 1

Ճշմարտութիւնը Թագաւորութեան մասին. Հոգեւոր սնունդ հայթայթել

Ճշմարտութիւնը Թագաւորութեան մասին. Հոգեւոր սնունդ հայթայթել

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ աշակերտիդ հետ միասնաբար համար մը կարդալէ ետք, կը նկատես թէ ան որքա՜ն ուրախ է որ անոր իմաստը հասկցած է։ Ան կ’ըսէ. «Այսինքն ըսել կ’ուզես որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ կրնանք հոս երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտեա՞ն ապրիլ»։ Ծառայակիցդ կը ժպտայ եւ իրեն կ’ըսէ. «Դո՛ւն ինչ կ’ըսես։ Աստուածաշունչէն ի՞նչ կարդացինք»։ Ուրախ բայց զարմացած աշակերտդ կ’ըսէ. «Ասանկ բան մը ինչո՞ւ առաջուընէ մէկը ինծի չէ ըսած»։ Իսկ դուն կը յիշես թէ ան նոյն ձեւով արտայայտուեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով գիտցաւ որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։

Այս դէպքը քեզի ծանօ՞թ է։ Այս պարագան Աստուծոյ ժողովուրդէն շատերու պատահած է։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք արժէքաւոր պարգեւ մը ստացած ենք. ճշմարտութեան մասին գիտութիւնը։ Պահ մը մտածէ. այդ պարգեւը ինչպէ՞ս ստացար։ Այս մասին մէջ պիտի քննարկենք այդ հարցումը։ Հոգեւոր լոյսը, որ աստիճանաբար Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ սփռուեցաւ, յստակ ապացոյց է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական է։ Դարէ մը ի վեր, Թագաւորութեան Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս վստահ կ’ըլլայ որ Աստուծոյ ժողովուրդը ճշմարտութիւնը կը սորվի։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 3

Եհովան կը յայտնէ իր նպատակը

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս կը կազմէ՞ր։ Յիսուս ինչպէ՞ս Թագաւորութեան վրայ լոյս սփռեց։

ԳԼՈՒԽ 4

Եհովան իր անունը կը փառաւորէ

Աստուծոյ անուան առնչութեամբ Թագաւորութիւնը ի՞նչ իրագործած է։ Աստուծոյ անուան սրբացման մէջ ինչպէ՞ս կրնաս անձամբ բաժին բերել։

ԳԼՈՒԽ 5

Թագաւորը Թագաւորութեան վրայ լոյս կը սփռէ

Կարդա՛ Աստուծոյ Թագաւորութեան, անոր իշխանակիցներուն եւ հպատակներուն ինչպէս նաեւ հաւատարմութեան պահանջին մասին։