Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Սիրելի քարոզիչ,

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ Պրուքլինի Բեթէլի ընտանիքին մէկ անդամն ես եւ նախաճաշի սեղանին վրայ սովորական տեղդ նստած ես։ Թուականը ուրբաթ, 2 հոկտեմբեր 1914–ն է։ Յանկարծ եղբայր Չ. Թ. Ռասըլ ճաշասրահ կը մտնէ։ Ան կանգ կ’առնէ, ըստ իր սովորութեան, եւ խանդավառութեամբ Բեթէլի ընտանիքը կը բարեւէ։ Բայց յետոյ փոխանակ սեղանին գլուխը անցնելու, ան կը ծափէ եւ զգայացունց ծանուցում մը կ’ընէ. «Ազգերուն ժամանակները վերջացա՛ն. անոնց թագաւորները իրենց ժամանակը ունեցան»։ Չես կրնար ուրախութիւնդ զսպել,– վերջ ի վերջոյ այս օրուան շատո՜նց կը սպասէիր։ Բեթէլի ընտանիքի միւս անդամներուն հետ այս ծանուցման կը հակազդես անվերջ եւ բուռն ծափահարութեամբ։

Այդ հետաքրքրաշարժ ծանուցման վրայ տասնամեակներ անցած են։ Անկէ ի վեր Թագաւորութիւնը ի՞նչ իրագործած է։ Շա՛տ բան։ Թագաւորութեան կարգադրութեան միջոցաւ, Եհովան աստիճանաբար զտած ու մարզած է իր ժողովուրդը, որոնք 1914–ին միայն քանի մը հազար էին, իսկ այսօր՝ շուրջ 8 միլիոն։ Դուն քեզի հարց տուր. անձամբ ինչպէ՞ս օգտուած եմ այս մարզումէն։

Յաճախ մեր եղբայրները կ’ըսեն. «Եհովայի երկնային կառքը յառա՛ջ կ’ընթանայ», եւ ասիկա ճիշդ է։ Բայց այս գիրքը ուսումնասիրելով պիտի նկատես թէ 1914–էն ի վեր այս երկնային կառքը՝ Եհովայի կազմակերպութեան անտեսանելի մասը, չափազա՛նց արագութեամբ յառաջ կ’ընթանայ։ Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզելու համար, Թագաւորութեան հրատարակիչները տարիներու ընթացքին զանազան մեթոտներ հնարած են։ Անոնք օգտագործած են լրագիրներ, տեղեկատուական արշաւներ, տեսողական ներկայացումներ, վկայութեան քարտեր, ֆոնոկրաֆներ, ձայնասփիւռ եւ նոյնիսկ համացանցը։

Եհովայի օրհնութեան շնորհիւ, այժմ կրնանք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր գրաւիչ հրատարակութիւնները հրատարակել աւելի քան 670 լեզուներով եւ զանոնք բոլորին ձրիաբար առաջարկել։ Անձնազոհ կամաւորներ ձեռք ձեռքի կու տան կառուցանելու համար Թագաւորութեան սրահներ, համաժողովի սրահներ եւ մասնաճիւղեր, թէ՛ բարգաւաճ երկիրներու մէջ եւ թէ սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ։ Իսկ երբ աղէտ մը հարուածէ, սիրալիր եղբայրներ եւ քոյրեր անմիջապէս կը փութան աղէտի գօտի, հոն բնակողներուն օգնելու. այսպիսով, անոնք կը փաստեն թէ իրապէս «նեղութեան ատենուան համար ծնած» են (Առ. 17։17

Երբեմն, կղերները եւ ուրիշ հակառակորդներ «օրէնքին անունով չարիք» կը յղանան, բայց որքա՜ն մեր հաւատքը կը զօրանայ տեսնելով որ անոնց մոլորեցուցիչ ջանքերը կրկին անգամ հակառակ արդիւնքներ յառաջացուցած են՝ նպաստելով «աւետարանին յառաջդիմութեան» (Սաղ. 94։20 ՆԱ. Փլպ. 1։12

Մեզի համար պատիւ է ձեզի հետ ընկերակցիլ, քանի որ բոլորս Թագաւոր Յիսուսին «ծառաներ»ն ենք։ Կ’ուզենք որ գիտնաք թէ մենք բոլորդ շա՜տ կը սիրենք։ Կ’աղօթենք որ այս հրատարակութեան բովանդակութիւնը ձեզի օգնէ, որ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը խորապէս գնահատէք (Մատ. 24։45

Բարի մաղթանքներով,

Ձեր եղբայրները՝

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին