ԳԼՈՒԽ 6
Ժողովուրդ մը որ կը քարոզէ. Յօժարակամ ծառայողներ
1, 2. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր գործի մը մասին մարգարէացաւ, եւ ի՞նչ կարեւոր հարցում մը կը ծագի։
ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐԸ յաճախ կու տան խոստումներ, որոնք չեն կատարեր։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք լաւ միտումներ ունին, երբեմն իրենց խոստումները կատարելու անկարող են։ Առ ի հակապատկեր, մեսիական Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս մի՛շտ իր խօսքին տէրն է։
2 1914–ին թագադրուելէ ետք, Յիսուս պատրաստ էր կատարելու այն մարգարէութիւնը, որ շուրջ 1900 տարի առաջ տուած էր։ Իր մահէն քիչ առաջ ան մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատ. 24։14)։ Այս մարգարէութեան կատարումը մաս պիտի կազմէր թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի ներկայութեան նշանին։ Բայց կարեւոր հարց մը կը ծագի. Թագաւորը ինչպէ՞ս պիտի կարենար քարոզիչներու բանակ մը կազմակերպել վերջին օրերուն,– ժամանակաշրջան մը՝ որ յատկանշուած պիտի ըլլար անձնասէր, անսէր եւ անհաւատ մարդոցմով (Մատ. 24։12. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Պէտք է որ այս հարցումին պատասխանը գիտնանք, քանի որ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ մեզմէ պահանջուած է քարոզել։
3. Յիսուս ի՞նչ վստահութիւն յայտնեց, եւ ուրկէ՞ ունէր այդ վստահութիւնը։
3 Դարձեալ նկատի առ Յիսուսի մարգարէական խօսքը։ «Պիտի քարոզուի» արտայայտութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ՞։ Անշո՛ւշտ։ Յիսուս վստա՛հ էր որ վերջին օրերուն կամաւոր համակիրներ պիտի ունենար։ Ան ո՞ւրկէ ունէր այդ վստահութիւնը։ Այս մէկը իր Հօրմէն սորվեցաւ (Յովհ. 12։45. 14։9)։ Երկիր գալէ առաջ, Յիսուս տեսաւ թէ Եհովան վստահութիւն ունի իր երկրպագուներուն կամաւոր հոգիին վրայ։ Տեսնենք թէ Եհովան իր այս վստահութիւնը ինչպէ՛ս յայտնեց։
«Ժողովուրդդ. . . յօժարակամ պիտի ըլլայ»
4. Եհովան իսրայէլացիները հրաւիրեց որ ո՞ր գործին թիկունք կանգնին, եւ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։
4 Յիշէ թէ ի՛նչ եղաւ երբ Եհովան Մովսէսը առաջնորդեց կառուցանելու խորանը, որ իսրայէլ ազգին պաշտամունքի կեդրոնը պիտի ըլլար։ Եհովան, Մովսէսին միջոցաւ, բոլորը հրաւիրեց որ այդ գործին թիկունք կանգնին։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Իսրայէլացիները «կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել»։ Անոնք ա՛յնքան բերին, որ Մովսէս ստիպուեցաւ անոնց ըսել, որ ‘ալ ո՛չ մէկը սրբարանին ընծայ բերէ’ (Ել. 35։5. 36։3, 6)։ Արդարեւ, իսրայէլացիները փաստեցին թէ իրենց հանդէպ Եհովայի վստահութիւնը տեղին էր։
5, 6. Ըստ Սաղմոս 110։1-3–ին, Եհովան եւ Յիսուսը ինչպիսի՞ հոգի ակնկալեցին վերջին օրերուն ապրող ճշմարիտ երկրպագուներէն։
5 Եհովան ակնկալե՞ց որ վերջին օրերուն ապրող իր երկրպագուները այսպիսի կամաւոր հոգի ունենան։ Այո՛։ Յիսուս երկրի վրայ ծնելէ աւելի քան 1000 տարի առաջ, Եհովան Դաւիթը ներշնչեց որ գրէ այն ժամանակին մասին, երբ Մեսիան պիտի սկսէր իշխել (կարդա՛ Սաղմոս 110։1-3)։ Նորաթագ Թագաւոր՝ Յիսուս՝ թշնամիներ պիտի ունենար։ Բայց ան նաեւ պիտի ունենար համակիրներու բանակ մը, որ յօժարաբար Թագաւորին պիտի ծառայէր։ Նոյնիսկ այդ բանակին երիտասարդները յօժարակամ ծառայողներ պիտի ըլլային։ Եւ անոնք թիւով ա՛յնքան շատ պիտի ըլլային, որ զիրենք կարելի է համեմատել անհամար ցօղերու, որոնք առտուն կանուխ գետինը կը ծածկեն a։
6 Յիսուս գիտէր որ Սաղմոս 110–ի մարգարէութիւնը իրեն կը կիրարկուէր (Մատ. 22։42-45)։ Ուստի, ան ամէն պատճառ ունէր վստահ ըլլալու որ պիտի ունենար հաւատարիմ համակիրներ, որոնք յօժարաբար բարի լուրը պիտի քարոզէին համայն աշխարհի մէջ։ Պատմական իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։ Վերջին օրերուն Թագաւորը կազմակերպա՞ծ է յօժարակամ քարոզիչներու բանակ մը։
«Իմ առանձնաշնորհումս եւ պարտականութիւնս է այդ պատգամը ծանուցանել»
7. Թագադրուելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ քայլեր առաւ իր հետեւորդները պատրաստելու անոնց առջեւ դրուած գործին համար։
7 Թագադրուելէ քիչ ետք, Յիսուս քայլեր առաւ իր հետեւորդները պատրաստելու այն հսկայ գործին համար, որ անոնց առջեւ դրուած էր։ Ինչպէս որ տեսանք երկրորդ գլուխին մէջ, 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը ան իր հետեւորդները զտեց եւ մաքրեց (Մաղ. 3։1-4)։ Ապա, 1919–ին, ան նշանակեց հաւատարիմ ծառան, որ իր հետեւորդները պիտի առաջնորդէր (Մատ. 24։45)։ Անկէ ի վեր, այդ ծառան սկսաւ հոգեւոր սնունդ հայթայթել համաժողովներուն եւ տպուած հրատարակութիւններուն միջոցաւ, որոնք կրկին անգամ շեշտեցին բոլոր քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը. քարոզչութեան մէջ անձամբ բաժին բերել։
8-10. Համաժողովները ինչպէ՞ս քարոզչութեան թափ տուին։ Օրինակ մը տուր (տես նաեւ « Քարոզչութեան թափ տուող համաժողովներ» շրջանակը)։
8 Համաժողովներ։ 1-8 սեպտեմբեր 1919–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները,– որոնք ուղղութիւն ստանալու ծարաւ էին,– հաւաքուեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ), ուր տեղի ունեցաւ առաջին մեծ համաժողովը Ա. Աշխարհամարտէն ետք։ Երկրորդ օրը, եղբայր Ռատըրֆորտ տուաւ դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաներուն ըսաւ. «Երկրի վրայ, քրիստոնեային յանձնարարութիւնն է. . . Տէրոջ թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել»։
9 Համաժողովը իր գագաթնակէտին հասաւ հինգերորդ օրը, երբ եղբայր Ռատըրֆորտը տուաւ «Կոչ՝ աշխատակիցներուն» խորագրով դասախօսութիւն մը, որ հրատարակուեցաւ Դիտարան–ին մէջ «Թագաւորութիւնը ծանուցանենք» խորագրին տակ։ Ան նշեց. «Բնական է որ քրիստոնեան երբեմն ինքն իրեն հարց տայ. ինչո՞ւ երկրի վրայ եմ։ Պատասխանը պէտք է ըլլայ. Տէրը իր շնորհքով զիս իր դեսպանը դարձուց, որ հաշտութեան աստուածային պատգամը մարդոց փոխանցեմ, եւ իմ առանձնաշնորհումս եւ պարտականութիւնս է այդ պատգամը ծանուցանել»։
10 Այդ պատմական դասախօսութեան ժամանակ, եղբայր Ռատըրֆորտ ծանուցանեց թէ պիտի հրատարակուի նոր պարբերաթերթ մը՝ Ոսկեդար անունով (որ այժմ կը կոչուի՝ Զարթի՛ր), որուն նպատակն է՝ մարդոց օգնել տեսնելու թէ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է։ Ապա ան հարցուց, թէ ներկաներէն որո՛նք կ’ուզեն այդ պարբերաթերթին բաշխումին մէջ բաժին բերել։ Համաժողովին մէկ տեղեկագրութիւնը բացատրեց. «Ներկաներուն հակազդեցութիւնը ոգեւորիչ էր։ Վեց հազար անհատներ մէկ մարդու պէս միասնաբար ոտքի ելան» b։ Յստակ էր որ Թագաւորը ունէր յօժարակամ համակիրներ, որոնք կը տենչային իր Թագաւորութիւնը ծանուցանել։
11, 12. 1920–ին Դիտարան–ը ըսաւ որ Յիսուսի մարգարէացած գործը ե՞րբ պիտի կատարուէր։
11 Հրատարակութիւններ։ Դիտարան–ին մէջ, Յիսուսի մարգարէացած գործին՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելուն կարեւորութիւնը հետզհետէ ա՛լ աւելի յստակ դարձաւ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ 1920–ական թուականներու սկիզբէն։
12 Ի՞նչ պատգամ պիտի ծանուցանուէր առ ի կատարում Մատթէոս 24։14–ին։ Եւ այդ գործը ե՞րբ պիտի կատարուէր։ Դիտարան–ի 1 յուլիս 1920 թիւը «Թագաւորութեան աւետարանը» խորագրով յօդուածին մէջ պատգամը բացատրեց, նշելով. «Հոս բարի լուրը կ’ակնարկէ հին դրութեան վերջին եւ մեսիական թագաւորութեան հաստատման»։ Յօդուածը յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ բարի լուրը ե՛րբ պիտի քարոզուէր, ըսելով. «Այս պատգամը պէտք է քարոզուի մեծ համաշխարհային պատերազմին [Ա. Աշխարհամարտ] եւ ‘մեծ նեղութեան’ միջեւ եղած ժամանակաշրջանին ընթացքին»։ Ուստի, յօդուածը նշեց. «Հիմա է ժամանակը. . . այս բարի լուրը քրիստոնէական աշխարհին մէջ ամէնուրեք ծանուցանելու»։
13. 1921–ին, Դիտարան–ը ինչպէ՞ս բոցավառեց օծեալ քրիստոնեաներուն յօժարակամ հոգին։
13 Աստուծոյ ժողովուրդը Յիսուսի մարգարէացած գործը պարտա՞դրաբար պիտի կատարէր։ Ո՛չ։ Դիտարան–ի 15 մարտ 1921 թիւին «Քաջասի՛րտ եղէք» խորագրով յօդուածը ուղղուած էր օծեալ քրիստոնեաներուն, անոնց յօժարակամ հոգին բոցավառելով։ Իւրաքանչիւրին քաջալերութիւն տրուեցաւ ինքն իրեն հարցնելու. «Այս գործին մասնակցիլը մեծագոյն առանձնաշնորհումս եւ պարտականութիւնս չէ՞»։ Յօդուածը աւելցուց ըսելով որ անոնք՝ որոնք քարոզչութիւնը առանձնաշնորհում կը սեպեն, կը նմանին «Երեմիային, որուն ‘սրտին մէջ Տէրոջ խօսքը կրակի մը պէս կը վառէր, իսկ ոսկորներուն մէջ՝ կը բորբոքէր’, զինք մղելով որ լուռ չմնայ» (Եր. 20։9)։ Այդ ջերմ քաջալերութիւնը արտացոլեց Եհովային եւ Յիսուսին վստահութիւնը Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրներուն հանդէպ։
14, 15. 1922–ին, Դիտարան–ը օծեալները քաջալերեց որ ուրիշներուն ո՞ր կերպով հասնին։
14 Ճշմարիտ քրիստոնեաները Թագաւորութեան պատգամը ինչպէ՞ս պէտք է ուրիշներուն հասցնեն։ Դիտարան–ի 15 օգոստոս 1922 թիւին մէջ, «Ծառայութիւնը էական է» խորագրով կարճ բայց ազդու յօդուած մը օծեալ քրիստոնեաները յորդորեց, որ «տպուած պատգամը ժրաջանօրէն մարդոց քարոզեն եւ անոնց դռներուն առջեւ անոնց հետ խօսին եւ վկայեն որ երկնային թագաւորութիւնը մօտ է»։
15 Յստակ է որ 1919–էն սկսեալ Քրիստոս իր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ կրկին անգամ շեշտած է թէ երկրի վրայ քրիստոնեայի մը առանձնաշնորհումն ու պարտականութիւնն է՝ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել։ Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչպէ՞ս հակազդեցին Թագաւորութեան ծանուցման մէջ բաժին բերելու քաջալերութեան։
«Հաւատարիմները կամաւոր պիտի ըլլան»
16. Կարգ մը ընտրուած երէցներ ինչպէ՞ս հակազդեցին այն գաղափարին, թէ բոլորը պէտք է ծառայութեան մասնակցին։
16 1920–ական եւ 1930–ական թուականներուն ոմանք չընդունեցին այն գաղափարը, որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները պէտք է ծառայութեան մասնակցին։ Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1927 թիւը բացատրեց թէ ի՛նչ կը պատահէր. «Եկեղեցիին [ժողովքին] մէջ կան պատասխանատու երէցներ. . . որոնք կը մերժեն իրենց եղբայրները քաջալերել որ ծառայութեան մասնակցին եւ իրենք եւս կը մերժեն ծառայութեան մասնակցիլ. . . Անոնք կը ծիծաղին այն յորդորին վրայ, որ կը քաջալերէ դռնէ դուռ քարոզել Աստուծոյ, անոր Թագաւորին եւ անոր թագաւորութեան մասին»։ Յօդուածը նշեց. «Ժամանակը եկած է որ հաւատարիմները այսպիսիներու վրայ նշան դնեն եւ անոնցմէ խուսափին, եւ իրենց ըսեն որ ա՛լ չեն վստահիր իրենց երէցի պատասխանատուութիւնը տալ» c։
17, 18. Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս հակազդեց հաւատարիմ ծառային ուղղութեան, եւ միլիոնաւորներ ինչպէ՞ս հակազդած են անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին։
17 Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը հաւատարիմ ծառային ուղղութեան ընդառաջեց։ Անոնք Թագաւորութեան պատգամը մարդոց քարոզելը առանձնաշնորհում սեպեցին։ Դիտարան–ի 15 մարտ 1926 թիւը ըսաւ. «Հաւատարիմները կամաւոր պիտի ըլլան. . . այս պատգամը մարդոց քարոզելու»։ Այսպիսի հաւատարիմներ Սաղմոս 110։3–ի մարգարէական խօսքին համաձայն ապրեցան եւ փաստեցին թէ մեսիական Թագաւորին յօժարակամ համակիրներ են։
18 Վերջին 100 տարիներուն միլիոնաւորներ Թագաւորութիւնը յօժարաբար ծանուցանած են։ Յաջորդ քանի մը գլուխներուն մէջ պիտի քննարկենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս քարոզած են,– անոնց մեթոտներն ու գործիքները,– եւ թէ արդիւնքները ի՛նչ եղած են։ Բայց նախ քննարկենք թէ ինչո՛ւ միլիոնաւորներ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ կամաւորաբար բաժին կը բերեն, հակառակ անոր որ եսասէր աշխարհի մը մէջ կ’ապրին։ Միեւնոյն ժամանակ, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Բարի լուրը ինչո՞ւ ուրիշներուն կը քարոզեմ’։
«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»
19. Յիսուսի «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» խրատին ինչո՞ւ կ’անսանք։
19 Յիսուս իր հետեւորդները խրատեց որ ‘առաջ խնդրեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Ինչո՞ւ այդ խրատին կ’անսանք։ Գլխաւորաբար քանի որ կը գիտակցինք Թագաւորութեան կարեւորութեան,– թէ անիկա Աստուծոյ նպատակին առանցքն է։ Ինչպէս որ տեսանք նախորդ յօդուածին մէջ, սուրբ հոգին աստիճանաբար ոգեւորիչ ճշմարտութիւններ յայտնեց Թագաւորութեան մասին։ Երբ Թագաւորութեան թանկարժէք ճշմարտութիւնը մեր սրտին դպչի, կը մղուինք առա՛ջ խնդրելու այդ Թագաւորութիւնը։
20. Ըստ պահուած գանձի առակին, Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին Թագաւորութիւնը առաջ խնդրելու խրատին։
20 Յիսուս գիտէր որ իր հետեւորդները ինչպէ՛ս պիտի հակազդէին Թագաւորութիւնը առաջ խնդրելու խրատին։ Նկատի առ պահուած գանձին առակը որ ինք պատմեց (կարդա՛ Մատթէոս 13։44)։ Արտին մէջ իր առօրեայ գործին ընթացքին, հողագործը յանկարծ պահուած գանձ մը կը գտնէ եւ անմիջապէս անոր արժէքը կը զատորոշէ։ Ան ի՞նչ կ’ընէ։ «Ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ Մենք ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Երբ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը գտնենք եւ անոր արժէքը զատորոշենք, ուրախութեամբ հարկ եղած ամէն զոհողութիւն պիտի ընենք, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ d։
21, 22. Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Թագաւորութիւնը առա՛ջ կը խնդրեն։ Օրինակ մը տուր։
21 Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրները ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ գործով ցոյց կու տան թէ Թագաւորութիւնը առաջ կը խնդրեն։ Անոնք իրենց կեանքը, կարողութիւնները եւ միջոցները կը տրամադրեն քարոզչութեան։ Շատեր մեծ զոհողութիւններ ըրած են, որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։ Այս բոլոր յօժարակամ քարոզիչները շօշափած են թէ Եհովան կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն։ Նկատի առ օրինակ մը։
22 1920–ական թուականներուն վերջաւորութենէն սկսեալ, Էվըրի եւ Լովինիա Պրիսթօ միասնաբար Միացեալ Նահանգներուն հարաւը ծառայեցին որպէս հրատարակութիւններ բաշխողներ (ռահվիրաներ)։ Տարիներ ետք, Լովինիան ըսաւ. «Անկէ ի վեր Էվըրին եւ ես միասնաբար ուրախ տարիներ անցուցինք ռահվիրայութեան մէջ։ Եղան ժամանակներ երբ չգիտցանք ուրկէ՛ դրամ բերել վառելանիւթ կամ նպարեղէն գնելու։ Բայց Եհովան միշտ ձեւով մը մեր պէտքերը հոգաց։ Մենք շարունակեցինք որպէս ռահվիրայ ծառայել եւ բանէ մը պակաս չմնացինք»։ Լովինիան յիշեց դէպք մը, որ իրենց հետ պատահեցաւ երբ կը ծառայէին Փենսըգոլայի մէջ, Ֆլորիտա։ Ատեն մը, բաւարար դրամ եւ նպարեղէն չունէին։ Երբ իրենց կցասայլը վերադարձան, տեսան երկու մեծ տոպրակ նպարեղէն, որոնց քով նոթ մը կար որ կ’ըսէր. «Սիրով, Փենսըգոլայի միաւորը» e։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ իր անցուցած տարիները յիշելով՝ Լովինիան ըսաւ. «Եհովան բնաւ մեզ երեսի վրայ չի ձգեր։ Եւ ան մեզ բնաւ յուսախաբ չ’ըներ»։
23. Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին ինչպէ՞ս կը զգաս եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։
23 Բոլորս չենք կրնար նոյն չափով ծառայել, քանի որ իւրաքանչիւրիս պարագան միւսէն տարբեր է։ Բայց բոլո՛րս կրնանք բարի լուրը սրտանց քարոզելը առանձնաշնորհում սեպել (Կող. 3։23)։ Քանի՛ որ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը թանկարժէք է մեզի համար, մենք յօժար ենք եւ կը տենչանք ընելու որեւէ զոհողութիւն, որպէսզի կարելի եղածին չափ լիովին ծառայենք։ Դուն ալ չե՞ս վճռած այսպէս ընել։
24. Վերջին օրերուն, Թագաւորութեան մեծագոյն իրագործումներէն մէկը ի՞նչ է։
24 Անցեալ դարուն ընթացքին, Թագաւորը իրապէս կատարած է Մատթէոս 24։14–ի մարգարէական խօսքը։ Եւ ան այս մէկը ըրած է առանց մէկը պարտադրելու որ Թագաւորութեան աջակցի։ Իր հետեւորդները այս անձնակեդրոն աշխարհէն դուրս գալէ ետք, յօժարաբար իրենք զիրենք քարոզչութեան տրամադրած են։ Ամբողջ աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզելը մաս կը կազմէ թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի ներկայութեան. իսկ վերջին օրերուն, անիկա Թագաւորութեան մեծագոյն իրագործումներէն մէկն է։
a Աստուածաշունչին մէջ, ցօղը առնչուած է առատութեան (Ծն. 27։28. Միք. 5։7)։
b Գործը որո՛նց վստահուած է գրքոյկը բացատրեց. «Ոսկեդար–ը պէտք է բաշխել Թագաւորութեան բարի լուրը տունէ տուն քարոզելու ընթացքին։ . . .Պատգամը ներկայացնելէ ետք, Ոսկեդար–էն օրինակ մը կարելի է ձգել իւրաքանչիւր տան մէջ, տանտէրը բաժանորդագրուած ըլլայ կամ ոչ»։ Անկէ ետք, տարիներ շարունակ, եղբայրներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ Ոսկեդար–ի եւ Դիտարան–ի բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ 1 փետրուար 1940–էն սկսեալ, Եհովայի ժողովուրդը քաջալերութիւն ստացաւ պարբերաթերթերուն օրինակները բաշխելու եւ տեղաւորած քանակը տեղեկագրելու։
c Այդ ատեն, երէցները ժողովրդավարականօրէն կ’ընտրուէին,– այսինքն՝ ժողովքը քուէարկութեամբ կ’ընտրէր երէցները։ Ուրեմն, ժողովքը կրնար մերժել քուէարկել ի նպաստ այն տղամարդոց, որոնք ծառայութեան կը հակառակէին։ 12–րդ գլուխը պիտի քննարկէ երէցներուն աստուածպետականօրէն նշանակուիլը։
d Յիսուս համանման կէտ մը նշեց մարգարիտին առակին մէջ, ուր վաճառական մը գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Երբ ան պատուական մարգարիտ մը կը գտնէ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ զայն կը գնէ (Մատ. 13։45, 46)։ Երկու առակները նաեւ մեզի կը սորվեցնեն որ թերեւս Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը տարբեր կերպերով գիտնանք։ Ոմանք պատահաբար, իսկ ուրիշներ՝ զայն փնտռելով։ Բայց կերպը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պատրաստ ենք զոհողութիւններ ընելու որպէսզի Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը գրաւէ։
e Այդ ատեն, ժողովքները կը կոչուէին միաւորներ։