Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 9

Քարոզչութեան արդիւնքները. ‘Արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’

Քարոզչութեան արդիւնքները. ‘Արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Եհովան Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը կ’աճեցնէ

1, 2. ա) Աշակերտները ինչո՞ւ շփոթած են։ բ) Յիսուս ինչպիսի՞ հունձքի մը մասին կը խօսի։

 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ շփոթած են։ Յիսուս իրենց կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են»։ Բայց երբ անոնք արտերուն ուղղութեամբ կը նային, ճերմակ արտեր տեսնելու փոխարէն կանանչ արտեր կը տեսնեն. գարին նոր ծլած է։ Հաւանաբար անոնք հարց կու տան. ‘Ի՞նչ հունձք։ Հունձքին դեռ քանի մը ամիս կայ’ (Յովհ. 4։35

2 Բայց Յիսուս բառացի հունձքի մը մասին չի խօսիր։ Փոխարէն, ան այս առիթը կ’օգտագործէ իր աշակերտներուն սորվեցնելու երկու կարեւոր դասեր հոգեւոր հունձքի մը մասին,– մարդոց հաւաքումը քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ի՞նչ են այդ երկու դասերը։ Պատասխանը գիտնալու համար, այս դէպքը աւելի մանրամասնօրէն նկատի առնենք։

Գործի լծուելու կոչ եւ ուրախութեան խոստում

3. ա) Հաւանաբար ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց ըսելու. ‘Արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’ (տե՛ս ստորանիշը)։ բ) Յիսուս իր ըսածը ինչպէ՞ս յստակացուց։

3 Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն միջեւ այս զրոյցը տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 30–ի վերջաւորութեան, սամարական Սուքար գիւղաքաղաքին մօտ։ Երբ իր աշակերտները քաղաքը մտան, Յիսուս դուրսը՝ ջրհորի մը քով մնաց։ Հոն, ան հոգեւոր ճշմարտութիւններ յայտնեց կնոջ մը, որ անմիջապէս ըմբռնեց անոր ուսուցումներուն կարեւորութիւնը։ Երբ աշակերտները վերադարձան, կինը շուտով Սուքար ուղղուեցաւ, որպէսզի իր դրացիներուն պատմէ իր սորված հոյակապ բաները։ Կնոջ ըսածները անոնց հետաքրքրութիւնը շարժեցին եւ շատեր իսկոյն ջրհոր ուղղուեցան՝ որ Յիսուսը տեսնեն։ Հաւանաբար այդ վայրկեանին էր որ Յիսուս իր աչքերը արտերէն անդին սեւեռելով՝ տեսաւ խումբ մը սամարացիներ իրեն կը մօտենան, եւ ըսաւ. «Արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» a։ Ապա, յստակացնելու համար թէ հոգեւո՛ր հունձքի մը մասին կը խօսէր,– եւ ոչ թէ բառացի հունձքի մը մասին,– ան ըսաւ. «Ան որ կը հնձէ. . . յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ» (Յովհ. 4։5-30, 36

4. ա) Յիսուս ի՞նչ երկու դասեր սորվեցուց հունձքին մասին։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

4 Յիսուս հոգեւոր հունձքին մասին ի՞նչ երկու կարեւոր դասեր սորվեցուց։ Առաջին, գործը հրատապ է։ Երբ ըսաւ որ ‘արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’, ան կոչ կ’ուղղէր իր հետեւորդներուն որ գործի լծուին։ Իր աշակերտներուն ցոյց տալու համար թէ այդ գործը ո՛ր աստիճան հրատապ է, Յիսուս աւելցուց. «[«Արդէն», ՆԱ] ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ»։ Արդարեւ, հունձքը արդէն սկսած էր,– ժամանակը չէր զայն ուշացնելու։ Երկրորդ, աշխատողները ուրախ են։ Յիսուս ըսաւ որ սերմանողը եւ հնձողը ‘մէկտեղ պիտի ուրախանան’ (Յովհ. 4։35բ, 36)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ինք ուրախացաւ տեսնելով որ «շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին», նոյնպէս իր հետեւորդները մեծապէս պիտի ուրախանային մինչ անձնուիրաբար կը մասնակցէին հունձքին (Յովհ. 4։39-42)։ Առաջին դարուն տեղի ունեցած այս դէպքը մեզի համար մասնայատուկ կարեւորութիւն ունի, քանի որ կը լուսաբանէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ ներկայիս՝ ցարդ մեծագոյն հոգեւոր հունձքին ընթացքին։ Այս արդի հունձքը ե՞րբ սկսաւ։ Որո՞նք անոր կը մասնակցին։ Արդիւնքները ի՞նչ եղած են։

Մեր Թագաւորը ցարդ մեծագոյն հունձքը կ’առաջնորդէ

5. Համաշխարհային հունձքը ո՞վ կ’առաջնորդէ, եւ Յովհաննէսի տեսիլքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ գործը հրատապ է։

5 Յովհաննէս առաքեալին մէկ տեսիլքին մէջ, Եհովան կը յայտնէ թէ Յիսուսը նշանակած է, որ համաշխարհային հունձքը առաջնորդէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։14-16)։ Այս տեսիլքին մէջ կը նկարագրուի թէ Յիսուս պսակ մը եւ մանգաղ մը ունի։ Իր գլխուն «ոսկիէ պսակը» կը հաստատէ Յիսուսին դիրքը որպէս իշխող Թագաւոր։ Իսկ իր ձեռքին մէջ ունեցած «սուր մանգաղ»ը կը հաստատէ իր դերը որպէս Հնձող։ Հրեշտակի մը միջոցաւ նշելով թէ «երկրի հունձքը հասունցած է», Եհովան կը շեշտէ թէ գործը հրատապ է։ Իրապէս «հնձելու ժամանակը եկաւ»,– ժամանակը չէ զայն ուշացնելու։ Յիսուս կը գործադրէ «երկնցո՛ւր քու մանգաղդ» աստուածային պատուէրը եւ երկիրը կը հնձուի,– այսինքն՝ երկրի ժողովուրդը կը հաւաքուի քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Այս հետաքրքրաշարժ տեսիլքը մեզի կը յիշեցնէ, որ դարձեալ ‘արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’։ Անիկա մեզի կ’օգնէ՞ բնորոշելու թէ այս համաշխարհային հունձքը ե՛րբ սկսաւ։ Այո՛։

6. ա) Հունձքին եղանակը ե՞րբ սկսաւ։ բ) Բուն «երկրի հունձքը» ե՞րբ սկսաւ. բացատրէ՛։

6 Քանի որ Յայտնութիւն 14–րդ գլուխին մէջ Յիսուս՝ Հնձողը՝ պսակ մը կամ թագ մը դրած է (համար 14), ուրեմն անոր թագադրութիւնը արդէն տեղի ունեցած է (Դան. 7։13, 14)։ Թագադրուելէն քիչ ետք, Յիսուս պատուէր կը ստանայ հունձքը սկսելու (համար 15)։ Դէպքերու նոյն շարքաւորումը կը տեսնենք Յիսուսի տուած որոմին առակին մէջ, ուր ան կ’ըսէ. «Հունձքը՝ աշխարհի վախճանն է»։ Թէեւ հունձքին եղանակն ու աշխարհին վախճանը սկսան նոյն ժամանակին՝ 1914–ին, բայց բուն հունձքը սկսաւ ետքը՝ «հունձքին եղանակին» ընթացքին (Մատ. 13։30, 39, ՆԱ)։ Հիմա որ վերջին օրերուն մէջ ենք, յետադարձ ակնարկ մը նետելով կրնանք տեսնել թէ բուն հունձքը սկսաւ Յիսուսի թագադրութենէն քանի մը տարի ետք։ Նախ, 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը Յիսուս իր օծեալ հետեւորդները մաքրեց (Մաղ. 3։1-3. Ա. Պետ. 4։17)։ Ապա, 1919–ին, «երկրի հունձքը» սկսաւ։ Առանց ուշացումի, Յիսուս նոր նշանակուած հաւատարիմ ծառան գործածեց՝ մեր եղբայրներուն օգնելու որ քարոզչութեան հրատապութիւնը տեսնեն։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ։

7. ա) Եղբայրները ինչպէ՞ս հասկցան որ քարոզչութիւնը հրատապ է։ բ) Բոլորին ի՞նչ քաջալերութիւն տրուեցաւ։

7 Դիտարան–ի յուլիս 1920 թիւը նշեց. «Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութենէն բացայայտ կը դառնայ, թէ եկեղեցիին մեծ առանձնաշնորհում տրուած է թագաւորութեան առնչուող պատգամը ծանուցանելու»։ Օրինակ, Եսայիի մարգարէական խօսքերը օգնեցին եղբայրներուն որ անդրադառնան, թէ Թագաւորութեան լուրը պէտք էր համայն աշխարհի մէջ ծանուցանուէր (Եսա. 49։6. 52։7. 61։1-3)։ Ճիշդ է որ անոնք չէին գիտեր թէ այսպիսի գործունէութիւն մը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր, բայց վստահ էին որ Եհովան իրենց առջեւ ճամբան պիտի հարթէր (կարդա՛ Եսայի 59։1)։ Քարոզչութեան հրատապութիւնը հասկնալով, անոնք բոլորին քաջալերութիւն տուին որ իրենց քարոզչութիւնը աւելցնեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8. 1921–ին, մեր եղբայրները քարոզչութեան առնչուող ո՞ր երկու իրողութիւնները ըմբռնեցին։

8 Դիտարան–ի դեկտեմբեր 1921 թիւը ծանուցանեց. «1921–ը ցարդ լաւագոյն տարին եղած է։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, թիւով աւելի՛ շատ մարդիկ ճշմարտութեան պատգամը լսած են»։ Պարբերաթերթը աւելցուց. «Դեռ ընելիք շա՛տ բան կայ. . . Ուրախ սրտով մեր գործը կատարենք»։ Նկատի առ թէ եղբայրները ինչպէ՛ս ըմբռնեցին քարոզչութեան առնչուող այն նոյն երկու կարեւոր իրողութիւնները, որոնք Յիսուս իր առաքեալներուն շեշտած էր. գործը հրատապ է եւ աշխատաւորները ուրախ են։

9. ա) 1954–ին, Դիտարան–ը ի՞նչ նշեց հունձքին մասին եւ ինչո՞ւ։ բ) Հրատարակիչներու թիւին մէջ համաշխարհային ի՞նչ աճ արձանագրուած է անցեալ 50 տարիներուն ընթացքին (տե՛ս « Համաշխարհային աճը» ցուցակը)։

9 1930–ական թուականներուն ընթացքին, երբ եղբայրները հասկցան թէ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը Թագաւորութեան պատգամին պիտի ընդառաջէր, քարոզչութիւնը աւելի թափ առաւ (Եսա. 55։5. Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Թագաւորութեան պատգամը քարոզողներուն թիւը, որ 1934–ին 41,000 էր, բարձրացաւ՝ հասնելով 500,000–ի 1953–ին։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1954 թիւը յարմարօրէն եզրակացուց. «Եհովային հոգին եւ իր Խօսքին զօրութիւնը այս աշխարհածաւալ մեծ հունձքը իրագործած են» (Զաք. 4։6) b։

 

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՃԸ

Երկիր

1962

1987

2013

Աւստրալիա

15,927

46,170

66,023

Պրազիլ

26,390

216,216

756,455

Ֆրանսա

18,452

96,954

124,029

Իտալիա

6,929

149,870

247,251

Ճափոն

2,491

120,722

217,154

Մեքսիքա

27,054

222,168

772,628

Նիկերիա

33,956

133,899

344,342

Ֆիլիփիններ

36,829

101,735

181,236

ԱՄՆ

289,135

780,676

1,203,642

Զամպիա

30,129

67,144

162,370

 

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ

1950

234,952

1960

646,108

1970

1,146,378

1980

1,371,584

1990

3,624,091

2000

4,766,631

2010

8,058,359

Հունձքին արդիւնքները մարգարէացուած՝ երկու պատկերաւոր առակներով

10, 11. Մանանեխին առակին մէջ, սերմին աճման ո՞ր երեսակները շեշտուած են։

10 Թագաւորութեան առնչուող իր առակներուն մէջ, Յիսուս պատկերաւոր խօսքով մարգարէացաւ հունձքին արդիւնքներուն մասին։ Նկատի առնենք մանանեխին եւ խմորին առակները, մասնաւորաբար կեդրոնանալով թէ վերջին օրերուն անոնք ինչպէ՛ս կատարուած են։

11 Մանանեխին առակը։ Տղամարդ մը մանանեխի հատիկ մը կը ցանէ։ Ապա, հատիկը կ’աճի ու կը դառնայ ծառ մը, ուր թռչունները ապաստան կը գտնեն (կարդա՛ Մատթէոս 13։31, 32)։ Այս առակին մէջ սերմին աճման ո՞ր երեսակները շեշտուած են։ 1) Աճման տարողութիւնը տպաւորիչ է։ «Սերմերուն ամենէն պզտիկը» կ’աճի եւ կը դառնայ հսկայ ծառ մը՝ «մեծ ճիւղեր»ով (Մար. 4։31, 32)։ 2) Աճը ստոյգ է։ «Երբ [սերմը] ցանուի՝ կը բուսնի» (ԱԾ)։ Յիսուս չ’ըսեր. «Անիկա թերեւս բուսնի»։ Այլ կ’ըսէ. «Կը բուսնի»։ Ո՛չ մէկ բան անոր աճման արգելք կը հանդիսանայ։ 3) Աճող ծառը ուշադրութիւն կը գրաւէ եւ բնակարան կը հայթայթէ։ «Երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։ Այս երեք երեսակները ինչպէ՞ս կը կիրարկուին արդի հոգեւոր հունձքին։

12. Մանանեխին առակը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի արդի հունձքին (տես նաեւ « Ուսումնասիրութեանց յաւելումը» ցուցակը)։

12 1) Աճման տարողութիւնը։ Առակը կ’ընդգծէ Թագաւորութեան պատգամին եւ քրիստոնէական ժողովքին աճը։ 1919–էն ի վեր, հունձքին մասնակցող նախանձախնդիր աշխատաւորներ հաւաքուած են վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Այդ ժամանակ, աշխատաւորներուն թիւը քիչ էր, բայց արագօրէն աճեցաւ։ Իրականութեան մէջ, 1900–ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ օրս՝ անոր աճը բացառիկ եղած է (Եսա. 60։222) Աճը ստոյգ է։ Ո՛չ մէկ բան կարող դարձած է քրիստոնէական ժողովքին աճման արգելք հանդիսանալ։ Հակառակ Աստուծոյ թշնամիներուն բանեցուցած բիրտ հակառակութեան, այս փոքր սերմը շարունակեց աճիլ՝ բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով (Եսա. 54։173) Բնակարան։ «Երկնքի թռչունները», որոնք ծառին մէջ բնակարան կը գտնեն, կը ներկայացնեն շուրջ 240 երկիրներէ եկած միլիոնաւոր ազնուասիրտ անհատներ, որոնք Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջած են՝ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը դառնալով (Եզեկ. 17։23)։ Հոն, անոնք կը ստանան հոգեւոր սնունդ, թարմացում եւ պաշտպանութիւն (Եսա. 32։1, 2. 54։13

Մանանեխին առակը ցոյց կու տայ որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ ապաստան կը գտնենք (Տե՛ս պարբերութիւն 11, 12)

13. Խմորին առակը աճման ո՞ր երեսակները կը շեշտէ։

13 Խմորին առակը։ Կին մը ալիւրին մէջ թթխմոր աւելցնելէ ետք, ալիւրին ամբողջ զանգուածը կը խմորուի (կարդա՛ Մատթէոս 13։33)։ Այս առակին մէջ աճման ո՞ր երեսակները շեշտուած են։ Նկատի առնենք երկուքը։ 1) Աճը փոխակերպութիւն կը պատճառէ։ Թթխմորը տարածուեցաւ «մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։ 2) Աճը համատարած է։ Թթխմորը կը խմորէ «երեք գրիւ ալիւր»ը,– ամբողջ զանգուածը։ Այս երկու երեսակները ինչպէ՞ս կը կիրարկուին արդի հոգեւոր հունձքին։

14. Խմորին առակը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի արդի հունձքին։

14 1) Փոխակերպութիւն։ Թթխմորը կը պատկերացնէ Թագաւորութեան պատգամը, իսկ ալիւրին զանգուածը՝ մարդկութիւնը։ Ճիշդ ինչպէս որ թթխմորը ալիւրը կը փոխակերպէ,– երկուքը իրարու հետ խառնուելէ ետք,– նոյնպէս Թագաւորութեան պատգամը մարդոց սիրտը կը փոխակերպէ՝ երբ անոնք պատգամը կ’ընդունին (Հռով. 12։22) Համատարած ըլլալ։ Թթխմորին տարածուիլը կը պատկերացնէ Թագաւորութեան պատգամին տարածուիլը։ Ճիշդ ինչպէս որ թթխմորը ամբողջ զանգուածին մէջ կը տարածուի, նոյնպէս Թագաւորութեան պատգամը տարածուած է «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Առակին այս երեսակը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, Թագաւորութեան պատգամը պիտի տարածուի՝ հակառակ անոր որ մեր քարոզչութիւնը այդ շրջաններուն մէջ թերեւս աննկատ մնայ։

15. Եսայի 60։5, 22–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կատարուած են (տես նաեւ « Եհովային քով անկարելի բան չկայ» շրջանակը էջ 105–ի վրայ եւ « Ինչպէ՛ս ‘պզտիկը մեծ ազգ’ դարձած է» շրջանակը էջ 108-109–ի վրայ)։

15 Յիսուս այս առակները պատմելէն շուրջ 800 տարի առաջ, Եհովան Եսայիին միջոցաւ պատկերաւոր խօսքով մարգարէացաւ արդի հոգեւոր հունձքին տարողութեան եւ անոր պատճառելիք ուրախութեան մասին c։ Եհովան կը նկարագրէ որ մարդիկ «հեռուէն» դէպի իր կազմակերպութիւնը կը խուժեն։ Իր խօսքը ուղղելով ‘կնոջ’ մը, որ ներկայիս կը ներկայացնէ օծեալ մնացորդը երկրի վրայ, Եհովան կ’ըսէ. «Պիտի տեսնես եւ ուրախանաս ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ» (Եսա. 60։1, ՆԱ, 4, 5, 9)։ Ի՜նչ ճշմարիտ են այդ խօսքերը։ Ներկայիս, երկար տարիներէ ի վեր Աստուծոյ ծառայողները իրապէս կը ցնծան, երբ կը տեսնեն թէ իրենց երկրին մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն փոքր թիւը ինչպէ՛ս աճած է՝ հասնելով հազարաւորներու։

Մեր ուրախութեան պատճառները

16, 17. Ո՞րն է պատճառներէն մէկը, որ կը մղէ ‘սերմանողն ու հնձողը մէկտեղ ուրախանալու’ (տես նաեւ « Երկու թերթիկներ երկու սրտերու կը դպչին» շրջանակը)։

16 Յօդուածին սկիզբը նշուած դէպքին մէջ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ան որ կը հնձէ. . . յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան» (Յովհ. 4։36)։ Համաշխարհային հունձքին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք ‘մէկտեղ ուրախանալ’։ Քանի մը կերպերով։ Նկատի առնենք անոնցմէ երեքը։

17 Նախ, կ’ուրախանանք տեսնելով Եհովային դերը այս գործին մէջ։ Երբ Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզենք, սերմ կը ցանենք (Մատ. 13։18, 19)։ Երբ անհատի մը կ’օգնենք որ Քրիստոսի աշակերտը դառնայ, պտուղ կը հնձենք։ Եւ բոլորս խորապէս կ’ուրախանանք եւ կը հիանանք՝ տեսնելով որ Եհովան ինչպէ՛ս պատճառ կը դառնայ որ Թագաւորութեան սերմը «բուսնի ու մեծնայ» (Մար. 4։27, 28)։ Մեր ցանած կարգ մը սերմերը ժամանակ մը ետք կ’աճին եւ ուրիշներու կողմէ կը հնձուին։ Թերեւս Ճոանին փորձառութեան նման փորձառութիւն մը ունեցած ես։ Ճոան Բրիտանիոյ մէջ քոյր մըն է, որ 60 տարի առաջ մկրտուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Կը հանդիպիմ անհատներու, որոնք ինծի կ’ըսեն թէ ես իրենց սրտին մէջ սերմ մը ցանած եմ, երբ տարիներ առաջ իրենց քարոզած եմ։ Յետագային, ուրիշ Վկաներ իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած են եւ իրենց օգնած են որ Եհովային ծառաները դառնան։ Կ’ուրախանամ որ ցանած սերմս աճած եւ հնձուած է» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7

18. Ա. Կորնթացիս 3։8–ին մէջ ուրախութեան ի՞նչ պատճառ նշուած է։

18 Երկրորդ, մեր գործը ուրախութեամբ կը կատարենք, քանի որ կը յիշենք Պօղոսի այս խօսքը. «Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը» (Ա. Կոր. 3։8)։ Իւրաքանչիւրս իր աշխատանքին հիման վրայ կը վարձատրուի, եւ ոչ թէ իր աշխատանքին արդիւնքներուն հիման վրայ։ Ասիկա շա՜տ կը քաջալերէ անոնք՝ որոնք կը ծառայեն այնպիսի թաղամասերու մէջ, ուր քիչեր մեր քարոզչութեան կ’ընդառաջեն։ Աստուծոյ աչքին, իւրաքանչիւր Վկայ որ սրտանց բաժին կը բերէ սերմանելու գործին, ‘շատ պտուղ կը բերէ’ եւ հետեւաբար ուրախանալու պատճառ ունի (Յովհ. 15։8. Մատ. 13։23

19. ա) Մատթէոս 24։14–ին մէջ նշուած Յիսուսի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս առնչուած է մեր ուրախութեան։ բ) Նոյնիսկ եթէ անձամբ չյաջողինք աշակերտելու գործին մէջ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

19 Երրորդ, կ’ուրախանանք որ մեր գործը Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարում է։ Նկատի առ Յիսուսի պատասխանը առաքեալներուն, երբ անոնք հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Ան ըսաւ որ համաշխարհային քարոզչութիւնը այդ նշանին մէկ երեսակը պիտի ըլլար։ Արդեօք ան աշակերտե՞լու գործին մասին կը խօսէր։ Ո՛չ։ Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։3, 14)։ Ուրեմն, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը,– սերմ ցանելը,– նշանին մէկ երեսակն է։ Ուստի, մինչ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք, ի մտի ունենանք որ նոյնիսկ եթէ չյաջողինք աշակերտելու գործին մէջ, կը յաջողինք «վկայութիւն» տալու մէջ d։ Արդարեւ, մարդիկ ինչպէ՛ս որ ալ հակազդեն, մենք բաժին կը բերենք Յիսուսի մարգարէութեան կատարման մէջ եւ պատիւ ունինք ծառայելու որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ (Ա. Կոր. 3։9)։ Ուրախանալու ի՜նչ մեծ պատճառ։

«Արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը»

20, 21. ա) Մաղաքիա 1։11–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կը կատարուին։ բ) Հունձքին առնչութեամբ ի՞նչ վճռած ես ընել եւ ինչո՞ւ։

20 Առաջին դարուն, Յիսուս իր առաքեալներուն օգնեց տեսնելու որ հունձքի գործը հրատապ է։ Իսկ 1919–էն սկսեալ, Յիսուս իր արդի աշակերտներուն օգնած է որ նոյն ճշմարտութիւնը հասկնան։ Առ ի արդիւնք, Աստուծոյ ժողովուրդը իր գործունէութիւնը աւելցուցած է։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկ բան կրցած է հունձքին գործը դադրեցնել։ Ինչպէս որ Մաղաքիան մարգարէացաւ, ներկայիս քարոզչութիւնը «արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը» կը կատարուի (Մաղ. 1։11)։ Արդ, արեւածագէն մինչեւ արեւամուտ՝ արեւելքէն արեւմուտք՝ սերմանողներն ու հնձողները ամէնուրեք միասնաբար կ’ուրախանան։ Եւ արեւածագէն մինչեւ արեւամուտ՝ առտուընէ մինչեւ իրիկուն՝ մենք հրատապութեան զգացումով կ’աշխատինք։

21 Անցեալ 100 տարիներուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով եւ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ ծառաներուն պզտիկ խումբը «մեծ ազգ» մը դարձած է, մեր սիրտը իրապէս ‘կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ’ (Եսա. 60։5, 22)։ Թող որ այդ ուրախութիւնը եւ Եհովային՝ «հունձքին Տէրոջ»ը՝ հանդէպ մեր սէրը մեզ մղէ, որ շարունակենք ցարդ մեծագոյն հունձքը ամբողջացնելու մէջ մեր բաժինը բերել (Ղուկ. 10։2

a Արտերը «ճերմկած» են ըսելով, կրնայ ըլլալ որ Յիսուս կ’ակնարկէր ճերմակ հանդերձներուն, զորս թերեւս իրեն մօտեցող սամարացիները հագած էին։

b Այս տարիներուն եւ անոնց յաջորդող տասնամեակներուն մասին աւելին գիտնալու համար, կը քաջալերենք որ կարդաս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 425-520 (անգլերէն), ուր կը խօսի թէ հունձքին գործը ի՛նչ իրագործած է 1919–էն մինչեւ 1992։

c Այս մարգարէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յուլիս 2002 թիւը, էջ 21-31։

d Աստուածաշունչի Աշակերտները արդէն հասկցած էին այդ ճշմարտութիւնը։ Սիօնի դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1895 թիւը նշեց. «Նոյնիսկ եթէ քիչ քանակով ցորեն հնձուի, առնուազն ճշմարտութեան մասին մեծ վկայութիւն տուած կ’ըլլանք»։ Ապա աւելցուց. «Բոլորը կրնան աւետարանը քարոզել»։