Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 5

Աստուած ճանչնալ

Աստուած ճանչնալ

ԵՐԲ խրատ կը փնտռէք, չէ՞ք երթար անհատի մը քով որ վստահելի է։ Եթէ խրատը աղբիւրէ մը գայ որուն վրայ վստահութիւն ունիք, շատ աւելի հակամէտ պիտի ըլլաք անոր հետեւելու, անկէ անմիջական օգուտներ քաղէք կամ ոչ։ Աստուածաշունչի գործնական խրատներէն իրապէս օգտուելու համար, պէտք է անոր Հեղինակին ծանօթանաք։ Այո, կրնաք նո՛յնիսկ իր «բարեկամը» նկատուիլ։—Եսայեայ 41։8ՆԱ

Աստուածային անունը, որ Եսայեայ գրքին Եբրայերէն բնագրին մէջ կը տեսնուի

2 Եթէ կը փափաքիք մէկու մը հետ բարեկամութիւն ընել, անշուշտ պիտի ուզէք նախ իր անունը գիտնալ։ Աստուածաշունչին Աստուածը անուն մը ունի՞։ Ան ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն»։ (Եսայեայ 42։8) Իր անունը «Եհովա» է, որ Եբրայերէնին մէջ יהוה կը գրուի (աջէն՝ ձախ կը կարդացուի)։ Այդ անունը մօտ 7,000 անգամ կը տեսնուի Աստուածաշունչի Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Աստուածային անուան իմաստն է՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», ըսել ուզելով որ իր նպատակները իրագործելու համար Եհովան հարկ եղածը կ’ըլլայ կամ կը պատճառէ որ իր ստեղծագործութի՛ւնը ըլլայ կամ ընէ որեւէ բան որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակի իրագործման համար։ Եբրայերէնի մէջ իր անունը քերականական ձեւ մը ունի որ իրագործուելու վրայ եղող արարք մը կը նշէ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա մեզի կ’ըսէ որ Եհովան պատճառած է եւ տակաւի՛ն կը պատճառէ որ իր նպատակները իրագործուին։ Ան կենդանի Աստուած մըն է եւ ո՛չ թէ անդէմ ոյժ մը։

3 Եհովա Ստեղծիչ եղաւ։ (Ծննդոց 1։1) Ան ‘կենդանի Աստուածն է, որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները’։ (Գործք 14։14) Եհովա ամէ՛ն բան ստեղծեց, մէջը ըլլալով մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան։ Հետեւաբար, Աստուած «կեանքի աղբիւր»ն է։ (Սաղմոս 36։9) Ան նաեւ կեանքի Պահպանիչը եղաւ։ «Ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։ (Գործք 14։16) Ափրիկէի ու Ասիոյ մէջ, շատեր իրենց նախահայրերը կը պաշտեն, քանի որ իրենց կեանքը անոնցմէ ստացած են։ Անոնք իրենք զիրենք աւելի պարտական պէտք չէ՞ զգան կեանքը Ստեղծողին եւ Պահպանողին՝ առաջին զոյգը ստեղծող ու անոնց վերարտադրական կարողութիւն Տուողին, հանդէպ։ Այս իրողութեան մասին խոկալը կրնայ ձեզ մղել որ բացագանչէք. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10բ

4 Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն կրնաք ճանչնալ ձեր Ստեղծիչը՝ Եհովան, եւ սորվիլ թէ ան ի՛նչպիսի Աստուած մըն է։ Անիկա կը յայտնէ թէ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։16. Ելից 34։6, 7) Մինչ կը կարդաք Աստուածաշունչը Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն, բազմաթիւ տեղեկութիւններ պիտի գտնէք, որոնք ցոյց կու տան թէ ան արդարեւ սիրալիր Աստուած մըն է։ Ձեր Ստեղծիչը ճանչնալու նպատակաւ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալը ինչո՞ւ վարժութիւն չդարձնէք։ Ուշադիր կերպով Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցէք, անոր բովանդակութեան ընտելացած անհատներու օգնութեամբ։ (Գործք 8։26-35) Այսպէս ընելով, պիտի տեսնէք որ ան նաեւ արդար Աստուած մըն է, որ անվերջ պիտի չարտօնէ չարութիւնը։ (Բ. Օրինաց 32։4) Սիրոյ ու արդարութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելը դիւրին չէ մարդուն համար, բայց Եհովա իր իմաստութեամբ զանոնք կատարեալ հաւասարակշռութեան մէջ կը պահէ։ (Հռովմայեցիս 11։33. 16։27) Ամենակալ Աստուած ըլլալով, իր նպատակները իրագործելու համար ան զօրութիւնը ունի իր ուզածը ընելու։ (Ծննդոց 17։1) Փորձեցէք Աստուածաշունչին մէջ ձեր գտած իմաստուն խրատները կիրարկել, եւ ձեր Ստեղծիչը շատ աւելի պիտի գնահատէք, անդրադառնալով որ իր խրատները մի՛շտ մեր բարիքին կը ծառայեն։

Ինչո՞ւ աղօթքով չմօտենաք Եհովայի

5 Աստուծոյ մօտենալու տակաւին ուրիշ կերպ մը կայ, որ է աղօթքը։ Եհովա «աղօթքի լսող» է։ (Սաղմոս 65։2) Ան «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք»։ (Եփեսացիս 3։20) Բայց ի՞նչ պիտի մտածէիք «բարեկամ»ի մը մասին որ միայն ձեզմէ բան մը խնդրելու համար կու գայ։ Հաւանաբար շատ պիտի չախորժէիք իրմէ։ Ուստի, անկասկած պիտի ուզէիք աղօթքի առանձնաշնորհումը գործածել ո՛չ միայն Աստուծմէ խնդրելու համար ինչ որ պէտք ունիք, այլ նաեւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու ու զինք փառաբանելու համար։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18