Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 1

Գոհացուցիչ կեանք մը՝ զուտ պատրա՞նք մըն է

Գոհացուցիչ կեանք մը՝ զուտ պատրա՞նք մըն է

ԶԱՐԳԱՑԱԾ երկրի մը մէջ, կեանքի բոլոր պերճանքներով օժտուած տուն մը կրնայ հանգստութեան եւ բարգաւաճութեան երեւոյթ մը տալ։ Բայց դրան սեմէն ներս մտնելով, թերեւս ի՞նչ տեսնէք։ Անախորժ ու տխուր մթնոլորտ մը։ Պատանի զաւակները իրենց ծնողներուն կը պատասխանեն, խոժոռադէմ «Այո», կամ «Ոչ» ըսելով։ Մայրը կարօտը ունի իր ամուսնոյն հոգածութեան։ Իսկ հայրը կ’ուզէ որ զինք հանգիստ ձգեն։ Այս զոյգին տարեց ծնողները ուրիշ տեղ մը առանձին ապրելով ընտանիքին ընկերակցութեան կարօտը կը քաշեն, զոր երկար ատենէ տեսած չեն։ Միւս կողմէ, նոյնանման ճնշումներ դիմագրաւող ընտանիքներ կրցած են իրենց խնդիրները լուծել եւ իրապէս ուրախ են։ Թերեւս հարց կու տաք թէ ինչո՛ւ։

2 Նկատի առէք՝ թերեւս աշխարհի տարբեր անկիւնի մը մէջ, զարգացումի վրայ եղող երկրի մը մէջ ապրող ընտանիք մը։ Ընտանիքինեօթը անդամները հիւղակի մը մէջ կը բնակին, որ փուլ գալու վրայ է։ Անոնք չեն գիտեր թէ յաջորդ ճաշը ունենալու համար ե՛րբ պիտի կարենան ուտելիք ձեռք ձգել. տխուր վերյիշեցում մը, թէ մարդը չէ կրցած աշխարհը ձերբազատել անօթութենէ եւ աղքատութենէ։ Սակայն երկրի վրայ շատ ընտանիքներ կան, որոնք աղքատութիւնը կը դիմագրաւեն ուրախ տրամադրութեամբ մը։ Ինչո՞ւ։

3 Նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ խնդիրներ կրնան յարուցուիլ։ Ճափոնի մէջ ընտանիք մը տուն մը գնեց տնտեսական վիճակը «վերելք»ի մէջ եղած ժամանակ։ Վստահ ըլլալով որ ապագային ամսականի յաւելում պիտի ունենային, անոնք բարձր մուրհակներ վճարելու համաձայնութիւն կնքեցին։ Բայց երբ այդ «վերելք»ը խափանուեցաւ, անոնք այլեւս չկրցան վճարումները ընել եւ ստիպուեցան տունը ծախել, իրենց վճարածէն շատ աւելի ցած գինով մը։ Թէեւ այլեւս այդ տան մէջ չեն բնակիր, բայց տակաւին անոր պարտքը կը վճարեն։ Բեռը ծանրացնողը այն է որ անոնք վարկատոմսերու անխոհեմ գործածութեան պարտքերը վճարելու համար մեծ ճիգ կը թափեն։ Հայրը ձիարշաւ կը խաղայ եւ ընտանիքը աւելի կը մխրճուի պարտքի մէջ։ Բայց շատ ընտանիքներ բարեճշդումներ ընելով ուրախութիւն ձեռք ձգած են։ Կ’ուզէ՞ք գիտնալ ինչպէս։

4 Ո՛ւր որ ալ ապրիք, մարդկային յարաբերութիւնները յարատեւ վշտի աղբիւր մըն են, կեանքը իրապէս անգոհացուցիչ դարձնելով։ Գործին մէջ թերեւս միշտ ձեզի խօսք զարնեն։ Ձեր իրագործումները կրնան ուրիշներուն նախանձը գրգռել, անճիշդ քննադատութեան զոհ դարձնելով ձեզ։ Անհատ մը որու հետ միշտ շփման մէջ էք, իր ինքնահաւան անձնաւորութեամբ կրնայ գրգռել ձեզ։ Դպրոցի մէջ թերեւս ձեր զաւկին հետ կը կռուին, զինք կը նեղացնեն կամ կ’անտեսեն։ Եթէ առանձին ծնող մըն էք, գիտէք թէ ասիկա կացութեան չի նպաստեր։ Ասոնց նման խնդիրներ ներկայիս շատ տղամարդոց ու կիներու կեանքին վրայ ճնշում կը բանեցնեն։

5 Ճնշուածութեան (սթրէս) ազդեցութիւնները կրնան լռելեայն կուտակուիլ որոշ ժամանակ մը, մինչեւ որ տեղէ մը դուրս ելլեն՝ առանց կանխազդարարելու։ Անոր համար, ճնշուածութիւնը կոչուած է լուռ մարդասպան, իսկ երկարատեւ ճնշուածութիւնը՝ դանդաղ թոյն։ «Ներկայիս, ճնշուածութիւնը եւ անոր յարակից հիւանդութիւնները աշխատող դասակարգին վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնեն, գրեթէ աշխարհի չորս ծագերուն», կ’ըսէ Ուսուցչապետ Ռապըրթ Լ. Վենինկա, Մինէսոթա Համալսարանէն։ Ըսուած է որ ճնշուածութեան առնչուած հիւանդութիւնները տարեկան 200 միլիառ տոլար կ’արժեն Մ.Ն. տնտեսութեան։ Սթրէս–ը նոյնիսկ կոչուած է Ամերիկայի վերջին արտածումը, եւ «ճնշուածութիւն» բառին մասին ակնարկութիւններ կարելի է լսել աշխարհի գլխաւոր լեզուներէն շատերուն մէջ։ Երբ ճնշուած էք եւ ձեր յայտագրած բոլոր բաները ընելու չէք հասնիր, կրնաք յանցապարտութեան զգացում ունենալ։ Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը տեղեկագրէ թէ սովորական անհատ մը օրական երկու ժամ յանցապարտութեան զգացումով կ’անցընէ։ Սակայն եւ այնպէս, ոմանք կրցած են ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլել եւ իրենց կեանքը յաջողութիւն մը դարձնել։

6 Առօրեայ այսպիսի խնդիրներու հետ ի՞նչպէս կրնաք գլուխ ելլել եւ գոհացուցիչ կեանք մը վարել։ Ոմանք մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած ինքնուսոյց գիրքեր եւ դասագրքեր կը քննեն։ Այսպիսի գիրքեր վստահելի՞ են։ Տոքթ. Պէնճէմին Սփոգ՝ որու զաւակ մեծցնելու մասին գիրքը 42 լեզուներու թարգմանուած է եւ գրեթէ 50 միլիոն շրջաբերութիւն ունի, անգամ մը ըսաւ որ «հաստատ ըլլալու անկարողութիւնը, . . . ներկայ Ամերիկացի ծնողներուն ամենէն հասարակաց խնդիրն է»։ Ան շարունակեց ըսել որ մասնագէտներ, մէջը ըլլալով ինք, մեծապէս այպանելի էին։ «Մինչեւ անդրադարձանք՝ արդէն շատ ուշ էր», ընդունեց ան, «մեր՝ ամէն–բան–գիտենք կեցուածքը որքան կը նսեմացնէր ծնողներու ինքնավստահութիւնը»։ Ուստի, կրնանք հարցնել. ‘Ներկայիս եւ ապագային գոհացուցիչ կեանք մը վարելու համար որո՞ւ խրատներուն կրնանք ապահով կերպով հետեւիլ’։