Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 2

Թելադրութիւններ՝ գոհացուցիչ կեանք մը վարելու համար

Թելադրութիւններ՝ գոհացուցիչ կեանք մը վարելու համար

ԵՐԲ խնդրի մը առջեւ գտնուիք, խրատի համար ո՞ւր կը նայիք։ Կրնաք վստահելի բարեկամի մը, կամ փորձառու խրատատուի մը դիմել։ Տեղեկութեան աղբիւրներ փնտռելը՝ թերեւս գրադարանի մը մէջ՝ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Կամ՝ թերեւս «տատիկին իմաստութիւնը» փնտռէք, ինչպէս կարգ մը Արեւելքցիներ կը կոչեն, անոր տարիներու փորձառութենէն սորվելու համար։ Ո՛ր կերպը որ նախընտրէք, լաւ է նկատի առնել իմաստութեան խտացուած խօսքեր, որոնք խնդիրները լուծելու համար արժէքաւոր տեղեկութիւններ կու տան։ Ահաւասիկ ողջախոհ խրատներու քանի մը նմուշներ, որոնք օգտակար պիտի գտնէք։

«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբուն համեմատ»

2 Ընտանեկան Կեանք. Շատ ծնողներ մտահոգ են վատառողջ ազդեցութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ զաւակներ մեծցնելու կապակցաբար։ Հետեւեալ խրատը նկատի առնելը կրնայ օգտաւէտ ըլլալ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ 1 Մինչ երախաները կը մեծնան, անոնք պէտք ունին ‘ճամբուն’, շարք մը չափանիշներու, որոնց գոհացում պէտք է տան։ Հետզհետէ աւելի մասնագէտներ կ’անդրադառնան երախաներուն օգտակար կանոններ դնելու կարեւորութեան։ Ծնողական իմաստուն չափանիշներ երախաներուն ապահովութեան զգացում մը կու տան։ Ասկէ զատ. «Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ 2 «Գաւազան»ը ծնողական հեղինակութեան կ’ակնարկէ, որ սիրալիր կերպով պէտք է կիրարկել, որպէսզի երախաները չմոլորին։ Այս հեղինակութիւնը ի գործ դնելը չի նշանակեր երախան որեւէ կերպով չարաշահել։ Ծնողներուն հետեւեալ խրատը տրուած է. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին»։ 3

«Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»

3 Ամուսինի ու կնոջ միջեւ լաւ յարաբերութիւն մը ուրախ ընտանիքի մը հիմն է։ Այսպիսի յարաբերութեան համար ի՞նչի կարիքը կայ։ «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։ 4 Սէրն ու յարգանքը կը նպաստեն որ ընտանեկան կառոյցը դիւրասահ ընթանայ։ Այս խրատը յաջողելու համար, հաղորդակցութիւնը կենսական է, քանի որ «առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ 5 Սրտակից խօսակցութիւն ունենալու համար, պէտք է մեր կողակիցին զգացումներուն խորը թափանցենք, գիտնալու համար թէ ան իրապէս ի՛նչ կը զգայ։ Իմաստութիւն է ի մտի ունենալ թէ «մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը [կամ՝ կինը] զանիկա դուրս կը հանէ»։ 6

Դրական տեսակէտ մը ունեցէք եւ ջերմ յարաբերութիւններ փնտռելու համար նախաքայլը առէք

4 Տարեցներէն շատեր չափազանց առանձին կը զգան իրենց վերջին տարիներուն, իրենց զաւակներուն կողմէ անտեսուած, նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր ծնողք–զաւկի յարգանքը ժամանակին բնական էր։ Բայց, լաւ է որ իրենց զաւակները նկատի առնեն այս իմաստուն խօսքերը. «Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ 7 «Մի՛ անարգեր քու մայրդ, երբ կը ծերանայ»։ 8 «Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝ ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է»։ 9 Իսկ միւս կողմէ, տարեց ծնողներ դրական տեսակէտ պէտք է ունենան եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունենալու համար նախաքայլը պէտք է առնեն։ «Զատուող մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ»։ 10

5 Ոգելից Ըմպելիի Գործածութիւն. Ճիշդ է որ «գինին կեանքը կ’ուրախացնէ» 11 եւ ոգելից ըմպելիներ գործածելը կրնայ թոյլ տալ որ անհատ մը իր «նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշէ»։ 12 Բայց յիշեցէք թէ«գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։ Ո՛վ որ ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չըլլար»։ 13 Չափազանց խմելուն հետեւանքներուն մասին մտածեցէք. «[Գինին] ետքը օձի պէս կը խածնէ ու քարբի պէս կը խայթէ։ Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի։ . . . ‘Ե՞րբ պիտի արթննամ, որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ’»։ 14 Ոգելից ըմպելիներու չափաւոր գործածութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ, բայց միշտ պէտք է խուսափիլ չափազանցութենէ։

6 Դրամի Գործածութիւն. Կարգ մը պարագաներուն դրամական խնդիրներուն առաջքը կրնայ առնուիլ, երբ գիտնանք մեր եկամուտը իմաստուն կերպով գործածել։ Սա խրատը մտիկ ըրէք. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն։ Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ»։ 15 Ալքոլամոլութենէն եւ թմրամոլութենէն, ինչպէս նաեւ բախտախաղի նման սովորութիւններէն խուսափելով, կրնանք մեր դրամը գործածել մեր ընտանիքին աւելի լաւ կերպով հոգ տանելու համար։ Սակայն շատեր իրենց վերմակէն աւելի կ’երկարեն իրենց ոտքերը, ապա ծանր կ’աշխատին իրենց պարտքերը վճարելու համար։ Ոմանք նոյնիսկ փոխ դրամ կ’առնեն, առնուած ուրիշ պարտքի մը տոկոսը վճարելու համար։ Հետեւեալ իմաստուն խօսքերը ի մտի ունենալը օգտակար պիտի ըլլայ. «Դատարկ բաներու հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի»։ 16 Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Իրապէս պէտք ունի՞մ այն բաներուն զորս կ’ուզեմ գնել։ Ո՞րքան բաներ պահարանին մէջ կը կուտակուին, քանի մը անգամ գործածուելէն ետք’։ Թղթակից մը գրեց. «Մարդուն անհրաժեշտութիւնները քիչ են, բայց անոր պահանջները՝ անվերջ»։ Հետեւեալ իմաստուն խօսքը նկատի առէք. «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ . . . Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ . . . ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։ 17

7 Աշխատասիրութիւնը դրամական խնդիրները լուծելու մէջ շատ գործ կը տեսնէ։ «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։ . . . Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ»։ 18 Ուշադիր ծրագրումը եւ իրապաշտ պիւտճէ մը ունենալն ալ կրնայ օգնել. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։ 19

«Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս»

8 Բայց ի՞նչ ընել եթէ աղքատութեան մատնուինք, առանց մեր յանցանքին. թերեւս տնտեսական վերիվայրումի պատճառաւ մեր գործը կորսնցնենք, հակառակ անոր որ կ’ուզենք ծանր աշխատիլ։ Կամ թերեւս կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը աղքատութենէ ցած մակարդակի վրայ կ’ապրի։ «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ 20 Ասկէ զատ, սա խրատը նկատի առէք. «Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ»։ 21 Կրնա՞նք կարգ մը հմտութիւններ ձեռք ձգել, որոնք գործ գտնելու պիտի օգնեն։

«Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի»

9 Հետեւեալ խրատը կրնայ հակասական թուիլ, բայց անիկա իրապէս ազդու է. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի . . . այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։ 22 Ասիկա չի նշանակեր տալ, փոխարէնը առաւելութիւններ ակնկալելու մտքով։ Ընդհակառակը, առատաձեռն հոգի մշակելու մասին է խրատը. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։ 23 Նեղութեան պարագաներուն մեր ունեցածը բաժնելով, տալու հոգի մը զարգացուցած կ’ըլլանք, որ ուշ կամ կանուխ օգտակար պիտի ըլլայ մեզի։

10 Մարդկային Յարաբերութիւններ. Իմաստուն թագաւոր մը դիտել տուաւ. «Ես ամէն աշխատութիւն եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է»։ 24 Նախանձը կամ մրցակցութիւնը պատճառ եղած է որ շատեր յիմարաբար վարուին։ Անհատ մը կը տեսնէ որ իր դրացին 32 ինչնոց հեռատեսիլ մը բերած է, շուտով կ’երթայ որ ինք 36 ինչնոց մը բերէ, հակառակ անոր որ իր 27 ինչնոց հեռատեսիլը շատ լաւ կ’աշխատի։ Այսպիսի մրցակցութիւն իրապէս ունայնութիւն է, հովի ետեւէն վազել է՝ բազում աշխատանք վասն ոչինչի, այդպէս չէ՞։

Բարկութեան զօրաւոր զգացումին հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել

11 Թերեւս ուրիշի մը ըսած խօսքէն վիրաւորուած ենք։ Բայց նկատի առէք սա խրատը. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի»։ 25 Ճիշդ է որ կան պահեր որ անհատի մը բարկութիւնը արդարացի կրնայ ըլլալ։ Վաղեմի գրող մը կ’ըսէ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ 26 Սակայն ի՞նչ պէտք է ընենք բարկութեան զօրաւոր զգացումի մը դիմաց։ «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։ 27 Խոհեմութեան կարիքը կայ։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Ինչո՞ւ այդպէս վարուեցաւ։ Արդեօք արդարացի պատճառներ ունէր’։ Բարկութիւնը զսպելու համար, խոհեմութենէն զատ կարգ մը ուրիշ յատկութիւններ ալ կարելի է մշակել։ «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. . . . Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ 28 Այո, սէրը մարդկային յարաբերութեանց մէջ շատ խնդիրներ կը հարթէ։

12 Բայց մարդոց միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններ պահպանելու արգելք հանդիսացող «պզտիկ անդամ» մը կայ, որ է լեզուն։ Որքա՛ն ճիշդ են սա խօսքերը. «Մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն»։ 29 Իսկ ուշադրութեան արժանի է հետեւեալ խրատը. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ 30 Լեզուի գործածութեան մէջ սակայն, ուշադիր պէտք է ըլլանք որ կէս ճշմարտութիւններ չըսենք, մակերեսային խաղաղութիւն պահելու համար։ «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։ 31

13 Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանել։ Նկատէ առէք այս ուղղութիւն տուող սկզբունքը. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ 32 Այս կերպով շատերուն կողմէ Ոսկեղէն Կանոն կոչուածին համաձայն վարուած պիտի ըլլանք. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ 33

14 Ճնշուածութիւն. Ի՞նչպէս կրնանք զգացական հաւասարակշռութիւն պահպանել ճնշումով լեցուն այս աշխարհին մէջ։ «Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի»։ 34 Հեշտութեամբ կրնանք կորսնցնել «ուրախ սիրտը», երբ տեսնենք թէ ուրիշներ կ’անտեսեն ինչ որ շիտակ կը թուի մեր աչքին։ Բայց լաւ է որ յիշենք հետեւեալ խօսքերը. «Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար, ու ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր. ինչո՞ւ համար քեզ կորսնցնես»։ 35 Իսկ միւս կողմէ, կեանքի մտահոգութիւնները կրնան անդադար նեղել մեզ։ Այս պարագային ի՞նչ ընել։ Չմոռնանք որ «մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա»։ 36 Կրնանք մտածել «աղէկ խօսք»ին, ազնիւ խօսքին մասին, որ մեզ կը քաջալերէ։ Հակառակ ճնշիչ պարագաներու, դրական կեցուածք մը ունենալը կրնայ նոյնիսկ բուժիչ ազդեցութիւն ունենալ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է»։ 37 Երբ մեզի հանդէպ ուրիշներուն անտարբերութիւնը յուսալքէ մեզ, կրնանք այս կանոնը գործադրել. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ 38 Դրական կեցուածք մը ունենալով, կրնանք գլուխ ելլել առօրեայ ճնշումներուն հետ։

15 Կը խորհի՞ք որ վերոյիշեալ իմաստուն խօսքերը կրնան գործնական ըլլալ ձեզի՝ ԻԱ. դարուն ապրողի մը համար։ Իրականութեան մէջ, անոնք կը գտնուին հին գրքի մը՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Բայց ինչո՞ւ Աստուածաշունչին դիմել ու ո՛չ թէ իմաստութեան ուրիշ աղբիւրի մը։ Քանի որ, ի միջի այլոց, Աստուածաշունչին մէջի սկզբունքները վաղուց փորձուած արժէք մը ունին։ Նկատի առէք Եասուհիրոյի եւ Գայոգոյի օրինակը, որոնք կիներու ազատագրական շարժումին մաս կը կազմէին։ Անոնք իրարու հետ ամուսնացան, պարզապէս քանի որ Գայոգոն յղի մնացած էր Եասուհիրոյէն։ Բայց դրամական խնդիրներու պատճառաւ եւ խորհելով որ իրենք համապատասխան չեն իրարու, անոնք շուտով ամուսնալուծուեցան։ Հետագային, առանց իրարմէ տեղեակ ըլլալու, երկուքն ալ սկսան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երկուքն ալ իրարու կեանքին մէջ յատկանշական փոփոխութիւններ նշմարեցին։ Եասուհիրոն եւ Գայոգոն որոշեցին վերամուսնանալ։ Թէեւ իրենց կեանքը խնդիրներէ զերծ չէ, բայց այժմ Աստուածաշունչի սկզբունքները ունին եւ երկուքն ալ իրենց խնդիրները լուծելու համար համակերպումներ կ’ընեն։ Եհովայի Վկաներուն մէջ պիտի տեսնէք կեանքի մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելուն լաւ արդիւնքները։ Չէ՞ք փափաքիր անոնց ժողովներէն մէկուն ներկայ ըլլալ, ծանօթանալու համար այն մարդոց, որոնք կը ջանան Աստուածաշունչին համաձայն ապրիլ։

16 Վերոյիշեալ խրատները պարզապէս նմոյշներ են գործնական իմաստութեան այն անսպառ պաշարէն, որ կը գտնուի լուսաւորութեան այս ոսկիի հանքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Պատճառներ կան թէ ինչո՛ւ Եհովայի Վկաները սիրայօժար կերպով Աստուածաշունչի սկզբունքները կը կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։ Փորձեցէք սիրայօժարութեան ետին եղող պատճառները եւ Աստուածաշունչի մասին կարգ մը հիմնական իրողութիւններ գիտնալ։