ՄԱՍ 7
Գոհացուցիչ կեանք մը՝ ինչո՞ւ այսքան անհասանելի է
ԻՆՉՈ՞Ւ շատեր կը պայքարին, իսկական իմաստ մը չգտնելով իրենց կեանքին մէջ։ «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է։ Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար»։ (Յոբայ 14։1, 2) Բան մը պատահեցաւ, որ Դրախտին մէջ մարդկային առաջին զոյգին փայլուն ակնկալութիւնները ջուրը ձգեց։
2 Մարդկային ընտանիքը իսկապէս ուրախ ըլլալու համար, Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը պէտք է ունենայ, յարաբերութիւն մը որ սիրայօժար ըլլայ ու ո՛չ թէ պարտադիր։ (Բ. Օրինաց 30։15-20. Յեսուայ 24։15) Եհովա սրտէն բխած, սէրէ մղուած պաշտամունք ու հնազանդութիւն կ’ուզէ։ (Բ. Օրինաց 6։5) Ուստի, Եդեմի պարտէզին մէջ Եհովա արգելք մը դրաւ, առաջին մարդուն առիթ տալով որ իր սրտաբուխ հաւատարմութիւնը ցոյց տայ։ Աստուած ըսաւ Ադամին. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ասիկա պարզ փորձ մըն էր։ Եհովա՝ պարտէզի բոլոր ծառերէն միայն մէկո՛ւն պտուղէն ուտելը արգիլեց Ադամի։ Ծառը կը խորհրդանշէր ամենագէտ Ստեղծիչին իրաւունքը՝ որոշելու թէ ի՛նչը բարի ու ի՛նչը չար է։ Առաջին մարդը այս աստուածատուր պատուէրը փոխանցեց իր կնոջ, զոր Եհովա որպէս «լրացուցիչ մը» տուած էր Ադամի։ (Ծննդոց 2։18, ՆԱ) Երկուքն ալ գոհ էին այս կարգադրութենէն, Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ ապրիլ՝ գնահատութեամբ ենթարկուելով անոր կամքին եւ անով իրենց Ստեղծիչին ու Կենսատուին հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանելով։
3 Արդ, օր մը օձ մը Եւայի հետ խօսեցաւ ու անոր հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ պարտէզին ոեւէ ծառէն Ծննդոց 3։1-3
պիտի չուտէք»։ Եւան պատասխանեց որ միայն «պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին»՝ բարին ու չարը գիտնալու ծառին՝ պտուղէն ուտելը արգիլուած էր իրենց, ‘որպէս զի չմեռնին’։—4 Ո՞վ էր այս օձը։ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը այս «առաջուան օձը» կը բնորոշէ որպէս ան որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Աստուա՞ծ ստեղծեց Բանսարկու Սատանան։ Ո՛չ. Եհովայի գործերը կատարեալ ու բարի են։ (Բ. Օրինաց 32։4) Այս հոգեղէն արարածը ինքզինք թէ՛ Բանսարկու ըրաւ, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ», թէ՛ Սատանայ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։ Ան ‘իր ցանկութիւններէն հրապուրուեցաւ ու խաբուեցաւ’. ան ցանկաց Աստուծոյ տեղը առնել եւ Ստեղծիչին դէմ ապստամբեցաւ։—Յակոբու 1։14
5 Բանսարկու Սատանան շարունակեց ըսել Եւայի. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։4, 5) Սատանան այնպէս մը ըրաւ որ բարին ու չարը գիտնալու ծառէն ուտելը հրապուրիչ դառնայ։ Ուրիշ խօսքով, ան ըսել ուզեց. ‘Աստուած լաւ բանէ մը կը զրկէ ձեզ։ Միայն կերէք պտուղէն, եւ Աստուծոյ պէս պիտի ըլլաք. պիտի կարենաք դուք ձեզի որոշել թէ ի՛նչը բարի ու ի՛նչը չար է’։ Ներկայիս Սատանան տակաւին այս մտածելակերպը կը գործածէ, շատերը Եհովայի ծառայութենէն հեռացնելու համար. ան կ’ըսէ՝ ‘Սրտիդ ուզածը ըրէ։ Մոռցի՛ր ինչ որ կը պարտիս քեզի կեանք Տուողին’։—Յայտնութիւն 4։10բ
6 Ծառին պտուղը յանկարծ փափաքելի՝ ա՛նդիմադրելի թուեցաւ։ Եւան պտուղը առաւ, կերաւ անկէ եւ մաս մըն ալ իր ամուսնոյն հրամցուց։ Բոլոր հետեւանքներէն լիովին տեղեակ ըլլալով հանդերձ, Ադամ իր կնոջ մտիկ ըրաւ ու պտուղէն կերաւ։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովա կնոջ հետեւեալ դատապարտութիւնը տուաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ Իսկ մարդո՞ւն։ «Երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ Ծննդոց 3։6-19
առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ Այլեւս Ադամն ու Եւան իրենք իրենց պիտի գտնէին ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը։ Աստուածային նպատակէն դուրս գոհացուցիչ կեանք մը ապրելու համար թափուած մարդկային ջանքերը պիտի յաջողէի՞ն։ Պարտիզանման Դրախտին հոգ տանելու եւ զայն մինչեւ երկրին ծայրերը տարածելու հաճոյալի գործը փոխարինուած էր ողջ մնալու համար ծանր աշխատանքի տաղտկալի գործով, իրենց Ստեղծիչին փառք բերելու համար ոչինչ ընելով։—7 Այն օրը որ բարին ու չարը գիտնալու ծառէն կերան, մարդկային առաջին զոյգը Աստուծոյ աչքին մեռան եւ իրենց ֆիզիքական մահուան ճամբան բռնեցին։ Երբ վերջապէս մեռան, ի՞նչ պատահեցաւ իրենց։ Աստուածաշունչը մեռելներու վիճակին մասին մեզի տեղեկութիւն կու տայ։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ»։ (Ժողովողի 9։5. Սաղմոս 146։4) Մահուընէ ետք վերապրող «հոգի» մը գոյութիւն չունի։ Մեղքին պատիժը մահ է եւ ո՛չ թէ կրակոտ դժոխքի մը մէջ յաւիտենական տանջանք։ Բացի այդ, մահը երկնքի մէջ յաւիտենական երանութեան ալ չ’առաջնորդեր։ *
8 Ճիշդ ինչպէս որ փոսիկ մը ունեցող կարկանդակի կաղապար մը իր հետքը պիտի ձգէ անոր մէջ պատրաստուած կարկանդակին վրայ, անկատար դարձած մարդն ու կինը միայն անկատար սերունդ մը կրնային յառաջ բերել։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ ասիկա, ըսելով. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Հետեւաբար, բոլորս ալ մեղքով ծնած ենք՝ ունայնութեան ենթակայ։ Ադամի սերունդին համար կեանքը ընդվզեցուցիչ տաղտուկ մը դարձաւ։ Բայց անկէ ձերբազատուելու միջոց մը կա՞յ։
^ պարբ. 7 Մեռելներու վիճակին մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ պիտի գտնէք՝ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք խորագրով գրքոյկին մէջ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։