Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 4

Անզուգական գրքին Հեղինակը

Անզուգական գրքին Հեղինակը

ԹԷԵՒ Ամերիկացիներուն 96 տոկոսը կը դաւանի Աստուծոյ հաւատալ, սակայն Եւրոպայի ու Ասիոյ բնակիչներուն մօտ այս համեմատութիւնը շատ աւելի նուազ է։ Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը չի հաւատար առանձնայատուկ Աստուծոյ մը, տակաւին ոմանք կ’ընդունին այն գաղափարը թէ մեզի անծանօթ ոյժ մը նիւթական տիեզերքին մէջտեղ գալուն պատճառ եղած է։ Հանրածանօթ Ճափոնցի ուսուցիչ՝ Եուգիչի Ֆուգուզաուան, որու դիմանկարը կը գտնուի 10,000–նոց Եէն դրամանիշին վրայ, անգամ մը գրեց. «Ըսուած է որ երկինքը մարդիկը իրարմէ ցած կամ բարձր չի ստեղծեր»։ «Երկինք» բառը գործածելով, Ֆուգուզաուան ակնարկում կ’ընէր իր կարծիքով մարդիկը յառաջ բերող բնութեան սկզբունքին։ Շատեր այսպիսի վերացական «երկինք»ի մը գաղափարը կ’ընդունին, ինչպէս՝ Նոպէլի դափնեկիր Կենիչի Ֆուկուին։ Ան արտայայտուեցաւ որ կը հաւատար տիեզերքի հոյակապ կառոյցին՝ կրօնական ոճաբանութեամբ «Աստուած» բառին համապատասխանող՝ բայց զայն կոչեց «բնութեան առանձնայատկութիւն»ը։

Ձախին՝ Եուգիչի Ֆուգուզաուա. Աջին՝ Կենիչի Ֆուկուի

2 Այսպիսի մտաւորականներ կը հաւատային թէ յաւիտենական բան մը կամ մէկը տիեզերքի մէջ ամէն բան շարժման մէջ դրած է։ Ինչո՞ւ։ Լաւ, հետեւեալը նկատի առէք. Արեւը այնքան մեծ աստղ մըն է որ կրնայ իր մէջ պարփակել մէկ միլիոն երկիր, բայց Ծիր Կաթին հոյախումբին մէջ անիկա միայն բիծ մըն է։ Իր կարգին, Ծիր Կաթինը տիեզերքի միլիառաւոր հոյախումբերէն մէկն է։ Գիտական հետազօտութիւնները կը նշեն որ այս հոյախումբերը շատ մեծ արագութեամբ իրարմէ կը հեռանան։ Տիեզերքը շարժման մէջ դնելու համար, հսկայական ուժանիւթի կարիքը կար։ Այսպիսի ուժանիւթի աղբիւրը ո՞վ կամ ի՞նչ էր։ Աստուածաշունչը կը հարցնէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։ (Եսայեայ 40։25, 26) Այս գրութիւնը ցոյց կու տայ թէ կար մէկը՝ ‘սաստիկ զօրութեան’ Աղբիւրը՝ որ շարժման մէջ դրաւ տիեզերքը։

Սոմպրերօ աստղախումբ

3 Երկրի վրայի կեանքն ալ նկատի առէք։ Կեանքը կրնա՞ր ինքնաբերաբար մէջտեղ գալ, ինչպէս կը դաւանին բարեշրջականները։ Կենսատարրաբան Մայքըլ Պիհի նշեց. «Գիտութիւնը հսկայական յառաջդիմութիւն ըրած է կեանքի տարրերուն աշխատանքը հասկնալու մէջ, բայց մասնիկական մակարդակի վրայ կենսաբանական դրութիւններուն նրբագեղութիւնը եւ խրթնութիւնը, անդամալուծած է անոնց ծագումները բացատրելու գիտութեան ջանքերը։ . . . Շատ գիտնականներ յանդգնած են ըսել թէ բացատրութիւնները արդէն ձեռնտու են, եւ թէ՝ ուշ կամ կանուխ պիտի ունենան զանոնք, բայց արհեստավարժ գիտական գրականութիւններ այսպիսի հաստատումներու թիկունք չեն կանգնիր։ Աւելի կարեւորը, [կենսամասնիկային] դրութիւններու կառոյցին վրայ հիմնուած, անժխտելի պատճառներ կան խորհելու թէ կեանքի մեքենականութեանց մասին Տարվինական բացատրութիւնը յաւիտեան անըմբռնելի պիտի մնայ»։

«Պրոտէինի մը ծալքերը կրնան նմանցուիլ եռաչափ փազըլ–նկարի մը», կ’ըսէ Մայքըլ Պիհի։ Սակայն մարդկային մարմինը կրնայ հարիւր հազարաւոր այսպիսի փազըլ–ներ պարունակել։ Գիտնականներ կը փորձեն այս փազըլ–ները լուծել, բայց ո՞վ նախագծեց զանոնք

4 Ձեզի իրապէս բաւարարութիւն կու տա՞յ այն գաղափարը թէ մարդկային կեանքը գոյացաւ առանց իր ետին ունենալու իմացական որեւէ ներմղում։ Եթէ կ’ուզէք առնենք մարդկային ուղեղը, ինչ որ ոմանց համար «տիեզերքի ամենաբարդ իր»ն է, եւ տեսնենք թէ ի՛նչ եզրակացութիւններու կրնանք յանգիլ։ Բժ. Ռիչըրտ Մ. Ռէսթագ կ’ըսէ. «Նոյնիսկ ամենէն արդիական նեարդա–ցանցային համակարգիչներու գործողութիւնը, սովորական ճանճի մը . . . կարողութեան մօտաւորապէս տասը հազարերորդէն մէկը ունի»։ Մարդուն ուղեղը շատ գերիվեր է ճանճին ուղեղէն։ Անիկա լեզուներ սորվելու համար ծրագրուած է։ Անիկա ինքզինք կը նորոգէ, յայտագիրները դարձեալ կը պատրաստէ եւ ինքն իր կարողութիւնը կը բարելաւէ։ Անկասկած պիտի համաձայնէիք որ նոյնիսկ միայն «սովորական ճանճի մը կարողութեան . . . տասը հազարերորդէն մէկը» ունեցող ուժեղ գերհամակարգիչ մը՝ խելացի նախագծող մը ունի։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մարդկային ուղեղին մասին։ *

5 Շուրջ 3,000 տարիներ առաջ, ժամանակ մը երբ մարդիկ իրենց անձնական ֆիզիքական կառոյցին սքանչելիքներուն մասին լման հասկացողութիւն չունէին, Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը մարդկային մարմնին կազմուածքին մասին խորհեցաւ ու ըսաւ. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ Տի.Էն.Էյ. մասնիկներուն մասին առանց տեղեկութիւն ունենալու, ան գրեց. «Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին»։ (Սաղմոս 139։14, 16) Ան որո՞ւ մասին կը խօսէր։ Ո՞վ տիեզերքին մէջ ամէ՛ն բան «սաստիկ զօրութիւնով» մէջտեղ բերաւ։

Ո՛ր մէկը աւելի կարողութիւն ունի, ամենէն արդիական նեարդա–ցանցային համակարգիչնե՞րը, թէ սովորական ճանճ մը

6 Աստուածաշունչին առաջին համարը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ (Ծննդոց 1։1) Ինքն է նաեւ Աստուածաշունչին Հեղինակը, Ան որ անոր բովանդակութիւնը ներշնչեց։ Ան ինքզինք կը յայտնէ որպէս անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կրնանք իմաստալից յարաբերութիւն մը ունենալ։

^ պարբ. 4 Հաճոյք պիտի ստանաք կարգ մը մանրամասնութիւններ կարդալով՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գրքին 2-4–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։