Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախաբան

Նախաբան

Այս յարակարծութիւնը նկատի առէք. Ճարտարարուեստական երկրի մը մէջ, բնակչութեան աւելի քան 90 տոկոսը ինքզինք շատ ուրախ կամ բաւական ուրախ կը զգայ։ Բայց այդ երկրին մէջ ամենաշատ գործածուած 10 դեղերէն 3–ը՝ ընկճուածութեան համար նշանակուած են։ Նոյն երկրին մէջ, բնակչութեան 91 տոկոսը իր ընտանեկան կեանքը գոհացուցիչ կը գտնէ։ Սակայն այդտեղի ամուսնութիւններուն գրեթէ կէսը ամուսնալուծումով վերջ կը գտնէ։

Արդարեւ, աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսը ներկայացնող 18 երկիրներու մէջ կատարուած փորձագիտանք մը կ’ընդունի, թէ «ապագայի մասին յոռետեսութեան ծածկոց մը պատած է աշխարհի մեծ մասը»։ Ուստի, բացայայտ է որ շատեր բոլորովին գոհացուցիչ կեանք մը չեն վարեր։ Ի՞նչ կարելի է ըսել ձեր մասին։ Այս գրքոյկը պատրաստուած է ձեզի օգնելու որ ձեր կեանքը իսկապէս գոհացուցիչ դարձնէք։