Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 8

Գոհացուցիչ կեանքի մը վերադարձի ճամբան

Գոհացուցիչ կեանքի մը վերադարձի ճամբան

ԹԷԵՒ մարդկութիւնը աստուածային իշխանութեան դէմ ըմբոստանալուն որպէս հետեւանք ունայն ապրելակերպի մը մէջ ինկաւ, բայց Աստուած մարդիկը առանց յոյսի չձգեց։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։20, 21) Այո՛, Աստուած մարդկային առաջին զոյգին սերունդին համար յոյս հայթայթեց։ Անիկա վստահ յոյս մըն էր թէ մարդկութիւնը ժառանգուած մեղքէն ու մահէն պիտի ազատագրուէր, ու Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան մէջ պիտի բերուէր։ Ի՞նչպէս։

Աստուած մեղքի ու մահուան գերութենէն ազատագրուելու յոյսը տուաւ մարդկութեան

2 Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, անոնք իրենց սերունդին ձեռքէն խլեցին երկրի վրայ յաւիտեան գոհացուցիչ կեանք մը ապրելու ակնկալութիւնը։ Իրենք իրենց գլխէն շիտակը ու սխալը որոշելու ազատութեան փոխարէն, անոնք իրենց ապագայ ընտանիքը մեղքի ու մահուան գերութեան ծախեցին։ Այդ ընտանիքին մէջ ծնելով, իրենց սերունդը նմանեցաւ հեռաւոր կղզիի մը մէջ արգելափակուած գերիներու, իրենց վրայ ունենալով բիրտ թագաւորներու իշխանութիւնը։ Արդարեւ, մահը որպէս թագաւոր իշխած է, ուրիշ թագաւորի մը՝ մեղքին՝ կողմէ իշխուած մարդկութեան վրայ։ (Հռովմայեցիս 5։14, 21) Այնպէս կը թուէր թէ ո՛չ մէկը պիտի կարենար զիրենք փրկել։ Այո, իրենց նախահայրն էր որ զիրենք ծախած էր գերութեան։ Բայց բարերար մարդ մը իր որդին կը ղրկէ, որ գերութեան մէջ բոլոր գտնուողներուն ազատութիւն տալու համար հարկ եղած լման գինը կը բերէ։—Սաղմոս 51։5. 146։4. Հռովմայեցիս 8։2

3 Այս օրինակին մէջ, գերիները ազատող մարդը՝ Եհովա Աստուածը կը ներկայացնէ։ Ազատութեան համար գինը բերող որդին՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան նախամարդկային գոյութիւն մը ունէր որպէս Աստուծոյ միածին Որդին։ (Յովհաննու 3։16) Ան Եհովայի առաջի՛ն ստեղծագործութիւնն էր եւ տիեզերքին մէջ մնացեալ բոլոր արարածները իր միջոցով գոյացան։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Եհովա հրաշքով այս հոգեղէն Որդւոյն կեանքը փոխադրեց կոյսի մը արգանդին մէջ, կարելի դարձնելով որ մանուկը որպէս կատարեալ մարդ ծնէր եւ այս կերպով աստուածային արդարութեան պահանջներուն գոհացում տալու համար հարկ եղած գինը ունենար։—Ղուկաս 1։26-31, 34, 35

4 Երբ Յիսուս մօտ 30 տարեկան էր, Յորդանան Գետին մէջ մկրտուեցաւ։ Իր մկրտութեան ատեն, ան սուրբ հոգիով՝ Աստուծոյ գործօն ոյժով օծուեցաւ։ Այս կերպով ան Քրիստոսը եղաւ, որ կը նշանակէ «Օծեալ»։ (Ղուկաս 3։21, 22) Երկրի վրայ Յիսուսի ծառայութիւնը տեւեց երեքուկէս տարի։ Այդ տարիներու ընթացքին ան իր աշակերտներուն սորվեցուց ‘Աստուծոյ Թագաւորութեան’՝ երկնային կառավարութեան մասին, որու ներքեւ մարդկութիւնը Եհովա Աստուծոյ հետ խաղաղ յարաբերութիւն մը պիտի վերահաստատէ։ (Ղուկաս 4։44. Մատթէոս 4։17) Յիսուս գիտէր թէ մարդիկ ի՛նչպէս կրնան ուրախ կեանք մը ապրիլ, եւ իր հետեւորդներուն մասնայատուկ ուղղութիւններ տուաւ ուրախութեան մասին։ Ձեր Աստուածաշունչէն բացէք Մատթէոս 5-7–րդ գլուխները եւ Լերան Քարոզէն կարդացէք իր ուսուցումներէն ոմանք։

Ձեզ գերութենէ ազատողին հանդէպ խոր երախտագիտութիւն չէ՞ք զգար

5 Ադամին հակառակը, Յիսուս ամէ՛ն կերպով Աստուծոյ հնազանդ կեանք մը ապրեցաւ։ «Ան մեղք չգործեց»։ (Ա. Պետրոս 2։22. Եբրայեցիս 7։26) Իրականութեան մէջ, ան երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու իրաւունքը ունէր, բայց Ադամի կորսնցուցածը Աստուծոյ հատուցանելու համար, ան իր ‘կեանքը դրաւ’։ Տանջանքի ցիցին վրայ, Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքը տուաւ։ (Յովհաննու 10։17. 19։17, 18, 28-30. Հռովմայեցիս 5։19, 21. Փիլիպպեցիս 2։8) Այսպէս ընելով, Յիսուս փրկանքը հայթայթեց, կամ մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան գերութենէն վերագնելու համար հարկ եղած գինը վճարեց։ (Մատթէոս 20։28) Պահ մը խորհեցէք որ քրտնաջան եւ երկար ժամեր աշխատանք պահանջող գործարանի մը մէջ կ’աշխատիք, բառացիօրէն ստրկական կեանք մը վարելով։ Խոր երախտագիտութիւն պիտի չզգայի՞ք այդ գերութենէն ձեզ ազատելու համար կարգադրութիւն ըրած անհատին հանդէպ, եւ անոր հանդէպ որ կամեցած էր ձեր կեանքին փոխարէն իրը զոհել։ Փրկանքի կարգադրութեամբ, ձեր առջեւ ճամբայ մը բացուած է որ դուք Աստուծոյ տիեզերական ընտանիքին վերադառնաք եւ մեղքի ու մահուան գերութենէն զերծ, իսկապէս գոհացուցիչ կեանք մը վարէք։—Բ. Կորնթացիս 5։14, 15

6 Եհովայի այս անարժան ողորմութենէն տեղեակ ըլլալը եւ զայն գնահատելը ձեզի ամէն պատճառ կու տայ որ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած իմաստուն խօսքերը ձեր կեանքին մէջ կիրարկէք։ Օրինակ, առէ՛ք ամենադժուար սկզբունքներէն մէկը. ուրիշներուն ներել, երբ ձեզ վիրաւորած են։ Կը յիշէ՞ք Կողոսացիս 3–րդ գլուխին 12-14–րդ համարները, որոնք նկատի առինք 2–րդ Դասին մէջ։ Այս համարները ձեզ քաջալերեցին որ ուրիշներու ներէք, նոյնիսկ երբ անոնց դէմ գանգատելու պատճառ մը ունիք։ Բովանդակութիւնը ասոր պատճառը կու տայ, ըսելով. «Ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ Երբ խորապէս գնահատէք ինչ որ Եհովա եւ Յիսուս Քրիստոս ըրած են մարդկութեան համար, պիտի մղուիք ուրիշներուն ներելու ո՛րքան ալ վիրաւորած ըլլան ձեզ, մանաւանդ երբ անոնք զղջան ու ներողութիւն խնդրեն։