Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 3

Վստահելի առաջնորդութեան գիրքը

Վստահելի առաջնորդութեան գիրքը

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մարդկային քաղաքակրթութեան եւ կեանքի փորձառութիւններուն միաձուլումն է եւ՝ անզուգական է», կ’ըսէ Չոնկ Շէնկ Համալսարանին կողմէ հրատարակուած պարբերաթերթ մը, Կուանկզուի մէջ, Չինաստան։ ԺԸ. դարու հեղինակաւոր իմաստասէր մը, Էմմանուէլ Գէնթ ըսած է. «Աստուածաշունչին գոյութիւնը՝ որպէս մարդոց տրուած գիրք մը, մեծագոյն օգուտն է որ մարդկային ցեղը երբեք ունեցած է։ Զայն նսեմացնելու որեւէ փորձ . . . մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է»։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչին ազդեցութիւնը որեւէ կերպով Հրեաներուն եւ Քրիստոնեաներուն սահմանափակուած չէ։ . . . Անիկա ներկայիս նկատուած է որպէս բարոյագիտական ու կրօնական գանձ մը, որու անսպառ ուսուցումը տակաւին աւելի արժէքաւոր դառնալու երաշխաւորութիւնը կու տայ, մինչ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մը յոյսը կ’աւելնայ»։

2 Ձեր կրօնական պատկանելիութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այսպիսի գրքի մը մասին որոշ տեղեկութիւն մը ստանալով չէ՞ք հետաքրքրուած։ Քսաներորդ դարու վերջաւորութեան, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կամ մասամբ աւելի քան 2,200 լեզուներու թարգմանուած էր։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ զայն գտնել իրենց կարդացած եւ հասկցած լեզուով։ Շարժական տպատառերու հնարումէն ի վեր, գնահատուած է որ չորս միլիառ օրինակներ շրջագայութեան մէջ բերուած են համայն աշխարհի մէջ։

3 Արդ, եթէ Աստուածաշունչ մը ունիք, հաճեցէք բանալ եւ բովանդակութեան ցանկին նայիլ։ Պիտի գտնէք գրքերու անուններ, սկսելով Ծննդոցէն եւ վերջանալով Յայտնութիւնով։ Աստուածաշունչը շուրջ 40 անհատներու կողմէ գրուած 66 գրքերէ բաղկացած իրական գրադարան մըն է։ Առաջին մասը՝ 39 գրքերէ բաղկացած, զոր շատեր կը կոչեն Հին Կտակարան, տեղին ըլլալով անուանուած է Եբրայերէն Գրութիւններ, քանի որ գլխաւորաբար Եբրայերէնով գրուած էր։ Երկրորդ մասը՝ 27 գրքերէ բաղկացած, զոր շատեր կը կոչեն Նոր Կտակարան, իրաւացիօրէն կոչուած է Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, քանի որ անիկա Յունարէնով գրուած է Քրիստոնեաներու կողմէ։ Աստուածաշունչի գրութեան ամբողջացուիլը աւելի քան 1,600 տարիներ առաւ՝ Հ.Դ.Ա. 1513–Հ.Դ. 98–ը։ Այս գրողները բնաւ խորհրդակցական ժողովներ չունեցան եւ կարգ մը գրքեր միաժամանակ գրուեցան, իրարմէ հազարաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ եղող վայրերու մէջ։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը մէկ բնաբան ունի եւ միացուած ամբողջութիւն մը կը կազմէ. անիկա ինքզինք չի հակասեր։ Բնական է որ հարց տանք. ‘Ի՞նչպէս կարելի է որ աւելի քան 40 անհատներ, 1,600 տարիներու ժամանակաշրջանի մը մէջ գիրք մը մէջտեղ բերեն որ ա՛յսքան ներդաշնակ ըլլայ’։

«[Աստուած] հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»

4 Թէեւ Աստուածաշունչին գրութիւնը ամբողջացաւ աւելի քան 1,900 տարիներ առաջ, անոր բովանդակութիւնը ներկայիս ապրող մարդոց ու կիներու հետաքրքրութիւնը կը գրգռէ։ Օրինակ, ձեր Աստուածաշունչէն բացէք Յոբայ 26։7–ն։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ այս համարը գրուած է Հ.Դ.Ա. ԺԵ. դարուն։ Հոն կ’ըսէ. «[Աստուած] հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ Հիմա Եսայեայ 40։22–ը բացէք, նկատի ունենալով որ Եսայեայ գիրքը գրուած է Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն։ Այս համարին մէջ կը կարդանք. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը»։ Երբ այս երկու նկարագրութիւնները կարդաք, ի՞նչ կը մտաբերէք։ Անջրպետին մէջ ‘կախուած’ գնդաձեւ առարկայի մը պատկերը։ Հաւանաբար այսպիսի պատկեր մը տեսած էք արդի անջրպետանաւերէն ղրկուած լուսանկարներուն մէջ։ Թերեւս հարցնէք. ‘Ա՛յդքան ժամանակ առաջ ապրած մարդիկ ի՞նչպէս կրցան գիտականօրէն այսքան ճշգրիտ յայտարարութիւններ ընել’։

5 Աստուածաշունչին նկատմամբ ուրիշ հարցում մը ձեռք առնենք։ Աստուածաշունչը պատմականօրէն ճշգրի՞տ է։ Ոմանք կը խորհին թէ Աստուածաշունչը զուտ առասպելներու հաւաքածոյ մըն է, առանց պատմական հիմ ունենալու։ Առէ՛ք, զոր օրինակ, Իսրայելացի հռչակաւոր Դաւիթ Թագաւորը։ Մինչեւ վերջերս, իր գոյութեան մասին տեղեկութեան միակ աղբիւրը Աստուածաշունչն էր։ Թէեւ գլխաւոր պատմաբաններ զինք կ’ընդունին որպէս իսկական դէմք մը, բայց կարգ մը սկեպտիկներ կը ջանան զինք անտեսել որպէս Հրեայ պրոպականդիստներու կողմէ հնարուած առասպել մը։ Իրողութիւնները ի՞նչ կը յայտնեն։

«Դաւիթի Տուն»ին ակնարկող մակագրութիւնը

6 1993–ին, Իսրայելեան հին քաղաքի մը՝ Դանի աւերակներուն մէջ գրութիւն մը գտնուեցաւ, որ ակնարկութիւն կ’ընէր «Դաւիթի Տուն»ին։ Գրութիւնը՝ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարէն խորտակուած կոթողի մը մէկ մասն էր, որ կը յիշատակէր իրենց թշնամիին կողմէ Իսրայելացիներուն պարտութիւնը։ Ահաւասի՛կ Աստուածաշունչի էջերէն դուրս յանկարծ հին ակնարկութիւն մը Դաւիթի մասին։ Ասիկա նշանակալի՞ց էր։ Այս յայտնաբերումին մասին, Թէլ Ավիւի Համալսարանէն Իզրայէլ Ֆինգէլշթայն դիտել կու տայ. «Դաւիթի գրութեան յայտնաբերումով, սուրբ գրային ոչնչապաշտութիւնը փուլ եկաւ մէկ օրէն միւսը»։ Փրոֆէսէօր Ուիլիըմ Ֆ. Օլպրայթ, հնախոյզ մը, որ տասնամեակներ պեղեց Պաղեստինը, հետաքրքրականօրէն առիթով մը ըսաւ. «Իրարու ետեւէն յայտնաբերումները հաստատած են անհամար մանրամասնութիւններու ճշգրիտ ըլլալը եւ Աստուածաշունչը աւելի արժեւորած են, որպէս պատմութեան ակունք մը»։ Դարձեալ կրնանք հարցնել. ‘Դիւցազներգութիւններուն եւ առասպելներուն հակառակը, այս հին մատեանը ի՞նչպէս կրնար պատմականօրէն ա՛յսքան ճշգրիտ ըլլալ’։ Բայց տակաւին աւելին կայ։

Մեծն Աղեքսանդրի պատկերը կրող մետաղադրամ

7 Աստուածաշունչը նաեւ մարգարէական գիրք մըն է։ (Բ. Պետրոս 1։20, 21) «Մարգարէութիւն» բառը իսկոյն ձեզի կրնայ յիշեցնել ինքնակոչ մարգարէներու անկատար խօսքերը։ Բայց հիմա բոլոր կանխակալ կարծիքները ձեր ետին ձգեցէք եւ ձեր Աստուածաշունչէն բացէք Դանիէլ 8–րդ գլուխը։ Հոս Դանիէլ կը նկարագրէ երկու եղջիւր ունեցող խոյի մը եւ «ուշագրաւ եղջիւր» ունեցող արու այծի մը միջեւ պայքարի մը տեսիլքը։ Արու այծը կամ քօշը կը յաղթէ, բայց իր մեծ եղջիւրը կը կոտրուի ու անոր տեղ չորս եղջիւրներ կ’ելլեն։ Տեսիլքին իմաստը ի՞նչ է։ Դանիէլի տեղեկութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնով»։—Դանիէլ 8։3-22

«Իրարու ետեւէն յայտնաբերումները հաստատած են անհամար մանրամասնութիւններու ճշգրիտ ըլլալը եւ Աստուածաշունչը աւելի արժեւորած են, որպէս պատմութեան ակունք մը»։—Փրոֆէսէօր Ուիլիըմ Ֆ. Օլպրայթ

8 Այս մարգարէութիւնը կատարուեցա՞ւ։ Դանիէլի գրքին գրութիւնը ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 536–ին։ Մակեդոնացի թագաւոր Մեծն Աղեքսանդրը՝ որ 180 տարի ետք ծնաւ՝ Հ.Դ.Ա. 356–ին, պարտութեան մատնեց Պարսկական Կայսրութիւնը։ Ինքն էր «քօշ»ին աչքերուն մէջտեղի «մեծ եղջիւրը»։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, Պարսկաստանի վրայ իր յաղթանակէն առաջ երբ Երուսաղէմ մտած է, Աղեքսանդրի ցոյց տրուած է Դանիէլի գիրքը։ Ան եզրակացուցած է թէ Դանիէլի մարգարէութեան խօսքերը, Պարսկաստանի դէմ իր զինուորական արշաւին կը մատնանշէին։ Աւելի հետաքրքրականը, աշխարհի պատմութեան դասագրքերու մէջ, կրնաք կարդալ թէ Հ.Դ.Ա. 323–ին Աղեքսանդրի մահէն ետք, իր կայսրութիւնը ի՛նչ հունի մէջ մտաւ։ Չորս զօրավարներ վերջապէս տիրացան իր կայսրութեան եւ Հ.Դ.Ա. 301–ին, «մեծ եղջիւր»ին տեղ առնող ‘չորս եղջիւրները’ կայսրութիւնը չորս մասի բաժնեցին։ Անգամ մը եւս ամէն պատճառ ունինք հարցնելու. ‘Գիրք մը ի՞նչպէս ա՛յսքան վառ ու ճշգրտօրէն կրնայ նախագուշակել շուրջ 200 տարի ետք ըլլալիքը’։

9 Աստուածաշունչը ի՛նք կը պատասխանէ վերոյիշեալ հարցումներուն. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) «Աստուծոյ շունչն է» թարգմանուած Յունարէն բառը տառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Աստուծմէ շունչ փչուած»։ Հիմա Աստուածաշունչի գրքերուն մէջ գտնուած տեղեկութիւնները Աստուած ինք ‘ներշնչած’ է մօտաւորապէս 40 գրողներու մտքին մէջ։ Մեր նկատի առած գիտական, պատմական եւ մարգարէական քանի մը օրինակները՝ բացայայտօրէն միայն մէկ եզրակացութեան կը հասցնեն մեզ։ Այս անզուգական գիրքը՝ Աստուածաշունչը՝ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան մէկ արտադրութիւնն է, այլ՝ աստուածային ծագում ունի։ Սակայն, ներկայիս շատեր անոր Հեղինակին՝ Աստուծոյ գոյութեան կը կասկածին։ Ի՞նչ է ձեր պարագան։