Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ ՀԻՆԳ

Վերադարձիր ‘հոգիիդ Հովիւին ու Տեսուչին’

Վերադարձիր ‘հոգիիդ Հովիւին ու Տեսուչին’

Այս գրքոյկին մէջ քննարկուած կէտերէն մէկը քեզի հետ պատահա՞ծ է։ Յիշէ որ թէ՛ վաղեմի եւ թէ այժմու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները նման դժուարութիւններ դիմագրաւած են։ Ճիշդ ինչպէս որ անոնք կրցան Եհովայի օգնութեամբ այդ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել, դուն ալ կրնաս խնդիրներդ յաղթահարել։

Եհովան քեզի պիտի օգնէ՝ մինչ իրեն կը վերադառնաս

ՎՍՏԱՀ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ՝ մինչ իրեն կը վերադառնաս։ Ան քեզի պիտի օգնէ որ մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլես, վիրաւորուած զգացումներ յաղթահարես եւ ունենաս մտքի ու սրտի խաղաղութիւն, որ յառաջ կու գայ մաքուր խղճմտանք ունենալէն։ Այն ատեն, դարձեալ պիտի մղուիս Եհովային ծառայելու հաւատակիցներուդ հետ։ Եւ պարագադ պիտի նմանի առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներու պարագային, որոնց Պետրոս առաքեալ գրեց. «Մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք» (Ա. Պետրոս 2։25

Եհովային վերադառնալը առնուելիք լաւագոյն քայլն է, քանի որ իր սիրտը պիտի ուրախացնես (Առակաց 27։11)։ Ինչպէս գիտես, Եհովան զգացումներու տէր անձնաւորութիւն է. ուրեմն մեր արարքները իրեն կ’ազդեն։ Անշուշտ, Եհովան մեզ չի ստիպեր, որ զինք սիրենք եւ իրեն ծառայենք (Բ. Օրինաց 30։19, 20)։ Աստուածաշնչագէտ մը բացատրեց. «Մեր սրտին դուռը դուրսէն բռնակ չունի։ Ատիկա ներսէն կը բացուի»։ Այդ դուռը կը բանանք, երբ սիրով լեցուն սրտով Եհովան կը պաշտենք։ Այսպիսով, իրեն տուած կ’ըլլանք թանկարժէք նուէր մը,– մեր ուղղամտութիւնը,– եւ իրեն անսահման ուրախութիւն կը պատճառենք։ Իրապէս, երբ Եհովային մատուցանենք այնպիսի պաշտամունք, որուն ինք արժանի է, անհամեմատելի ուրախութիւն կը վայելենք (Գործք 20։35. Յայտնութիւն 4։10բ

Աւելին, երբ նախկին հոգեւոր վիճակիդ վերադառնաս, հոգեւոր կարիքներդ պիտի գոհացնես (Մատթէոս 5։3)։ Ինչպէ՞ս։ Աշխարհի տարածքին մարդիկ հարց կու տան. ‘Ի՞նչ է կեանքին իմաստը’։ Եւ կը տենչան անոր պատասխանը առնել։ Անոնք այդ հոգեւոր կարիքը ունին, քանի որ Եհովան այդպէս ստեղծած է մարդ արարածը։ Ան այնպէս մը ստեղծած է մեզ, որ իրեն ծառայելով գոհունակ զգանք։ Արդարեւ, Եհովային ամբողջ սրտով ծառայելէն աւելի մեծ ուրախութիւն չենք կրնար գտնել (Սաղմոս 63։1-5

Վստահ եղիր որ Եհովան կ’ուզէ՛ որ իրեն վերադառնաս։ Պահ մը մտածէ. եղբայրները այս գրքոյկը բծախնդրաբար պատրաստեցին՝ Եհովային շարունակ աղօթելով։ Թերեւս երէց մը կամ հաւատակից մը քեզի այս գրքոյկը տուաւ եւ դուն մղուեցար զայն կարդալու եւ կարդացածիդ համաձայն գործելու։ Այս բոլորը ապացոյց է թէ Եհովան քեզ չէ մոռցած։ Ընդհակառակը, ան քնքշօրէն քեզ ետ իրեն կը քաշէ (Յովհաննէս 6։44

Որքա՜ն կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան բնա՛ւ չի մոռնար իր կորսուած ծառաները։ Տոնա անունով քոյր մը ճիշդ այս է որ զգաց։ Ան կ’ըսէ. «Կամաց–կամաց ճշմարտութենէն հեռացայ. բայց յաճախ կը խոկայի Սաղմոս 139։23, 24–ին վրայ, որ կ’ըսէ. ‘Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ’։ Գիտէի թէ ես աշխարհին չէի պատկաներ,– քանի որ իմ տեղս հոն չէր,– եւ թէ Եհովային կազմակերպութեան մէջ պէտք էր ըլլայի։ Սկսայ անդրադառնալ թէ Եհովան բնաւ զիս չէր ձգած. եւ թէ ե՛ս պէտք էր գտնէի իրեն վերադառնալու ճամբան։ Շատ ուրախ եմ որ այդ քայլը առի»։

«Սկսայ անդրադառնալ թէ Եհովան բնաւ զիս չէր ձգած. եւ թէ ե՛ս պէտք էր գտնէի իրեն վերադառնալու ճամբան»

Եհովային կ’աղօթենք որ դարձեալ «Տէրոջը ուրախութիւնը» զգաս (Նէեմիա 8։10)։ Վստահ եղիր որ իրեն վերադառնալովդ բնա՛ւ պիտի չզղջաս։