Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի հաւատակից,
Ինչպէս գիտես, Աստուածաշունչը մեծաւ մասամբ կը խօսի հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն նման մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Անոնք «մեզի պէս զգացումներ ունեցող» մարդիկ էին (Յակոբոս 5։17, ՆԱ)։ Ոմանք խնդիրներով եւ մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած էին։ Ուրիշներ խորապէս վիրաւորուած էին իրենց ընտանիքի անդամներէն կամ հաւատակիցներէն։ Իսկ շատեր ալ իրենց գործած սխալներուն պատճառաւ խղճի խայթ ունենալով յանցաւոր կը զգային։
Այս պարագաները պատճառ դարձան որ ոմանք Եհովայէն հեռանան։ Բայց արդեօք անոնք զինք լքեցի՞ն։ Ո՛չ։ Շատեր սաղմոսերգուին նման էին, որ աղօթեց. «Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ. փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ» (Սաղմոս 119։176)։ Երբեք այդպէս զգացա՞ծ ես։
Եհովան բնաւ չի մոռնար իր հօտէն հեռացող երկրպագուները։ Ընդհակառակը. ան օգնութեան ձեռք կ’երկարէ անոնց,– յաճախ հաւատակիցներու միջոցաւ։ Օրինակ, խորհրդածէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց իր Յոբ ծառային, որ զանազան դժբախտութիւններու առջեւ գտնուեցաւ։ Յոբ նիւթական վնասներ կրեց, իր սիրելիները մահացան եւ առողջապահական լուրջ խնդիրէ տառապեցաւ։ Ասկէ զատ, Յոբի բարեկամները, որոնք այդ ատեն պէտք էր իրեն աջակցէին, իրենց խօսքերով զինք վիրաւորեցին։ Բայց ան բնաւ Եհովային կռնակ չդարձուց, հակառակ անոր որ ժամանակ մը սխալ մտածելակերպ ունէր (Յոբ 1։22. 2։10)։ Եհովան Յոբին ինչպէ՞ս օգնեց որ իր հաւասարակշռութիւնը վերագտնէ։
Եհովան շատ մը կերպերով Յոբին օգնեց։ Օրինակ, ան գործածեց անոր հաւատակիցը՝ Եղիուսը։ Երբ Յոբ իր մտահոգութիւնները արտայայտեց, Եղիուս նախ մտիկ ըրաւ, ապա խօսեցաւ։ Ան ի՞նչ ըսաւ։ Արդեօք Եղիուս Յոբը քննադատե՞ց կամ զինք մղե՞ց որ իր մտածելակերպը փոխէ, փորձելով անոր մէջ խղճի խայթ կամ ամօթի զգացում յառաջացնել։ Կամ արդեօք ինքզինք Յոբէն գերադաս սեպե՞ց։ Բնա՛ւ երբեք։ Աստուծոյ հոգիէն ներշնչուած՝ Եղիուս ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ Աստուծոյ առջեւ, ե՛ս ալ կաւէն կազմուեցայ»։ Ապա Յոբին վստահեցուց. «Իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ» (Յոբ 33։6, ԱԾ, 7)։ Փոխանակ Յոբին բեռը աւելցնելու, Եղիուս սէրէ մղուած տուաւ խրատ եւ քաջալերութիւն, որոնց Յոբ պէտք ունէր։
Կ’ուզենք գիտնաս որ այս գրքոյկը պատրաստեցինք նո՛յն հոգիով։ Նախ, ուշի–ուշով մտիկ ըրինք ժողովքէն հեռացած անհատներէն ոմանց արտայայտութիւնները եւ հաշուի առինք անոնց պարագաները (Առակաց 18։13)։ Ապա, աղօթքով քննեցինք աստուածաշնչական արձանագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ անցեալին Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց իր ծառաներուն, երբ նման պարագաներ դիմագրաւեցին։ Վերջը, այդ պատմութիւնները եւ արդի փորձառութիւններ քով քովի բերելով՝ այս գրքոյկը պատրաստեցինք։ Ջերմօրէն քեզ կը քաջալերենք որ զայն կարդաս։ Կ’ուզենք վստահ ըլլաս որ մենք քեզ անկեղծօրէն կը սիրենք։
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին