ՄԱՍ ԵՐԿՈՒ
Կեանքի հոգեր. «Ամէն կողմէ ճնշուած»
«25 տարուան ամուսնութենէ ետք, ամուսինս ու ես ամուսնալուծուեցանք, զաւակներս ճշմարտութիւնը ձգեցին եւ ես առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունեցայ։ Ապա ընկճուեցայ։ Զգացի թէ ամբողջ աշխարհը փլած էր եւ ես տակը մնացած էի եւ թէ ա՛լ ի վիճակի չէի պայքարելու։ Դադրեցայ ժողովներու ներկայ գտնուելէ եւ անգործունեայ դարձայ» (Ճուն)։
ԱՄԷՆ մարդ մտահոգութիւններ ունի,– նոյնիսկ Աստուծոյ ժողովուրդը։ Սաղմոսերգուն գրեց, թէ ‘իր ներսիդին շատ հոգեր ունէր’ (Սաղմոս 94։19)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ, թէ վերջին օրերուն «կեանքին հոգեր»ը Եհովային ծառայելը դժուար պիտի դարձնէին (Ղուկաս 21։34, ԱԾ)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Նիւթական, ընտանեկան կամ առողջապահական խնդիրներ ունի՞ս։ Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ ատոնց հետ գլուխ ելլես։
«Սովորականը գերազանցող ուժը»
Մեր անձնական ուժերով չենք կրնար պայքարիլ կեանքի հոգերուն դէմ։ «Ամէն կողմէ ճնշուած ենք» (ՆԱ), գրեց Պօղոս առաքեալ։ «Տագնապած ենք. . . վար ձգուած ենք»։ Բայց ան նաեւ ըսաւ, որ «նեղը ինկած չենք», «յուսահատած չենք» եւ «կորսուած չենք»։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։ «Սովորականը գերազանցող ուժը» (ՆԱ),– ոյժ մը, որ մեր ամենակալ Աստուծմէն՝ Եհովայէն կու գայ (Բ. Կորնթացիս 4։7-9)։
Մտաբերէ, թէ անցեալին Եհովան ինչպէ՛ս «սովորականը գերազանցող ուժը» տուաւ քեզի։ Կը յիշե՞ս, թէ ինչպէ՛ս քաջալերական դասախօսութիւն մը գնահատութիւնդ խորացուց Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն հանդէպ։ Իսկ երբ ուրիշներուն սորվեցուցիր գալիք դրախտին մասին, Եհովայի խոստումներուն հանդէպ հաւատքդ չզօրացա՞ւ։ Ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ մեր հաւատքին մասին մարդոց խօսելով զօրութիւն կը ստանանք՝ որ կեանքի հոգերուն հետ գլուխ ելլենք, ինչպէս նաեւ մտքի խաղաղութիւն կ’ունենանք, որպէսզի կարենանք Եհովային ուրախութեամբ ծառայել։
«Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է»
Կրնայ ըլլալ որ երբեմն զգաս թէ ամէն կողմէ միաժամանակ ճնշումներու կ’ենթարկուիս։ Օրինակ, Եհովան կ’ուզէ որ առաջ խնդրենք Թագաւորութիւնը եւ պահպանենք հոգեւոր գործունէութիւններու սովորամոլութիւն մը (Մատթէոս 6։33. Ղուկաս 13։24)։ Բայց ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ հակառակութիւնը, վատառողջութիւնը կամ ընտանեկան խնդիրները ուժդ սպառեն, կամ եթէ աշխարհիկ գործդ խլէ ժամանակդ եւ կորովդ, որոնք պիտի տրամադրէիր հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Թերեւս ջախջախուած զգաս որ բազմաթիւ պարտականութիւններ եւ խնդիրներ ունիս, բայց՝ քիչ ժամանակ ու կորով։ Կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ հարց տաս. ‘Եհովան ինձմէ շա՞տ բան կ’ակնկալէ’։
Եհովան մեր պարագաները կը հասկնայ։ Ան բնաւ մեր կարողութենէն աւելի չի պահանջեր մեզմէ։ Ան գիտէ թէ ֆիզիքական եւ զգացական ճնշումէ ապաքինիլը ժամանակի կը կարօտի (Սաղմոս 103։13, 14)։
Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս Եղիա մարգարէին հոգ տարաւ։ Եղիան այնքա՛ն յուսահատեցաւ եւ վախով լեցուեցաւ, որ անապատ փախաւ։ Արդեօք Եհովան զինք յանդիմանե՞ց եւ հրամայե՞ց որ իր նշանակումին վերադառնայ։ Ո՛չ։ Եհովան երկու անգամ հրեշտակ մը ղրկեց, որ մեղմօրէն Եղիան արթնցնէ եւ իրեն ուտելիք տայ։ Ասով հանդերձ, 40 օր ետք, Եղիան տակաւին վհատած ու վախով լեցուած էր։ Այս անգամ իրեն օգնելու համար Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Նախ, Եհովան իր զօրութիւնը ցոյց Գ. Թագաւորաց 19։1-19)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Երբ Եղիան շատ մտահոգ էր, Եհովան իրեն հետ համբերութեամբ եւ կարեկցութեամբ վարուեցաւ։ Եհովան չէ փոխուած։ Ան նոյն կերպով մեզի հոգ կը տանի։
տուաւ՝ Եղիան վստահեցնելով որ կրնա՛յ զինք պաշտպանել։ Յետոյ, Եհովան Եղիան մխիթարեց ‘մեղմ ու բարակ ձայնով մը’։ Ի վերջոյ, Եհովան ըսաւ որ հազարաւոր մարդիկ զինք հաւատարմօրէն կը պաշտեն։ Շատ չանցած, Եղիան դարձեալ սկսաւ Եհովային նախանձախնդրաբար ծառայել (Երբ կ’ուզես Եհովան պատուող նպատակակէտեր դնել, իրապաշտ եղիր։ Մի՛ համեմատեր այն ինչ որ այսօր կրնաս ընել անցեալի ըրածներուդ հետ։ Լուսաբանենք. վազորդ մը, որ քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի կը դադրի մարզուելէ, չի կրնար անմիջապէս իր անցեալի սովորամոլութեան վերադառնալ։ Փոխարէն, ան կը սկսի փոքր նպատակակէտեր դնել, որոնց շնորհիւ կը զօրանայ եւ տոկունութիւն ձեռք կը ձգէ։ Քրիստոնեաները վազորդներու նման են։ Անոնք իրենց մտքին մէջ յստակ նպատակակէտ մը ունենալով կը մարզուին (Ա. Կորնթացիս 9։24-27)։ Կրնաս հոգեւոր նպատակակէտ մը դնել, որ քեզի համար այժմ հասանելի կը թուի։ Օրինակ, կրնաս նպատակակէտ դնել ժողովքային հանդիպումի մը ներկայ գտնուելու։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ նպատակակէտիդ հասնելու։ Մինչ հոգեւորապէս կը զօրանաս, պիտի ‘ճաշակես ու տեսնես թէ Տէրը բարի է’ (Սաղմոս 34։8)։ Յիշէ, թէ Եհովային հանդէպ սէրդ ցոյց տալու համար ի՛նչ որ ալ ընես,– նոյնիսկ աննշան բան մը,– ան խորապէս կը գնահատէ (Ղուկաս 21։1-4)։
«Կայծը, որուն կը սպասէի»
Եհովան ինչպէ՞ս Ճունին օգնեց որ իրեն վերադառնայ։ Ճուն կը պատմէ. «Եհովային շարունակ աղօթեցի որ ինծի օգնէ։ Օր մը, հարսս ինծի ըսաւ որ քաղաքիս մէջ համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ։ Որոշեցի համաժողովի օրերէն մէկուն ներկայ գտնուիլ։ Եհովայի ժողովուրդին հետ դարձեալ մէկտեղ ըլլալը ի՜նչ հոյակապ զգացում էր։ Համաժողովը ճիշդ այն կայծն էր, որուն կը սպասէի։ Այսօր ես ուրախութեամբ դարձեալ կը ծառայեմ Եհովային։ Ինծի համար կեանքը ա՛լ աւելի մեծ իմաստ ունի։ Որեւէ ժամանակէ աւելի համոզուած եմ, որ որքա՛ն վտանգաւոր է մեկուսանալը կամ առանձին պայքարիլը։ Երախտապարտ եմ որ տակաւին ժամանակ կար վերադառնալու»։