Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ ՄԷԿ

«Կորսուածը պիտի փնտռեմ»

«Կորսուածը պիտի փնտռեմ»

Ոչխարը մոլորած է։ Մինչ ան կ’արածէր, հօտէն հեռացաւ։ Հիմա մինակ է. անիկա ո՛չ կը տեսնէ հօտը, ոչ ալ հովիւը։ Քիչ ետք կը մթննայ եւ ոչխարը անպաշտպան կը թափառի հովիտին մէջ, ուր գիշատիչ անասուններ կը շրջին։ Յանկարծ, ծանօթ ձայն մը կը լսէ. հովիւին ձայնն է։ Ան ոչխարին մօտ կը վազէ, զայն կը գրկէ, իր հանդերձով կը ծածկէ եւ հօտին կը վերադարձնէ։

ԵՀՈՎԱՆ յաճախ ինքզինք այսպիսի հովիւի մը կը նմանցնէ։ Իր Խօսքին մէջ ան մեզի կը վստահեցնէ. «Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու անոնց հոգ տանիմ» (Եզեկիէլ 34։11, ՆԱ, 12

‘Ոչխարներս որոնց հոգ կը տանիմ’

Որո՞նք են Եհովային ոչխարները։ Անոնք այն անհատներն են, որոնք Եհովան կը սիրեն ու կը պաշտեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք. ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ, վասն զի ան է մեր Աստուածը ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք» (Սաղմոս 95։6, 7)։ Ինչպէս ոչխարները հովիւի մը կը հետեւին, նոյնպէս Եհովան պաշտողները իրենց Հովիւին կը հետեւին։ Բայց արդեօք անոնք մի՞շտ այդպէս վարուած են։ Ո՛չ։ Երբեմն Աստուծոյ ծառաները «ցրուած», «կորսուած» եւ «մոլորեալ» ոչխարներու նման կ’ըլլան (Եզեկիէլ 34։12. Մատթէոս 15։24. Ա. Պետրոս 2։25)։ Ասով հանդերձ, Եհովան զիրենք չի լքեր եւ իր յոյսը իրենցմէ չի կտրեր։

Կը զգա՞ս թէ Եհովան տակաւին քու Հովիւդ է։ Ներկայիս Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ մեր Հովիւն է։ Նկատի առնենք 3 կերպեր.

Մեզ հոգեւորապէս կը կերակրէ։ «Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ», կ’ըսէ Եհովան։ «Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու. . . պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին» (Եզեկիէլ 34։14)։ Եհովան միշտ ատենին մեզ սնուցանած է հոգեւոր կերակուրով, որ թարմացուցիչ եւ բազմատեսակ է։ Կրնա՞ս յիշել յօդուած մը, դասախօսութիւն մը կամ տեսաերիզ մը, որ աղօթքիդ պատասխանը եղած է։ Անիկա քեզ չհամոզե՞ց որ Եհովան քեզ անհատապէս կը հոգայ։

Մեզ կը պաշտպանէ եւ մեզի կ’աջակցի։ Եհովան կը խոստանայ. «Մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ» (Եզեկիէլ 34։16)։ Եհովան տկարները կամ հոգերով ծանրաբեռնուած անհատները կը զօրացնէ։ Իսկ եթէ ոչխարը վիրաւորուած է,– թերեւս հաւատակիցէ մը,– Եհովան անոր վէրքերը կը փաթթէ եւ իրեն կ’օգնէ որ ապաքինի։ Ան նաեւ իրեն կը վերադարձնէ կորսուած եւ ժխտական զգացումներու դէմ պայքարող անհատները։

Մեզի հանդէպ պատասխանատու կը զգայ։ Եհովան կ’ըսէ. «Պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր. . . ցրուեցան» եւ «կորսուածը պիտի փնտռեմ» (Եզեկիէլ 34։12, 16)։ Եհովային համար կորսուած ոչխարը անյոյս պարագայ մը չէ։ Ան կը նկատէ թէ ոչխար մը կորսուած է, կը փնտռէ եւ կ’ուրախանա՛յ երբ զայն գտնէ (Մատթէոս 18։12-14)։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ ան իր ճշմարիտ երկրպագուները կը կոչէ «իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները» (Եզեկիէլ 34։31)։ Եւ դո՛ւն այդ ոչխարներէն մէկն ես։

Եհովային համար կորսուած ոչխարը անյոյս պարագայ մը չէ։ Ան կ’ուրախանայ երբ զայն գտնէ

«Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛»

Եհովան ինչո՞ւ քեզ կը փնտռէ եւ կոչ կ’ընէ որ իրեն վերադառնաս։ Քանի որ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Եհովան կը խոստանայ թէ «օրհնութեան անձրեւներ» պիտի թափէ իր ոչխարներուն վրայ (Եզեկիէլ 34։26)։ Ասիկա օդին մէջ ըսուած խօսք մը չէ։ Դուն արդէն անոր ճշմարիտ ըլլալը ճաշակած ես։

Մտաբերէ այն ապրումները որ ունեցար, երբ Եհովան ճանչցար։ Օրինակ, երբ իր անուան մասին իմացար եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը գիտցար։ Կը յիշե՞ս թէ համաժողովներու ընթացքին հաւատակիցներուդ հետ մէկտեղ հաւաքուելով որքա՜ն թարմացար։ Իսկ երբ բարի լուրը քարոզեցիր անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատի մը, որքա՜ն ուրախ եւ խոր գոհունակութեամբ տուն վերադարձար։

Դուն կրնաս այդ ապրումները դարձեալ ունենալ։ Անցեալին, Աստուծոյ ծառաները աղօթեցին. «Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր ու դառնանք. մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛» (Ողբք 5։21)։ Եհովան այդ աղօթքին պատասխանեց եւ իր ժողովուրդը սկսաւ դարձեալ իրեն ուրախութեամբ ծառայել (Նէեմիա 8։17)։ Եհովան քեզի՛ ալ իրեն պիտի վերադարձնէ։

Ասով հանդերձ, Եհովային վերադառնալը դիւրին չէ։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչ դժուարութիւններ կան եւ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք յաղթահարել։