Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ ԵՐԵՔ

Վիրաւորուած զգացումներ. Երբ «տրտունջ» ունենանք

Վիրաւորուած զգացումներ. Երբ «տրտունջ» ունենանք

«Ժողովքիս մէջ քոյր մը զիս ամբաստանեց որ իր դրամը գողցած եմ։ Երբ ժողովքին մէջ ոմանք իմացան, սկսան կողմ բռնել։ Ժամանակ մը ետք, քոյրը ինծի ըսաւ որ ձեռք ձգած է նոր տուեալներ, որոնք անպարտ ըլլալս կը փաստեն։ Թէեւ ան ինձմէ ներողութիւն խնդրեց, բայց զգացի թէ ա՛յնքան վիրաւորուած էի, որ անկարելի էր որ օր մը օրանց իրեն ներէի» (Լինտա)։

ԿՐՆԱ՞Ս հասկնալ Լինտայի զգացումները, որ խորապէս վիրաւորուած էր հաւատակիցի մը արարքներէն։ Ցաւօք սրտի, ուրիշներու վարքը ոմանց ա՛յնքան վիրաւորած է, որ անոնց հոգեւորութիւնը վնասուած է։ Քեզի հետ ալ այսպիսի բան պատահա՞ծ է։

Կրնա՞յ մէկը «մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն»

Թերեւս շատ դժուար ըլլայ ներել հաւատակիցի մը, որ մեզ վիրաւորած է։ Վերջ ի վերջոյ մենք գիտենք որ քրիստոնեաները պէտք է զիրար սիրեն (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Երբ հաւատակից մը մեզի հանդէպ սխալի, յուսախաբութիւնն ու ցաւը որ կը զգանք, կրնան մեզ քանդել (Սաղմոս 55։12, 13

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբեմն քրիստոնեաները իրարու դէմ «տրտունջ» կ’ունենան (Կողոսացիս 3։13)։ Ասով հանդերձ, եթէ այսպիսի բան մը մեզի հետ պատահի, թերեւս այդ մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլելը շատ դժուար գտնենք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Նկատի առնենք երեք աստուածաշնչական սկզբունքներ.

Մեր երկնաւոր Հայրը ամէն բանէ տեղեակ է։ Եհովան ամէն բան կը տեսնէ, ներառեալ՝ որեւէ անարդարութիւն որ կը դիմագրաւենք եւ անոր պատճառած տառապանքը (Եբրայեցիս 4։13)։ Առաւել, Եհովան մեզի հետ կը զգայ երբ տառապինք (Եսայի 63։9)։ Ան բնաւ թոյլ չի տար որ ‘տառապանքը կամ նեղութիւնը’ կամ ուրիշ որեւէ բան,– նոյնիսկ իր մէկ այլ ծառան,– ‘մեզ զատէ Աստուծոյ սէրէն’ (Հռովմայեցիս 8։35, 38, 39)։ Իսկ մենք թոյլ կու տա՞նք որեւէ բանի կամ ոեւէ անձի որ մեզ Եհովայէն հեռացնէ։

Ներել չի նշանակեր հանդուրժել։ Երբ մեզի հանդէպ սխալողներուն ներենք, ըսել չէ որ անոնց գործած արարքները կը մեղմացնենք, կ’արդարացնենք կամ կը հանդուրժենք։ Յիշէ թէ Եհովան բնաւ մեղքին չի հաճիր, բայց եթէ մեղանչողը անկեղծօրէն զղջայ՝ անոր կը ներէ (Սաղմոս 103։12, 13. Ամբակում 1։13)։ Երբ Եհովան մեզ կը քաջալերէ որ ուրիշներուն ներենք, իրականութեան մէջ ան մեզմէ կը խնդրէ որ զինք ընդօրինակենք։ Ան «յաւիտեանս ոխ չի պահեր» (Սաղմոս 103։9. Մատթէոս 6։14

Երբ ոխ չպահենք, մենք կ’օգտուինք։ Ինչպէ՞ս։ Երեւակայէ որ թեւդ երկարած՝ քանի մը քիլոկրամ կշռող քար մը կը բռնես։ Թերեւս կարճ ժամանակուան համար այս բանը ընելը քեզի դիւրին թուի։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ այդ քարը աւելի երկար ժամանակ բռնած մնաս։ Որքա՞ն պիտի կարենաս դիմանալ։ Քանի մը վայրկեա՞ն, մէ՞կ ժամ կամ աւելի՞։ Անկասկած թեւդ շատ պիտի յոգնի։ Անշուշտ, քարին կշիռքը պիտի չփոխուի. բայց որքա՛ն աւելի զայն այդպէս բռնած մնաս, այնքա՛ն աւելի ծանր պիտի թուի քեզի։ Նոյնն է պարագան բարկութեան։ Որքա՛ն աւելի մեր մէջ ոխ պահենք, այնքա՛ն աւելի կրնանք մենք մեզի վնասել։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ Եհովան մեզ կը քաջալերէ որ ոխ չպահենք. անիկա մեր օգտին համար է (Առակաց 11։17

Երբ բարկացած չմնանք, մենք կ’օգտուինք

«Զգացի որ կարծես Եհովան ինծի հետ կը խօսի»

Ի՞նչը օգնեց Լինտային, որ իր վիրաւորուած զգացումներուն հետ գլուխ ելլէ։ Այլ բաներու կողքին, ան խոկաց աստուածաշնչական սկզբունքներու վրայ, որոնք ներելու կարեւորութիւնը կ’ընդգծեն (Սաղմոս 130։3, 4)։ Մասնաւորաբար իրեն ազդեց այն իրողութիւնը, թէ երբ մենք ուրիշներուն ներենք, Եհովան իր կարգին մեզի պիտի ներէ (Եփեսացիս 4։32–5։2)։ Իր զգացումներուն մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Զգացի որ կարծես Եհովան ինծի հետ կը խօսի»։

Ժամանակի ընթացքին Լինտան այդ զգացումները յաղթահարեց։ Ան քրոջը ներեց, եւ հիմա այդ քոյրը իր մտերիմ բարեկամուհին է։ Լինտան կը շարունակէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։ Վստահ եղիր որ Եհովան կ’ուզէ քեզի օգնել որ նոյնը ընես։