Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 3

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերագտնուեցաւ

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերագտնուեցաւ

Աստուածաշունչի Աշակերտներ, 1870–ական թուականներուն

Դիտարան–ի առաջին թիւը, 1879

Դիտարան–ը ներկայիս

Աստուածաշունչը մարգարէացաւ թէ Քրիստոսի մահէն ետք, սուտ վարդապետներ նախկին քրիստոնեաներուն մէջ պիտի ելլէին եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը աղաւաղէին (Գործք 20։​29, 30)։ Ժամանակի ընթացքին, ճիշդ ասիկա է որ պատահեցաւ։ Անոնք Յիսուսի ուսուցումները հեթանոսական կրօնական գաղափարներու հետ խառնեցին, եւ կեղծ քրիստոնէութիւն մը զարգացաւ (Բ. Տիմոթէոս 4։​3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայիս ճիշդ կերպով կը հասկնանք, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։

Ժամանակը եկաւ որ Եհովան ճշմարտութիւնը յայտնէ։ Ան կանխագուշակեց, թէ «վերջին ժամանակը. . . [«ճշմարիտ», ՆԱ] գիտութիւնը պիտի շատնայ» (Դանիէլ 12։4)։ 1870–⁠ին, ճշմարտութիւնը փնտռող պզտիկ խումբ մը գիտակցեցաւ, թէ բազմաթիւ եկեղեցական վարդապետութիւններ աստուածաշնչական չէին։ Հետեւաբար, անոնք սկսան ջանալ Աստուածաշունչի բուն ուսուցումները հասկնալ, եւ Եհովան զիրենք օրհնեց՝ հոգեւոր հասկացողութիւն տալով։

Անկեղծ տղամարդիկ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ուսումնասիրեցին։ Այդ լուրջ Աստուածաշունչի Աշակերտները, մեր նախորդները, դիմեցին ուսումնասիրութեան մեթոտի մը, որ մինչեւ օրս կը գործածենք։ Անոնք Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ քննարկեցին։ Երբ դժուարահասկնալի հատուածի մը կը հանդիպէին, զայն բացատրող այլ համարներ կը փնտռէին։ Երբ կը հասնէին եզրակացութեան մը, որ Սուրբ Գրութիւններուն մնացեալ մասերուն հետ ներդաշնակ էր, զայն գրի կ’առնէին։ Այսպէս թոյլ տալով որ Աստուածաշունչը ինքզինք մեկնաբանէ, անոնք վերագտան ճշմարտութիւնը Աստուծոյ անուան եւ Թագաւորութեան մասին, մարդկութեան եւ երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին, մեռելներու վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին։ Անոնց որոնումը զիրենք բազմաթիւ սուտ հաւատալիքներէ եւ սովորութիւններէ ազատեց (Յովհաննէս 8։​31, 32

1879–⁠ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները արդէն գիտակցած էին, որ ժամանակը եկած էր ճշմարտութիւնը ընդարձակօրէն յայտարարելու։ Այդ տարին, անոնք սկսան արտադրել այն պարբերաթերթը, որ մինչեւ օրս կը հրատարակենք՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Այժմ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը բաժնենք մարդոց հետ 240 երկիրներու մէջ եւ շուրջ 750 լեզուներով։ Արդարեւ, ճշմարիտ գիտելիքները աննախընթաց կերպով առա՛տ են։

  • Քրիստոսի մահէն ետք, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

  • Ի՞նչ բան մեզ կարող դարձուցած է որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը վերագտնենք։