Դաս 8
Մեր ժողովներուն համար ինչո՞ւ վայելչազգեստ կ’ըլլանք
Այս գրքոյկին նկարներուն մէջ նշմարեցի՞ր թէ ինչպէ՛ս Եհովայի վկաները իրենց ժողովքային հանդիպումներուն համար պատշաճօրէն հագուած են։ Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպին եւ յարդարանքին այսպիսի ուշադրութիւն կ’ընծայենք։
Որպէսզի մեր Աստուծոյն հանդէպ յարգանք ցուցաբերենք։ Ճիշդ է որ Աստուած մեր արտաքին երեւոյթէն անդին կը նայի (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Բայց երբ կը հաւաքուինք զինք պաշտելու համար, մեր սրտագին փափաքն է՝ թէ՛ իրեն եւ թէ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։ Եթէ դատարանի մէջ դատախազի մը առջեւ պիտի կայնէինք, հաւանաբար պիտի ուզէինք մեր երեւոյթին ուշադրութիւն ընծայել՝ առ ի յարգանք անոր դիրքին։ Նմանապէս, ժողովներուն մէջ մեր դրսերեւոյթը ցոյց կու տայ մեր յարգանքը «բոլոր երկրի Դատաւոր»ին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ եւ այն վայրին, որուն մէջ զինք կը պաշտենք (Ծննդոց 18։25)։
Որպէսզի արտացոլենք այն արժանիքները՝ որոնց համաձայն կ’ապրինք։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ քրիստոնեաները, որ «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագուին (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ «Ամօթխածութեամբ» հագուիլ կը նշանակէ խուսափիլ այն հագուստներէն, որոնք ցուցամոլական, գրգռիչ կամ մարմինը ցուցադրող ըլլալով՝ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն մեր վրայ։ Նաեւ, «պարկեշտութիւն»ը մեզի կ’օգնէ ընտրելու գրաւիչ հագուստներ, որոնք ո՛չ թափթփած են, ոչ ալ ծայրայեղ են։ Այս սկզբունքները տակաւին տեղ կը ձգեն անհատական բազմաթիւ ընտրութիւններու։ Առանց բառ մը արտասանելու, մեր գրաւիչ եւ ճաշակաւոր դրսերեւոյթը կրնայ ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը զարդարել’ ե՛ւ ‘Աստուած փառաւորել’ (Տիտոս 2։10. Ա. Պետրոս 2։12)։ Այսպէս ժողովներուն մէջ վայելչազգեստ ըլլալով՝ կ’ազդենք մարդոց տեսակէտին, թէ ինչպէ՛ս կը նկատեն Եհովայի պաշտամունքը։
Նոյնիսկ եթէ պաշտօնական հագուստ չունիս, կրնա՛ս Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Կրնանք պատշաճ, մաքուր ու ներկայանալի հագուստներ հագուիլ, առանց սուղ կամ նորաձեւ հագուստներ ունենալու։
-
Որքա՞ն կարեւոր է մեր հագուելակերպը, երբ Աստուած կը պաշտենք։
-
Ո՞ր սկզբունքներուն համաձայն կ’ընտրենք մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը։