Դաս 16
Օգնական ծառաներուն դերը ի՞նչ է
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ քրիստոնեայ տղամարդոց երկու խումբեր, որոնք ժողովքային պատասխանատուութիւններուն հոգ կը տանին,– «վերակացուներ եւ օգնական ծառաներ» (Փիլիպպեցիս 1։1, ՆԱ)։ Ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ քանի մը երէցներ եւ օգնական ծառաներ կան։ Օգնական ծառաները մեր օգտին համար ի՞նչ աշխատանք կը կատարեն։
Երէցներու մարմինին կ’աջակցին։ Օգնական ծառաները հոգեւոր մտայնութիւն ունին, վստահելի եւ խղճամիտ տղամարդիկ են. ոմանք՝ երիտասարդ, ուրիշներ՝ տարեց։ Անոնք հոգ կը տանին կարեւոր, բայց յաճախ կազմակերպչական ու ֆիզիքական աշխատանքներու, որոնք ժողովքէն ներս պէտք է ձեռք առնուին։ Ասիկա թոյլ կու տայ երէցներուն, որ ուսուցանելու եւ հովուելու պատասխանատուութիւններուն վրայ կեդրոնանան։
Գործնական ծառայութիւններ կը մատուցանեն։ Օգնական ծառաներէն ոմանք կը նշանակուին որպէս հիւրընկալներ, որպէսզի բարի գալուստ մաղթեն բոլոր անոնց՝ որոնք ժողովի կու գան։ Ուրիշներուն պատասխանատուութիւնն է՝ ձայնային սարքերու հոգ տանիլ, հրատարակութիւններ բաշխել, ժողովքին հաշիւները ընել եւ ժողովքի անդամներուն նշանակել քարոզելու թաղամասեր։ Անոնք նաեւ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու։ Երէցները կրնան անոնցմէ խնդրել, որ տարեցներուն օգնութիւն մատակարարեն։ Օգնական ծառաները յօժարութեամբ կը կատարեն որեւէ պատասխանատուութիւն որ իրենց կը տրուի, եւ ժողովքը իրենց ժրաջանութիւնը կը գնահատէ (Ա. Տիմոթէոս 3։13)։
Որպէս քրիստոնեայ տղամարդիկ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Օգնական ծառաները իրենց ընտիր հոգեւոր յատկութիւններուն համար կ’ընտրուին։ Երբ ժողովներուն մէջ նիւթեր կը ներկայացնեն, անոնք մեր հաւատքը կ’ամրացնեն։ Քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով, մեզի կ’օգնեն աւելի՛ նախանձախնդիր ըլլալու։ Իրենց համագործակցական հոգիին շնորհիւ, ուրախութիւն եւ միութիւն յառաջ կը մղեն (Եփեսացիս 4։16)։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք կրնան որակեալ ըլլալ որպէս երէցներ ծառայելու։
-
Օգնական ծառաները ինչպիսի՞ տղամարդիկ են։
-
Այս ծառաները ինչպէ՞ս կ’օգնեն ժողովքին որ ատակօրէն գործէ։