Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 10

Ձայներանգ ունենալ

Ձայներանգ ունենալ

Գործք 16։28

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Գաղափարները յստակ կերպով փոխանցել եւ քեզի մտիկ ընողին զգացումները շարժել՝ ձայնդ բարձրացնելով կամ ցածցնելով, եւ ձայնիդ թոնն ու խօսելու արագութիւնդ փոխելով։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Ձայնդ նիւթին յարմարցուր։ Ձայնդ բարձրացուր, երբ գլխաւոր կէտեր պիտի շեշտես, քեզի մտիկ ընողներուն պիտի օգնես որ գործի անցնին կամ ալ երբ Սուրբ Գիրքէն դատաստանական պատգամ փոխանցող համարներ պիտի կարդաս։ Իսկ ձայնդ ցածցուր, երբ հետաքրքրութիւն կ’ուզես արթնցնել կամ ալ երբ վախի կամ մտահոգութեան զգացումներ կ’արտայայտես։

  • Ձայնիդ թոնը փոխէ։ Ձայնիդ թոնը բարձրացուր՝ խանդավառութիւն արտայայտելու կամ չափ ու հեռաւորութիւն նշելու համար։ Իսկ ձայնիդ թոնը ցածցուր՝ վիշտ կամ մտահոգութիւն արտայայտելու համար։

  • Խօսելու արագութիւնդ փոխէ։ Արագ խօսէ՝ խանդավառութիւն արտայայտելու համար, իսկ դանդաղ խօսէ՝ երբ կարեւոր կէտեր կը նշես։