Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 14

Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Եբրայեցիս 8։1

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ քեզի հետեւի, մինչ նիւթդ կը ներկայացնես։ Եւ յստակ դարձնել, որ ինչպէս ամէն մէկ գլխաւոր կէտ կապուած է նիւթիդ եւ անոր նպատակին հետ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նպատակակէտ դիր։ Մտածէ թէ նիւթիդ նպատակակէտը ի՛նչ է. տեղեկութի՞ւն տալ, համոզե՞լ, քեզի մտիկ ընողները գործի՞ մղել։ Յետոյ ատոր հիման վրայ նիւթդ զարգացուր։ Վստահ եղիր, որ բոլոր գլխաւոր կէտերը կ’օգնեն որ այդ նպատակակէտին հասնիս։

  • Նիւթիդ բնաբանը շեշտէ։ Նիւթդ ներկայացուցած ատեն բնաբանին գլխաւոր բառերը կրկնէ կամ անոնց հոմանիշները գործածէ։

  • Գլխաւոր կէտերդ յստակ եւ պարզ դարձուր։ Ընտրէ միայն գլխաւոր կէտեր, որոնք բնաբանին հետ կապ ունին եւ որոնք կրնաս լաւ կերպով սորվեցնել՝ որքան որ բաժինիդ ժամանակը կը ներէ։ Միայն քանի մը գլխաւոր կէտեր նշէ, անոնց միջեւ կարճ դադար առ եւ մէկէն միւսին անցիր սահուն կերպով։