Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 16

Շինիչ եւ դրական ըլլալ

Շինիչ եւ դրական ըլլալ

Յոբ 16։5

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Կեդրոնանալ լուծումներու վրայ եւ ոչ թէ՝ խնդիրներու, նաեւ այնպիսի բաներու վրայ, որոնք քեզի մտիկ ընողին կ’օգնեն որ գործի անցնի։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունեցիր։ Հաշուէ որ անոնք կ’ուզե՛ն Եհովան հաճեցնել։ Նոյնիսկ երբ խրատ պէտք է տաս, նախ անկեղծօրէն գովէ, երբոր յարմար ըլլայ։

  • Ժխտական նիւթերու մասին քիչ խօսէ։ Նիւթին ժխտական մասերը նշէ միայն՝ կարեւոր նպատակի մը հասնելու համար։ Ներկայացումդ պէտք է որ ընդհանուր առմամբ դրական ըլլայ։

  • Աստուծոյ Խօսքը լաւ գործածէ։ Ցոյց տուր որ Եհովան մարդկութեան համար ի՛նչ ըրած է, ի՛նչ կ’ընէ եւ ի՛նչ պիտի ընէ։ Քեզի մտիկ ընողները քաջալերէ եւ անոնց յոյս տուր։